
Յ. Պալեան
Իրաւագէտ չըլլալով, կ’ուզէի գիտնալ, որ ջարդ եւ ցեղասպանութիւն իրագործողները, այդ ոճիրները գործադրելու կոչ ընողները կարելի՞ է միջազգային դատարանի մը առջեւ ամբաստանել եւ պատիժ պահանջել:
Գերմանիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը: Դէպի արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն քայլ մը, սպասելով, որ նման քայլեր կ’առաջնորդեն հայոց իրաւունքներուն վերականգնումին: Այդ մասին խօսողներ կան եւ պիտի ըլլան: Հայ թէ օտար, հազուագիւտ, բայց կան:
Այս պահուն հարցումիս դրդապատճառը ոչ ցեղասպանութեան ճանաչումն է, ոչ ալ հայոց իրաւունքներու վերականգնումը: Մարդկային իրաւունքի եւ միջազգային բարոյականութեան կը վերաբերի հարցումս:
Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք երկու խիստ կարեւոր յայտարարութիւններ եղած են: Թուրքիոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Աթէշեան սրբազան ցաւալի գտած է Գերմանիոյ խորհրդարանին ճանաչման որոշումը: Անոր այս յայտարարութիւնը մտածելու պէտք է մղէ հայերը եւ միջազգային հաստատութիւնները, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն մինչեւ ժողովրդավար բոլոր պետութիւնները, բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան մարդկային իրաւանց եւ օրէնքի գերակայութեան:
Աթէշեան սրբազանի յայտարարութիւնը, եթէ պահանջուած կամ թելադրուած է թրքական իշխանութիւներուն կողմէ, յաւելեալ փաստ է, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը դատարկ կճեպ է: Այդ պարագային Եւրոմիութիւնը իր մէջ կրնա՞յ ընդունիլ նման ղեկավարութեամբ երկիր: Այս խնդիր է Եւրոմիութեան եւ զայն բաղկացնող երկիրներուն համար, որոնք կ’առաջնորդուին որոշ արժէքներով:
Աթէշեան սրբազանի յայտարարութիւնը եթէ համոզում է, կը գտնուինք Հայաստանեայց եկեղեցիի ներքին միութեան հարցի մը առջեւ: Հայաստանեայց եկեղեցին, 2015-ին, ցեղասպանութեան զոհերուն համար սրբացման որոշում կայացուց: Եթէ իր յայտարարութեամբ Աթէշեան սրբազան քայլ կը պահէ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան հետ, այն որ ցեղասպանութիւն չկայ, սրբադասումը կը ժխտէ, ինքզինք դուրս կը դասէ Հայաստանեայց եկեղեցիէն, ժխտելով անոր ժողովներուն որոշումը: Այս պարագային եկեղեցական նուիրապետական իշխանութենէն եւ ժողովներէն պէտք է ակնկալել համապատասխան դիրքորոշում:
Աւելի պարզ. Հոգեւոր պետերը կրնա՞ն ընդունիլ, որ նման եկեղեցական շարունակէ քահանայագործել: Հոգեւոր պետերը եւ Հայաստանեայց եկեղեցիի օրինական ժողովները պարտաւոր են լուսաբանել ազգը եւ մանաաւանդ առանց ճապկումներու որոշում կայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման թրքական վերաբերումին ձայնակցելող եկեղեցականին նկատմամբ:
Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշման մասին արտայայտուեցան միջազգային շրջանակները: Արձագանգեցին թուրք ղեկավարներ եւ մամուլը: Ցարդ թրքական թեզը «վիճելի» կը համարէր հայկական ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին: Թուրք ղեկավարներ «վիճելի»էն անդին կ’անցնին եւ կ’ընդունին, որ ոճիրը գործուած է եւ կոչ կ’ընեն այդ ոճիրը կրկնելու:
Թուրք Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան պետը, Տեւլեթ Պահչելի առանց նրբութիւններու հակազդած է, ջարդարարի աւանդական սպառնալիքը ընելով: Ան ըսած է, որ Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան «թուրը սուր է», աւելցնելով «սուր թուր» ունեցած ըլլալու եւ ունենալու բնական եզրակացութիւնը. ««1915-ին տրուած որոշումը ճիշդ էր, պէտք Է զայն դարձեալ գործադրել»: Ինչ որ իրենց առանձնութեան մէջ կը մտածեն թուրք պետութիւնը եւ ծայրայեղական մոլեռանդները, Տեւլէթ Պահչելի ըսած է առանց դիւանագիտական բարբառի դիմելու, առանց վախնալու իր բարեկամներէն եւ միջազգային հանրային կարծիքէն:
Ուրեմն հայոց նկատմամբ գործադրուած ոճիրը ճիշդ էր: Ուրեմն հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնըպատմական արկած մը չէր, ՈՐՈՇՈՒՄ էր:
Իսկ երբ որձեւէգ յայտարարութիւններ կը լսուին միջազգային շրաջանակներու մէջ, որ ներկայի թուրքերը պատասխանատու չեն անցեալի դէպքերուն, ի՞նչ պիտի ըսեն իմանալով, որ հայութիւնը բնաջնջելու եւ հայրենահան ընելու «որոշումը Ճիշդ էր, պէտք է զայն դարձեալ գործադրել»:
Քայլ մըն ալ առաջ կ’երթայ, ըսելով, որ «որոշումը Ճիշդ Էր, պէտք Է զայն դարձեալ գործադրել»:
Հայ իրաւագէտները, նաեւ մարդկային իրաւանց պաշտպանները, իրաւունք եւ միջոցներ ունի՞ն Տեւլեթ Պահչելիին համար պահանջելու Մարդկութեան դէմ ոճիրներու ատեանին միջամտութիւնը: Այս անգամ հարցը հարիւրամեայ հնութիւն չունի: Եթէ սերպ կամ ափրիկեցի ղեկավար կարելի է դատել, ինչո՞ւ անկարելի պիտի ըլլայ ժողովուրդի մը դէմ ոճիր գործելու մերօրեայ կոչի հեղինակը:
Աւելին. նախագահ Րէճիբ Էրտողան նացիներու ուղիղ գիծին վրայ կը գտնուի, Գերմանիոյ Խորհրդարանին մէջ ցեղասպանութեան ի նպաստ քուէարկած Գերմանիոյ քաղաքացի թուրք երեսփոխաններուն ծագումը ճշդելու համար անոնց «արիւնը կ’ուզէ քննել»:
Հարցում միջազգային հանրութեան եւ միջազգային արդարատական կառոյցներուն. ինչպէ՞ս կ’ըլլայ ցեղասպանութիւնը: Եթէ այս խօսքերը վերագրուէին Հիթլերի, Ռոզէնպերկի, Հիմլէրի, միջազգային աղմուկ կը բարձրանար: Ինչո՞ւ ֆրանսացին, անգլիացին, զուիցերիացին, ամերիկացին պիտի չբարձրացնեն աղմուկը:
Այս յայտարարութիւնները բաւարար չե՞ն միջազգային արդարատութեան կողմէ դատուելու համար:
Բոլոր անոնք որոնք Թուրքիան կ’ուզեն Եւրոմիութեան անդամ դարձնել, մեղսակից պիտի ըլլան թրքական անզսպելի ցեղապաշտութեան:
Իսկ մենք պիտի յաջողի՞նք միջազգային եւ ոչ թէ միայն ներազգային բողոքի ալիք բարձրացնել Թուրքիոյ ցեղասպանութիւն կրկնելու ցեղապաշտական անթաքոյց վարքագիծի դէմ:
Դեռ պիտի շարունակուի՞ դատարկ այն որձեւէգ խօսքը, որ մերօրեայ Թուրքիան կարելի չէ մեղադրել դար մը առաջ կատարուած ցեղասպանութեան համար:
Եւ Թուրքիան կը սպառնայ յիշեցնելով, որ Գերմանիոյ մէջ կան երեքուկէս միլիոն թուրքեր:
Ի՞նչ կը թելադրէ այդ յայտարարութիւնը: Գերմանիա՞ն պիտի ապա-կայունացնեն:
Այս սպառնալիքները կրնան խօսքի սահմաններէն դուրս գալ: Մտահան պէտք չէ ընել, վերջին տարիներու ապակայունացումներու եւ ահաբեկչութիւններու պարագային Թուրքիոյ երկդիմի քաղաքականութիւնը:
Այսօր՝ Գերմանիան է թիրախը:
Քաղաքական նոյն շրջանակին մէջ գործելու համար նոյն արժէքներուն պէտք է հաւատալ:
Երբեմն ալ բանալ պատմութեան էջերը՝ ներկան հասկնալու համար: