Լրահոս

“ՀԱՐՍՆԱՔԱՐ“Ի ՀԱՐՑՈՎ.- Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԻՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄՕՏ Հ.Հ. ԴԵՍՊԱՆ ԹԱԹՈՒԼ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ

 ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ուրբաթ, Յուլիս 6-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն, պաշտօնապէս կապ հաստատեց Հ.Հ. դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի հետ եւ “Հարսնաքար“ ճաշարանային համալիրին մէջ տեղի ունեցած ոճիրին գծով, փոխանցեց խոր ընդվզումն ու մտահոգութիւնը:

Արդարեւ, Կ.Կ.-ի անդամ Հրայր Պարոնեան հեռաձայնային կապ մը հաստատելով դեսպանատան հետ, յայտնեց շրջանի մտահոգութիւնները, այս հարցին առնչութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ Պարոնեան յայտնեց թէ կը գնահատուի կալանաւորուած յանցագործները ամբողջութեամբ հետապնդելու եւ ըստ այնմ պատժական միջոցներ առնելու գործընթացը եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ընտանիքը յոյսով է որ նմանօրինակ դէպքեր երբեք պիտի չկրկնուին:

Դեսպան Մարգարեան իր կարգին փոխանցեց իր ցասումը եւ նշեց թէ պատկան մարմինները ամէն գնով աշխատանք կը տանին որ նմանօրինակ միջադէպեր երբեք չկրկնուին:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button