Հ․Օ․Մ․-Ի ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ Մ․Ա․Կ․-Ի ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Հայ Օգնութեան Միութիւնը այս տարի եւս Մ․Ա․Կ․-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ նախաձեռնութիւններու՝ կազմակերպութեամբ Մ․Ա․Կ․-ի Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովին 70-րդ նստաշրջանին։
Առաջին հերթին, Հ․Օ․Մ․-ի պատուիրակութեան մասնակցութեամբ, Երկուշաբթի, 9 Մարտին Մ․Ա․Կ․-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ կայացաւ Կանանց Իրավիճակի Յանձնաժողովի 70-րդ խորհրդաժողովին բացման պաշտօնական նիստը՝ հետեւեալ թեմայով. «Կիներու եւ աղջիկներու արդարադատութեան հասանելիութեան ապահովում եւ ամրապնդում, յատկապէս՝ ներառական եւ իրաւական արդար համակարգերու խթանման, խտրական օրէնքներու, քաղաքականութեան եւ գործելակերպի վերացման, ինչպէս նաեւ՝ կառուցային խոչընդոտներու յաղթահարման միջոցով»:
Տեղին է նշել, որ Հ․Օ․Մ․-ի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ Թաունհոլին մէջ կայացած ընդհանուր հանդիպման մը՝ Մ․Ա․Կ․-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշի հետ։ Հ․Օ․Մ․-ի պատուիրակութիւնը նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Եւրոպական Միութեան հետ ստեղծուած՝ «Կիներու եւ Աղջիկներու դէմ Վայրագութեան Կանխարգիլման Գործընկերներու Խումբ»-ին նախարարական մակարդակի հանդիպման։
Իսկ Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայկական Իրաւական Կեդրոնին եւ Հայկական Իրաւաբանական Միութեան հետ գործակցաբար՝ Հ․Օ․Մ․-ի Մ․Ա․Կ․-ի Յանձնախումբի կազմակերպած նիստը կայացաւ Երեքշաբթի Մարտ 17, 2026-ին Երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Մ․Ա․Կ․-ի Եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս՝ «Տեղահանումէն դէպի Արդարութիւն: Պաշտպանութեան Ամրացում, Իրաւունքներ եւ Ապաքինում՝ Տագնապի Գօտիներու մէջ Ապրող Կանանց» խորագրով: Նիստին ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան զեկուցաբերներ՝ Գէորգ Յակոբճեան, Գեւ Էսքիճեան եւ Արենի Համբարեան։ Նիստը վարեց Դալար Ապտալեան։
Մ․Ա․Կ․-ի աշխատանքներու երկու Շաբթուան ընթացքին, Հ․Օ․Մ․-ի պատուիրակութեան միացան Կեդրոնական վարչութեան անդամ 5 ընկերուհիներ, Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայէն եւ Հարաւային Ամերիկայէն Հ․Օ․Մ․-ուհիներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին զանազան հանդիպումներու, որոնցմէ կ՛արժէ յիշել «Բարգաւաճ, Առողջ եւ Արժանապատիւ. Քաղաքականութեան Ուղիներ՝ Զարգացող Երկիրներու մէջ Տարեց Կիներու Համար» թեմայով նիստը:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը 1976-էն ի վեր իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ՝ իբրեւ Ոչ- կառավարական կազմակերպութիւն, Մ․Ա․Կ․-ի համապատասխան կառոյցին աշխատանքներուն։ Հ․Օ․Մ․-ը 1988-էն ի վեր խորհրդատու անդամի կարգավիճակ ունի Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդին ցանկին մէջ։
Միւս կողմէ, Հ․Օ․Մ․-ի պատուիրակութիւն մը Մարտ 16, 17 եւ 18-ին Ժընեւի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Մ․Ա․Կ․-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդին 61-րդ նստաշրջանին։
Հ․Օ․Մ․-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

