
«Զրոյց – Մրոյց»-ը Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շաբաթական դրութեամբ կատարուող յայտագիրն է, որուն նպատակն է, պարզ եւ յստակ՝ անդամներուն ընծայել առիթն ու միջավայրը, ուր կրնան իրենց տարեկիցներուն հետ հայերէն լեզուով խօսիլ, մտածել եւ անշուշտ ապրիլ։ Յաջորդող սիւնակը յայտագրին մասնակիցներէն մէկուն՝ Արեգ Գրիգորեանի վերլուծումն է այս ամսուայ հանդիպումներուն մասին։
Կը յիշեմ առաջին օրը, որ Աւստրալիաէն մասնակցեցայ «Զրոյց – Մրոյց»-ին։ Հիմա, մօտաւորապէս հինգ ամիս անցած է եւ կը շարունակեմ մասնակցութիւն բերել։ Կրնամ ըսել, որ այս պատճառով հայերէնս աւելի զօրացած է: Նաեւ, առիթը ունեցայ առցանց ծանօթանալ եւ զրուցել տարբեր զանազան շրջաններու մէջ ապրող ընկերներու եւ ընկերուհիներու հետ: Ամէն Ուրբաթ (մեր ժամով) անհամբեր կը սպասեմ, որ մասնակցիմ «Զրոյց – Մրոյց»-ին:
Միշտ ալ յատուկ խօսակցութեան նիւթ մը կ՛ունենանք: Այս նիւթերը երբեմն լուրջ կ՚ըլլան եւ երբեմն ալ թեթեւ: Սեպտեմբեր ամսուան վերջին շաբաթը, Արցախեան երկրորդ պատերազմի տարելիցը նշելով, խօսեցանք նիւթին հետ առնչուող զանազան հարցերու մասին, որոնց կարգին, ներկայ ղեկավարութեան դիրքորոշումն ու Ռուսիոյ կեցուածքը։
Այս ծանր նիւթը վերլուծելու համար, առաջին անգամ ըլլալով մեր հետ ունէինք հիւր մը՝ արեւելեան Ա․ Մ․ Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Անի Չաղլասեանը, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցեց եւ զեկուցեց պատերազմի հետեւանքներուն մասին։
Ես շատ հետաքրքրուած եմ քաղաքական նիւթերով մանաւանդ, որ կ՚աշխատիմ Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակին համար։ Այդ երկու պատճառներով, շատ աւելի տպաւորուեցայ այդ օրուան նիւթով։ Տարբեր տէսակէտներ փոխանցուեցան։ Շատ բաներ սորվեցայ։