
ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 1-ին, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց բողոքի երթ մը, դէպի Պռօշեան գիւղը: Երթը սկսաւ Հ.Յ.Դ. “Արամ Մանուկեան“ երիտասարդական կեդրոնէն:
Սպանութենէն տարի մը ետք տակաւին կը շարունակուին քննութիւնները, եւ տակաւին չեն պատժուած մեղաւորները: Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը` սպաննուած ազատամարտիկ հերոսի գաղափարին եւ գործին իբրեւ ժառանգորդ, մտահոգութիւն յայտնած է, նշելով թէ Հայաստանի մէջ տիրող անարդարութիւնը, անապահովութիւնն ու անպատժելիութիւնը կը շարունակուի:
Ըստ Երիտասարդական միութեան հրպարակած հաղորդագրութեան, ազատ եւ անկախ Հայաստանի մէջ չեն կրնար տեղի ունենալ սպանութիւններ, չեն կրնար դաւադիր կրակոցով սպաննուիլ հերոսներ եւ ազատամարտիկներ:
Միութեան երիտասարդները յանձնառու են շարունակելու Հրաչ Մուրատեանի գործը եւ յիշեցնելու, որ դաւադիր կրակոցով խեղդուած ձայնը եւ ընդհատուած կեանքը հետեւորդներ եւ շարունակողներ ունի: Անոնք կը պահանջեն իրաւասու մարմիններէն շուտափոյթ կերպով գտնել բոլոր մեղաւորները եւ արդար դատավարութեան միջոցով համապատասխան գնահատականներ տալ:
Ապրիլ 2, 2013-ին, նոյնինքն Կոտայք մարզի Պռօշեան գիւղին մէջ, տեղի ունեցած էր Հայաստանի քաղաքացի, ազատամարտիկ, հաւատաւոր Դաշնակցական, համայնքի ղեկավար Հրաչ Մուրատեանի դաւադիր սպանութիւնը: