ԱմերիկահայԼրահոս

ՀԱՐՎԸՐՏԻ ՄԷՋ` ԵՐՈՒԱՆԴ ՃԱՆԻԿԵԱՆԻ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

yervant-giannikian-w-angel-a-ricci

 Ապրիլ 17էն 19, Հարվըրտ (Մասաչուսէց) համալսարանի շաժապատկերի հիմնարկէն ներս, աւելի ծանօթ §Harvard Film Archive¦ անունով, պիտի ցուցադրուին իտալահայ բեմադրիչ Երուանդ Ճանիկեանի գործերը:  Այս առթիւ, ան իր կողակից Անճելա Ռիչի Լուքիի հետ հրաւիրուած է տեղւոյն համալսարան եօթներորդ արուեստի բաժանմունքին կողմէ եւ պիտի ներկայացնէ իր քանի մը վաւերագրական գործերը:
Միլանօ քաղաքի բնակիչ Ճանիկեանի գործերը ունին քաղաքական բնոյթ եւ կը նկարագրեն 19101920ականներու պատերազմ, գաղթ, ջարդ, գաղութատիրութիւն, եւայլն: Ճանիկեան ծնած է Վենետիկ եւ ապա հաստատուած Միլանօ: Ան այս տարի հրաւիրուած է Երեւան, յառաջիկայ Յուլիսին, իր մասնակցութիւնը բերելու շարժապատկերի եՈսկէ Ծիրան«ի փառատօնին: 1990ին պատրաստուած People, Years, Life (Uomini, anni, vita«, §Ժողովուրդ, Տարիներ, Կեանք¦)  ժապաւէնը կը ներկայացնէ Հայերու ջարդն ու գաղթը: Ներշնչուած իր հօր յուշերէն, ան օգտագործած է խորհրդային վաւերագրական արխիւներ եւ յատուկ գունաւորումներ տալով, պատրաստած է եօթանասուն վայրկեան տեւողութիւն ունեցող գործ մը:
Oh! Man (Oh! Uomo«, §Օհ…Մարդ¦)  գործին անունը ներշնչուած է իտալացի հանճար Լէօնարտօ Տա Վինչիի մէկ հաստատումէն թէ պատերազմը կը մղէ մարդ արարածը, որպէսզի ինքզինք վերագտնէ եւ վերատեսութեան ենթարկէ իր կատարածները: 2004ին պատրաստուած այս ժապաւէնը, գրեթէ եօթանասուն վայրկեան տեւողութիւն ունի եւ կը ներկայացնէ պատերազմին կատարած քանդումները՝ հոգեկան թէ նիւթական: Անճանաչելի դիակներ, անմեղ որբեր, սրտաճմլիկ տեսարաններ որոնք անգամ մը եւս պատրաստուած են նոյնինքնքն Ճանիկեանի եւ իր կողակիցին կողմէ:
1991ին պատրաստուած  The Flower of the Race ( Il fiore della razza, §Ցեղին ծաղիկը¦) գործին կիզակէտը՝ Իտալիոյ  ծայրայեղ աջակողմեան ֆաշական շարժումն է: Քսան վայրկեաններ բաւական են, որ ակնդիրը գամուած մնայ աթոռին եւ հետեւի այս գործին:
From the Pole to the Equator (Dal polo all’equatore, §Բեւեռէն՝ Հասարակածային Գօտի¦)  գործն ալ գաղութատիրական օրերու Իտալիոյ մասին է, որ պատրաստուած է 1986ին եւ ունի 101 վայրկեան տեւողութիւն: Միեւնոյն անունը կրող վաւերագրական մը, նախապէս պատրաստուած է քսանականներուն, ֆաշական գաղափարներու տէր բեմադրիչ Լուքա Քոմերիոյի կողմէ: Ճանիկեան այս անգամ քմծիծաղով մը կը ներկայացնէ փառաւոր կերպով ներկայացուած այդ ազգային ապրումներու մոլուցքով լեցուած ծայրայեղ գաղափարները:
Կը սպասուի որ այս երրօրեայ կարճ եՃանիկեան« փառատօնը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծէ:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button