
Հ.Օ.Մ.-ի «Մայր» մասնաճիւղը, ամէն տարի կը տօնակատարէ Մայրերու Օրը արտայայտելու մեր սէրն ու գորովը եւ մեր յարգանքը մայրերու աննկարագրելի նուիրումին, անսպառ զոհողութեան եւ յոգնիլ չգիտցող եռանդին:Եւ ինչքան նման են այս յատկութիւնները իւրաքանչիւր Հ.Օ.Մ.ուհիի խառնուածքին:
Մասնաճիւղիս ատենապետուհին, ընկհ. Սօնիա Պզտիկեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց՝ »Այս յատուկ օրուան առթիւ, ամէն տարի կը մեծարենք մեր համայնքէն տիպար Հ.Օ.Մ.ուհի մը:Իսկ այս տարի, Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի նախաշէմին, տօնակատարութիւններու առաջինը տեղի ունեցաւ Մարտ 28, 2009ին Նիւ Եորքի Եէյլ Ակումբին մէջ:Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան շրջանի՝ յիսունէ աւելի տարիներ Հ.Օ.Մին անդամակցած 106 ՀՕՄուհիներէն, 12 հոգի ներկայ էին ձեռնարկին եւ ստացան յատուկ գնահատագրեր Արեւելեան Շրջանային Վարչութենէն:Այս ցանկէն 6 ընկերուհիներ Մայր մասնաճիւղի անդամուհիներ են:Վարչութիւնս գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր Մայրերու Օրուայ առթիւ, մեր վեց ընկերուհիները պատուել՝ Մասնաճիւղի°ս կողմէ«:

Ապա ցուցադրուեցաւ Արեւելեան Շրջանային Վարչութեան պատրաստած տեսաներիզը մեր շրջանի գործունէութեան մասին որը խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ:Ցուցադրուեցաւ նաեւ Մարտ 28ի Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի տօնակատարութեան տեսաներիզը, յատկապէս գոհացնելով ձեռնարկէն ակամայ բացակայող ընկերուհիները:

Դժբախտաբար յառաջացած տարիքի եւ հիւանդութեան պատճառով, մեր յիսունէ աւելի տարիներ Հ.Օ.Մ.ի անդամակցած ընկերուհիներէն միայն հետեւեալ երեքը ներկայ էին:Մարի Գարակիւլլէեան, Անայիս Չոլաքեան եւ Պերճուհի Եսայեան, որոնք հրաւիրուեցան բեմ եւ ընկհ. Գոհարիկ Դաւիթեան, Շրջանային Վարչութեան կողմէ իւրաքանչիւրին յանձնեց Հ.Օ.Մ.ի խորհրդանշանով կրծքասեղներ:Կը բացակայէին ընկերուհիներ՝ Երեցկին Ազնիւ Կիրակոսեան, Ռեբեկայ Մարտինեան եւ Աղաւնի Պալեան:Ընկհ. Վալանթին Պէրպէրեան ստացաւ վերջինիս գնահատագիրն ու կրծքասեղը իր մօր համար:Ապա մեր յարգելի ընկերուհիները Մայրերու օրուայ կարկանդակը միասնաբար կտրեցին եւ անկէ ետք հայկական պարերն ու խանդավառութիւնը շարունակուեցաւ:

Առատ եւ համեղ ճաշերը պատրաստուած էին Հ.Օ.Մ.ուհիներու կողմէ:Յատուկ շնորհակալութիւններ Հիւրասիրութեան Յանձնախումբի ընկերուհիներուն՝ Արաքսի Անտոնեանի, Շողիկ Բարսեղեանի, Մարի Յարութիւնեանի, Անի Փիրանեանի եւ պատասխանատու՝ ընկհ. Արմէնուհի Պարտիզպանեանի, մատուցող ընկերուհիներուն՝ Անահիտ Գրիգորեանին, Սօսի Էսաճանեանին եւ բոլոր այն ընկերուհիներուն որոնք սիրայօժար կերպով ճաշեր պատրաստած կամ նուիրատուութիւն կատարած էին:Իրապէս Հ.Օ.Մ.ուհիի անհատնում նուիրումին կատարեալ պատկեր:
Ապրիք շա°տ սիրելի ընկերուհիներ:Վարձքերնիդ կատար:
Հ.Օ.Մ.ուհի