
Կիրակի, Դեկտեմբեր 4, 2011-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն, կազմակերպած էր յատուկ ձեռնարկ մը, ի պատիւ Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդներուն: Արդարեւ, երկու ամիս առաջ, Նիւ Եորքի մէջ, կատարուած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի նոր Առաջնորդի պաշտօնի ստանձնման արարողութիւնը:
Նախապէս, պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացուէր թէ Արհիապատիւ Առաջնորդ Տ. Մանուէլ Պաթաքեան, յառաջացած տարիքի բերումով, որոշած էր հանգստեան կոչուիլ, եւ իր պաշտօնը ստանձնած էր Արհիապատիւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան:
Ձեռնարկը կատարուեցաւ Նիւ Եորքաբնակ Վըրճինիա Տէյվիսի բնակավայրին մէջ, ներկայութեամբ. շուրջ 75 հրաւիրեալներու:
Ներկայ էին վերոյիշեալ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդներուն կողքին, Նիւ Եորքի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ հովիւ Հայր Անտոն Նորատունկեան, Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութեան նախագահ Լեւոն Ֆիլեան, եւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Առաջնորդական Փոխանորդ Անուշաւան Դանիէլեան, շրջանի Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ, Տէր Հայր Մեսրոպ Լագիսեան, Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Հայր Յովնան Պոզոյեան:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն կը ներկայացնէր Հրայր Պարոնեան: Ներկայ էր նաեւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ Հրաչ Մեսրոպեան եւ “Համազգային“ի նախկին Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Հրանդ Մարգարեան:
Բացման խօսքը կատարեց Անի Չաղլասեան, որ բացատրեց օրուայ հաւաքին նպատակը, մանրամասնելով թէ հայ բոլոր յարանուանութիւնները միասնաբար աշխատելով ու գործակցելով է որ, կրնան հասնիլ յաջողութիւններու: Ապա ան հրաւիրեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող Հրայր Պարոնեանը, որպէսզի փոխանցէ օրուան պատգամը: Պարոնեան, արագ ետդարձ մը կատարելով, անդրադարձաւ հայ կաթողիկէ համայնքին կատարած հետեւողական աշխատանքներուն մասին, ի նպաստ հայապահպանման, հայեցի դաստիարակութեան եւ կրթութեան: Ան յայտնեց թէ Վենետիկի (Իտալիա), Վիեննայի (Աւստրիա) թէ Զմմառի (Լիբանան) վանքերէն ներս, Աբբահայր Մխիթարեանի սկսած աշխատանքը կը շարունակուի, հակառակ բազմիցս ստեղծուած դժուարութիւններուն:
“Արհիապատիւ Առաջնորդ Տ. Մանուէլ Պաթաքեանի հետ, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանս մօտէն գործակցեցաւ: Կարելի չէ բացատրել թէ որքան հեզասահ էր մեր գործակցութիւնը: Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ յոյսով եմ որ յարատեւ աշխատանքով, ձեռք-ձեռքի գործակցելով պիտի շարունակենք մեր յարաբերութիւնը…“, ըսաւ Պարոնեան, որ իր խօսքի աւարտին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի յուշանուէրները յանձնեց Առաջնորդներ` Տ. Մանուէլ Պաթաքեանի եւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի:
Առաջնորդ Տ. Մանուէլ Պաթաքեան, իր կարգին խօսք առնելով, ըսաւ թէ իրեն համար պատիւ է գործակցիլ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հետ, կարեւորելով միակամ եւ հաւաքական աշխատանքը: “Ճակատագիրը այնպէս մը բերաւ թէ հակառակ առողջապահական դժուարութիւններուս, կրցայ պայքարիլ: Հաւանաբար, այդ պատճառով ալ ձայնս դժուար թէ լսէք, բայց գիտեմ որ դեռ աշխատանք ունիմ կատարելիք եւ այնքան ատեն որ ուժեղ եւ կարողութիւն ունիմ, պիտի շարունակեմ: Անմոռանալի յիշատակներով պիտի վերադառնամ Զմմառ: Անգամ մը եւս Շնորհակալութիւն“, ըսաւ Արհիապատիւ Առաջնորդը:
Ապա, խօսք առաւ, Արհիապատիւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, որ առաջին հերթին տեղեկացուց թէ ճակատագիրը այնպէս մը բերած է որ, ան միշտ ալ հանդիպած եւ գործակցած է Առաջնորդ Տ. Մանուէլ Պաթաքեանի հետ: “Լիբանան, Ֆրանսա, Հայաստան եւ ահաւասիկ Միացեալ Նահանգներ: Առաջին հերթին ուսուցիչ, ապա պաշտօնակից: Կարելի չէ բացատրել թէ որքան հաճելի է գործել այս աշխատասէր ու ժիր կղերականին հետ: Շատ բան սորված եմ իրմէ եւ դեռ ալ պիտի սորվիմ: Իսկ շրջանէն ներս, վստահ եղէ՛ք, նոյն ձեւով պիտի շարունակուի գործակցութիւնը…“ եզրակացուց Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, որ իր կարգին յարանուանութեան կողմէ գրիչ մը նուիրեց Առաջնորդ Պաթաքեանին, որուն վերջերս ստանձնած պարտականութիւններէն մէկն է վերատեսութեան ենթարկել եւ սրբագրել հին եւ նոր կտակարանները:
Օրուան վերջին խօսք առնողն էր Առաջնորդական Փոխանորդ Անուշաւան Դանիէլեան, որ իր կարգին յայտնեց թէ, շարունակ կապի մէջ մտած է Առաջնորդ Տ. Մանուէլ Պաթաքեանի հետ, սկսելով իր երիտասարդ տարիքէն, երբ Պուրճ Համուտի իր բնակարանէն Հայ Կաթողիկէ “Մեսրոպեան“ վարժարանի մօտակայքը կ՛ուղղուէր: “Ապա Եւրոպայի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ շարունակուեցան մեր հանդիպումները եւ ինչու չէ, ապագային երբ Լիբանան այցելեմ, այս անգամ Զմառի մէջ տեսնուինք: Շատ երկար կարելի է անդրադառնալ Առաջնորդ Տ. Մանուէլ Պաթաքեանի կատարած աշխատանքին մասին: Պիտի բաւարարուիմ այսքանով եւ Բարեջան Առաջնորդ Օշական Չօլոյեանի անունով, ամգամ մը եւս շնորհակալութիւն եւ բարի երթ պիտի մաղթեմ…“ եզրակացուց ան, որ իր խօսքին մէջ, անգամ մը եւս, շնորհակալութիւն յայտնեց Վըրճինիա Տէյվիսի, որ ամէնայն սիրայօժարութեամբ տրամադրած էր Մանհաթընի իր շքեղ բնակարանը:
Տէյվիս իր կարգին, մեծ գոհունակութեամբ յայտնեց թէ ինք երախտապարտ ու հպարտ է, որ իր երդիքէն ներս կը կատարուի այս ձեռնարկը:
Նշենք թէ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպս. Մուրատեան ծնած է Պէյրութ` Յուլիս 5, 1961ին: Ան զաւակն է Սարգիս եւ Թերէզ Մուրատեանի: Նախնական ուսումը ստացած է Զահլէի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու դպրոցը: 1973ին աշակերտած է Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան կղերանոցին, հոն ստանալով միջնակարգ ու երկրորդական կրթութիւնը: 1981-1986 տարիներուն ուղղարկուած է Հռոմ` Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարան, եւ ստացած է փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան վկայականները` յաճախելով Տոմինիկեան Հայրերու “Angelicum“ Քահանայապետական համալսարանը: 1986-1987ին, Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի կաթողիկէ հիմնարկին մէջ հետեւած է երիտասարդներու հովուականի մասնագիտական դասընթացքներուն:
Ան քահանայական ձեռնադրութիւնը ստացած է Փարիզի մէջ, Հոկտեմբեր 24, 1987ին, ձեռամբ Արհ. Գրիգոր Եպս. Ղապրոյեանի, որպէս անդամ Զմմառեան Կաթողիկոսական Միաբանութեան:
Հայր Միքայէլ Մուրատեան ստանձնած է զանազան պաշտօններ, որոնց կարգին` 1987-1988 Փոխ տեսուչ Զմմառու ընծայարանին, 1988-1989` Փոխ տեսուչ Հալէպի Դպրեվանքին, 1989-1990 ժողովրդապետ Դամասկոսի Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ, 1991ին Փոխ ժողովրդապետ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ, Զալքա, Լիբանան, 1992-2001 եղած է ժողովրդապետ Հայաստանի Շիրակ եւ Լոռի մարզերու զանազան գիւղերուն մէջ: 1995-2001 թուականներուն, ան ընդհանուր քարտուղարի եւ գործադիր տնօրէնի պաշտօն ստանձնած է Հայաստանի Քարիթաս Բարեսիրական Կազմակերպութեան: Հոկտեմբեր 2000-ին, ան ստացած է պատուակալ փրոֆեսորի կոչումը Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան Մ. Նալպանտեան անուան պետական մանկավարժական համալսարանէն:
Լիբանան վերադարձին, 2001-2004, ան հոգեւոր Հայրն էր Զմմառու ընծայարանին եւ հոգեւոր վարիչ պատրիարքական թեմի երիտասարդաց յանձնախումբին: Նոյն տարիներուն եղած է նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարաքարանի “Աւետիք“ պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ: 2005-2007 Գերյ. Միքայէլ Ծ. Վ. Մուրատեան եղած է Մեծաւոր Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական վարժարանին, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան գործակալ` Սուրբ Աթոռին մօտ, Վատիկան:
2007ի Սեպտեմբերին Գերյ. Միքայէլ Մուրատեան ընտրուած էր Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառեան, Կաթողիկոսական Միաբանութեան եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքին, մինչեւ իր ընտրութիւնը իբր Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց, Մայիս 20, 2011-ին:
Թղթակից