
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երկօրեայ (Յուլիս 3-4) այցելութեամբ ժամանեց Երեւան: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Քլինթընը դիմաւորեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան: Դիմաւորողներուն շարքին էին նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մարի Եովանովիչ եւ Ուաշինկթընի մօտ, Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան:
Օդակայանէն Քլինթըն ուղղուեցաւ դէպի նախագահական նստավայր, ուր հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Այս վերջինը, ընդունելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը, յայտնեց թէ շահագրգռուած է Միացեալ Նահանգներու հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու:
«Ես վստահ եմ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի երկար սպասուած այցելութիւնը Հայաստան մեծ նպաստ պիտի բերէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ, նաեւ պիտի նպաստէ մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդման:…Միացեալ Նահանգները երկար տարիներու ընթացքին իրենց ներդրումը ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ: Այսօր հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած ամէնէն կարեւոր խնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համապատասխան լուծումն է: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իրաւունք ունի իր պատմական տարածքին մէջ ազատ տնօրինելու իր ճակատագիրը եւ զարգանալու: Այս իրաւունքը անքակտելի է, եւ այս իրաւունքին գործադրութեան շնորհիւ է, որ այսօր աշխարհի մէջ բազմաթիւ ժողովուրդներ իրենք զիրենք երջանիկ կը զգան: Շնորհակալ եմ այդ հարցին մէջ ձեր օժանդակութեան եւ ջանքերուն համար», ըսաւ նախագահ Սարգսեան՝ աւելցնելով. «Շնորհակալ եմ նաեւ նախագահ Օպամայի եւ ձեր ջանքերուն համար՝ Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութեանց կարգաւորման գործին մէջ: Հակառակ անոր որ թուրքերը պատրաստ չէին եւ այսօր ալ պատրաստ չեն առանց նախապայմաններու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու, մեզի համար չափազանց կարեւոր է զգալ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի վերաբերումը այս խնդիրին վերաբերեալ», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Հիլըրի Քլինթըն ըսաւ, թէ իրեն համար մեծ պատիւ եւ հաճոյք է գտնուիլ Հայաստանի մէջ, եւ յատկապէս հաճելի է այսօր այստեղ գտնուիլ, երբ Միացեալ Նահանգներ կը նշեն իրենց անկախութեան տօնը: «Վաղը նաեւ ձեր Սահմանադրութեան օրն է. եւս մէկ կապ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ: Շնորհակալութիւն Ձեր բարի խօսքերուն համար՝ Հելսինքիի սկզբունքներուն հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի եւ նախագահ Օպամայի կողմէ գործադրուած ջանքերուն համար: Ես անձամբ իմ անունովս կը ցանկամ ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել Թուրքիոյ հետ ձեր երկրին յարաբերութիւնները բարելաւելու գործին մէջ ձեր անձնական ներդրումին համար: Ինչպէս մեր նախկին հանդիպումներուն ընթացքին քննարկած ենք, Միացեալ Նահանգներ, անշուշտ, շահագրգռուած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հարցին մէջ: Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ այդ հարցերուն լուծումը, ընդհանրապէս նաեւ շրջանի զարգացման ու նոր կարելիութեանց ստեղծման տեսանկիւնէն, կը բխին Հայաստանի ժողովուրդի շահերէն», ընդգծեց Քլինթըն:
Քլինթըն Ծիծեռնակաբերդ այցելելով, խուսափեցաւ որեւէ արտայայտութիւն կատարելէ: Իրեն ընկերացան Հայաստանի մօտ Ա.Մ.Ն.-ի դեսպան Մարի Եովանովիչ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Տեմոյեանը: