Լրահոս

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԵՐԵՔ ԹԵՄԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Clergy of the North American Prelacies in Encino

 

Նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Գեղամ Ս․ Արքեպիսկոպոս Խաչերեանի, Տէր Անուշաւան Ս․ Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի եւ Բաբգէն Ս․ Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Թարգմանչաց տօնի առթիւ հոգեւորականաց միջ-թեմական երկօրեայ համագումար մը տեղի ունեցաւ 6-8 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։

Clergy conference of the North American Prelacies, Encino, October 2026Clergy conference of the North American Prelacies, Encino, October 2026Ժողովին գլխաւոր թեման էր «Հոգեւոր վերանորոգում՝ ծառայութեան նոր շունչ», ի հետեւումն Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ․ Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի «2026 – Հոգեւոր Վերանորոգման Տարի» հռչակագրին։

Ժողովականները իրենց աշխատանքներուն լոյսին տակ անդրադարձան «Տեսիլքէն դէպի առաքելութիւն» եւ «Եկեղեցին այսօրուան մարտահրաւէրներուն դիմաց» առանցքային զոյգ թեմաներուն, յատկապէս քննարկելով, թէ եկեղեցին ինչպիսի տեսլական եւ ռազմավարութիւն պէտք է որդեգրէ վերածաղկեցնելու համար հոգեւոր կեանքը, նաեւ նոր սերունդի կեանքին մէջ արուեստական իմացականութեան ունեցած ազդեցութեան դիմաց ինչպիսի գործնական քայլեր պէտք է առնէ։ Միաժամանակ անոնք զբաղեցան Թեմերէն ներս հովուական, ծիսական եւ կարգապահական հարցերով։

Clergy conference of the North American Prelacies, Encino, October 2026Clergy conference of the North American Prelacies, Encino, October 2026Հոգեւոր հայրերը երախտագիտութեան խոր գիտակցութեամբ իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեցին Արամ Ա Կաթողիկոսին, նաեւ իրենց ամբողջական գործակցութիւնը ցուցաբերեցին ի խնդիր Սուրբ Աթոռի առաքելութեան յաջողութեան եւ յառաջդիմութեան։

Clergy conference of the North American Prelacies, Encino, October 2026Clergy conference of the North American Prelacies, Encino, October 2026Ժողովականները նիստերու կողքին ունեցան աղօթական ու խորհրդածութեան պահեր։ Համաձայն աւանդութեան, յատուկ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ երեք Թեմերուն մէջ ծառայած ու վախճանած հոգեւորականներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Հաւաքի կողքին, ներկաները նաեւ հաճոյքով վայելեցին Ֆերահեան վարժարանի աշակերտութեան հրամցուցած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, ինչպէս նաեւ այցելեցին Հոլիվուտի «Կրիֆիթ» աստղադիտարանը։

Advertisement Donate Today

Համագումարը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով, Հայրապետական մաղթերգով ու «Կիլիկիա» երգով։

Clergy conference of the North American Prelacies, Encino, October 2026

Clergy conference of the North American Prelacies, Encino, October 2026

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button