
Ութսուն տարիներն ու երիտասարդութիւնը տարբեր բեւեռներ են: Բառախաղութեան ծուղակին մէջ չիյնանք եւ չփորձենք ալեհեր կացութեան մէջ ներկայացնել երիտասարդութիւնը…այդ թրծուած երիտասարդութիւնը, որուն փոխանցուած եւ ինքն իր կարգին, վառ մնացած ջահը պիտի փոխանցուի իրենց յաջորդներուն:
Սփիւռքէն եւ յատկապէս melting pot-ի` հալոցի երկրէն ներս, յաւելեալ տիտանական աշխատանք կայ կատարելիք, մանաւանդ որ նոյնինքն ամերիկացի հեղինակ Հենրի Միլըր, օրին, անդրադառնալով իր բնակած երկրի ապագային` երիտասարդութեան մասին, սուր հեգնանքով կը յայտնէ թէ.- “Ամերիկեան տեսլականը երիտասարդութիւնն է. գեղեցիկ, դատարկ երիտասարդութիւնը“:
Անկիւնադարձային ութսունամեակ մըն է որ կը տօնէ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, որ երբեք պիտի չբաւարարուի ընկերական հաւաքներով, մարզական միջոցառումներով, կեր ու խումով:
ԳՈՐԾ ունի կատարելիք 80-ամեայ այս շարունակ երիտասարդ կազմակերպութիւնը: ԳՈՐԾԸ սուրբ է եւ լուրջ: Ժամանակաշրջանն ալ կարճ է, երբ նկատի ունենանք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին մնացած են հազիւ քսան ամիսներ եւ ԳՈՐԾ կայ կատարելիք:
Հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հարցի հարիւրամեակի սեմին, ամբողջ հայութեան հիմնահարցն է որ բեմահարթակին վրայ պիտի քննուի: Աւելին, Հայոց ապառնիին` երիտասարդութեան գոյութեան հարցն է որ առաջնահերթ ենթահող մըն է:
Երիտասարդութիւնն է որ պիտի կատարէ այդ ԳՈՐԾԸ…Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման աշխատանքները, որոնք յատկապէս կ՛ընդգրկեն երեք տարբեր տարածքներ` պատմական, քաղաքական եւ իրաւական: Այո՛ իրաւական բնագաւառէն ներս, որ նոյնքան կարեւոր է քան բազմիցս հետապնդուած առաջին երկուքը:
Թիրախը ամբողջական պահանջատիրութիւնն է‘ Ցեղասպանութեան ճանաչումով ու ներողութեան հայցումով եւ հողային ու նիւթական հատուցումով: Բնականաբար, հոս է որ երիտասարդին միտքն ու գրիչը կը նկատուին առաջնահերթ: Արդարեւ երիտասարդ ուսանողները, մասնագիտացած իրենց իրաւաբանական եւ միջազգային յարաբերական ճիւղերէն ներս, հետեւողական աշխատանք պիտի տանին այդ պահանջատիրութեան լայնածաւալ թղթածրարը ներկայացնելու պատկան ատեաններուն եւ մարմիններուն:
Այս բոլորը պիտի կատարուի “Յիշել, յիշեցնել, պահանջել“ կարգախօսով…
Եւ երիտասարդութիւնը կառչած իր սկզբունքներուն, պիտի չտարուի սոսկ “ներողութեան“ հայցումէն: Փոխարէն, հարցը ամենայն հետեւողականութեամբ, պիտի հետապնդուի իր ամբողջական պարունակով` բարոյական, հողային ու նիւթական հատուցման ամբողջական պահանջատիրութեամբ:
Մինչ այդ շնորհաւոր 80-ամեակ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Պոսթըն