ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, «ՍՓԻՒՌՔ»-ՆԵՐ, ԱԶԳ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԵՒ ԱՐՑԱԽ ԿՈՐՍՏԱԿԱՆ ԱՆԴՈՀԱՆՔԻ ԴԻՄԱՑ

0 0
Read Time:7 Minute, 40 Second

Յ. Պալեան

                        Թող ներուի, հակառակ ընդհանրացած կրճատ քաղաքական եւ հայրենասիրական ըմբռնումներու, «Հայաստան»-ը չշփոթել «Հանրապետութեան» հետ, ինչպէս  «հայ ազգ»-ը՝ Հանրապետութեան  բնակչութեան հետ:

            Պէտք է խորհիլ հայկական  հայրենահանուած-սփիւռքացած ժողովուրդի եւ անոր հայրենիքին մասին՝ նաե՛ւ, զայն չհամարել համայնք կամ համայնքներու անդիմագիծ գումար, մի՛շտ  ունենալով ընդհանրականի եւ ամբողջի ըմբռնում, որ ազգի գոյացման եւ լինելիութեան առաջադրանք է, տարբեր՝ գաղթականութենէ, գաղութէ, համայնքէ: Իսկ Արցա՞խը… անոր իւրաքանչիւր թիզ հողը հայու հայրենիք է, ինքնութիւն, նախահայրերու կտակ, նշխար, Իսկ անոր ժողովուրդը պիտի ըլլա՞յ «նոր սփիւռք», կամ գումարուի նախկինին վրայ:

            Մտային մարզանք է ըսել, որ «Սփիւռքը ազգ» է եւ անոր ապրած տարածքները՝ հայու «հայրենիք» են, որ զուգահեռն է աժան ամբոխավարական գաղթականի եսեր հովահարող «համաշխարհային ազգ»-ին: Ամբոխայնացած քաղաքական համարուած վերաբերումներու մէջ, հայը եւ հայկական հաւաքականութիւնները չեն  անդրադառնար, որ կը տատանին անելանելի շփոթներու մէջ, յառաջացնելով «խառնարան կարծիքներ»ու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը յաւակնի ըլլալ առաջնորդող միտք, որ չէ:

            Սփիւռքը գաղթականութիւն է, որ այս կամ այն ձեւով կը համարկուի անհատներու կայք հաստատած երկիրներուն: Այս անգիտանալ ապազգայնացման-ապաքաղաքաղականացման ընթացք է:

            Տեւաբար տարտղնուող եւ բազմպատակուող «հայրենահանուածները, իրենք զիրենք սահմանելով ՍՓԻՒՌՔ, հետզհետէ դադրած են, կը դադրին բռնագրաւուած նախահայրերու հող-հայրենիքին տէր ըլլալու եւ այդ տիրութիւնը վերանուաճուելու ընթացքին հետեւելէ: Նոր «ազգային քաղաքականութիւն» է մոլորակի այս կամ վայրերուն մէջ նոր համայնքներու ստեղծումը, որոնց նպատակը ո՛չ ազգապահպանման ո՛չ ալ հայրենապահպանման կ’առնչուի, այլ՝ սոսկ արտադրող-սպառող ժամանակակից «ծագումով հայեր»ուն:

            «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ»ը պատմաքաղաքական խառնակութիւններու արդիւնքով ստեղծուած է հայ ժողովուրդի ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՀԱՅՐԵՆԻՔի մէկ բեկորին վրայ՝ ՆՈՒԱԶՈՒՐԴՈՎ, որ կը շարունակուի: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը ունի իր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱՄԲՈՂՋԱՑՄԱՆ եւ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ  խնդիր, որպէսզի տարտղնուած ԱԶԳը միանալու համար պատուանդան ունենայ, որպէսզի ԱԶԳէն անջատուած խմբաւորումներ չլուծուին այլ ամբողջներու մէջ՝ ինչ որ մեր առօրեական ներկան է: Հայ քաղաքական միտքը, ինչ ալ ըլլան միջազգային ընդունուած քաղաքական ճնշումները, առանց անհեթեթին տուրք տալու, իր օրակարգէն չի կրնար հանել, պէտք չէ հանէ ՀԱՅԱՍՏԱՆը, որ տարբեր հասկացութիւն է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ, ան հայուն գիտակցութեան առանցքին պէտք է մնայ, մաս կազմէ ազգային դաստիարակութեան եւ քաղաքական պայքարին: Հայ ժողովուրդի «Սփիւռք»-ը, իր ծննդոցէն յառաջացող ազգային հեռանկարէն կը հեռանայ, չի մշակեր յատուկ քաղաքական ապագայատես  իմացում եւ գործունէութիւն, ինչպէս կ’ըսուի՝ praxis: Ան գերաճած եւ գերաճող գաղթականութիւն է, կ’ըսենք՝ համայնք, մասնակիով գոհացած-գոհացող «հայրենակցական միութիւն»ներու ընդլայնուած պատկեր, ինքզինք կոչելով կայք հաստատած երկրի հայութիւն, ֆրանսահայութիւն, գանատահայութիւն, չեխահայութիւն, ամերիկահայութիւն…: Իսկ «Հանրապետութիւն»ը, հայրենահանուած ժողովուրդի պատմութեան, իրաւունքի եւ լինելութեան տեսանկիւնէ մասնակի կացութիւն է: Ըսինք «Հայաստանի Հանրապետութիւն», հոն կանգ առինք: Խօսքի շռայլութեան մէջ նախահայրերու հայրենիք Հայաստանը յաճախ դադրեցաւ օրակարգ ըլլալէ դարձաւ գրականութիւն եւ երգ:

            Հայրենահանուածները իրենց բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան ԿԱՄՔը արտայայտող քաղաքական կառոյց չունին, կան կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ, ինքնաշնորհուած իրաւունքով խօսող անհատներ: Կայ ի հարկէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն կառավարութիւնը ո՛չ հայրենահանուածներու կողմէ լիազօրուած է, ոչ ալ նման լիազօրութեամբ գործելու կամք եւ յաւակնութիւն ցուցաբերած է, բացի կարճատեւ առաջին Հանրապետութենէն: Խորհրդային իշխանութեան օրերուն, բացորոշ կերպով ըսուած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան  Կառավարութիւնը ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԷ, այսօր ալ տիրող քաղաքական միտքը նոյնն է, եւ ճիշդ պէտք է հասկնալ այդ միտքէն բխող Հանրապետութեան իշխանութիւններու գործելաձեւը, praxisը: Հայրենահանուած զանգուածները օրինական եւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւունքնով եւ պարտաւորութիւններով ճշդուած ներկայութիւն չեն Հանրապետութեան մէջ:

            Բռնագրաւուած Հայաստանը, ուրկէ հայրենահանուած են հայերը, նախահայրերու հող է, անոնց կեանքով եւ արարումով ան դարձած է «Մեր Հայրենիք», այդպէս է, եւ այդ ըմբռնումով պէտք է ապրիլ եւ գործել, նոյնիսկ երբ այսօր հոն կ’իշխեն եւ կ’ապրին ուրիշներ, ուրկէ մենք պարտադրաբար բացակայ ենք: Մնայուն առաջադրանք պէտք է ըլլայ ներկայութեան նուաճումը, որ մարդու եւ ազգի անդամի արժանապատուութեան հեռանկար է: Եթէ այս ըմբռնումը իրաւազրկուած զանգուածներու ազգային-քաղաքական իրաւ օրակարգը չըլլայ, եթէ անկէ հրաժարինք, ԱԶԳ չի մնար, կը մնան աղմուկ եւ տեղայնութիւններու բաւարարման ձգտող բջիջներ: ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒԹԻՒՆ է  հայրենահանուած ժողովուրդի Հայրենիք-տարածքի տիրութեան ճանաչումը, եթէ չենք այլացած եւ չենք ուզեր այլանալ:

            Ժամանակակից քաղաքական համարուած աղմուկ-իրարանցումներուն մէջ, այս կամ այն քաղաքական իշխանութիւններուն հետ երբ կը խօսինք, երբ յաղթանակ կը համարենք «ցեղասպանութեան ճանաչում»ները, կը յիշեցնե՞նք, որ անոնք ստորագրած են «Սեւրի Դաշնագիր»ը, որ հայուն ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔի ճանաչումն է, Խաղաղութեան Վեհաժողովին կողմէ լիազօրուած Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի վճիռով գծուած սահմաններով: Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած երկիրները «ցեղասպանութեան ճանաչումներ»ով կրծօն կու տան հայ ժողովուրդին, որ սփիւռք-համայնքները ոտքի քնացնելու մխիթարական պարգեւ է, անոնց կողմէ իրաւունքի ճանաչման յանձնառութիւն չէ:

            Առաջին Հանրապետութիւնը այս հարցին տուած էր սկզբունքային տարազում, յայտարարելով՝ որ Հայաստան ՄԻԱՑԵԱԼ էր, այսինքն՝ հայրենահանուածներու Հայրենիքն ալ Հայաստան էր, որուն տիրութեան համար հոգեշահ խօսքեր միշտ եղած են եւ կան, բայց ցարդ չկայ հայրենահանուած ժողովուրդի անունով եւ անոր «բռնագրաւուած Հայաստան»ը պահանջող լիազօրուած պայքարող կառոյց, տեսակ մը իրաւասու «աքսորական» կառավարութիւն», որ ունենայ ժողովրդային վստահութիւն, ըստ կատարուած-կատարուող աշխատանքի, իր  անձնակազմով, միջոցներով, ճանաչումներով, որ իրաւասութիւն ունենայ խօսելու բռնագրաւողին եւ միջազգային ուժերու հետ: Հայրենահանուած ժողովուրդը այսօր քաղաքական վերացականութիւն է, abstraction, հագած ՍՓԻՒՌՔ կոչուած շապիկ,  թէեւ այդ ըմբռնումով  գործող առաւել կամ նուազ կարեւոր ուժեր կան, բայց իրենց ետին չունին   հայրենահանուածներու զանգուածային նեցուկը, որ չըլլայ շաբաթավերջի աղմկարարութիւն, մարզական խաղերու մրցադաշտի վրայ յաղթանակ-պարտութեան զբօսանք, այդ առիթով պատուոյ օթեակին մէջ գտնուելու գոհունակութիւն:

            Եթէ իրենք զիրենք յարգած ըլլային եւ յարգեն ՍԵՒՐԻ ՎՃԻՌԸ ստորագրած պետութիւնները, իրենք նախաձեռնարկ կ’ըլլան հայրենահանուած հայ ժողովուրդի իրաւունքը վերականգնելու, ինչպէս այդ կ’ընեն Ուքրայինայի համար: Եթէ մեր իրաւունքին առանց ճապկումներու տէր ըլլանք, քաղաքական եւ բարոյական ճշմարտութիւնները կ’ըսենք, անտեսելով ցարդ ոչինչ տուած դիւանագիտական սոփեստութիւնները: Այդ եթէ ընենք, ի՞նչ բան աւելի կը կորսնցնենք: Հարկ է պատասխանել պարզ հարցումի մը. մեր կեցուածքը եւ ազգային-քաղաքական գիտակցութիւնը  յանգա՞ծ է, կը յանգի՞ յանձնառութեան, թէ՞ մենք մեզ եւ մերոնք յուզելու կոչուած սեղանապետի (թամատա) բառախաղե՞րով կը հրճուինք:  Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ բազմամիլիոն հայրենահանուածներու Սփիւռք,   Սեւրի Վճիռի գործադրութիւնը կը պահանջե՞նք:

            Շարքային հայը, եթէ ազգային-քաղաքական գիտակցութիւն-ըմբռնում եւ յանձնառութիւն ունենար միամիտ զոհը չէր ըլլար «բարեկամներ»ու շողոմ խօսքերուն՝ որոնք կը ծառայեն իրենց տեղական-տեղայնական շահերուն:

            Քաղաքական փակուղիները, ուր մեր ժողովուրդը խցկուած է, զայն խցկած են, ազգի ապագայ չէ:

            Անդրանիկ Հանրապետութեան որդեգրած ՄԻԱՑԵԱԼը այսօր պէտք է վերականգնել, բանիւ եւ գործով: Այդ կ’ըլլայ ազգային-քաղաքական իրաւութիւն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եթէ տէր չըլլայ ՄԻԱՑԵԱԼին, միլիոնաւոր հայրենահանուածները իրենք տէր  պէտք է ըլլան անոր, յառաջացնելով անհայրենիք դարձած հայրենահանուածներու եւ անոնց ժառանգներու իրաւատէր ուրոյն կառավարութիւն, ռամկավար կուսակցութեան ղեկավար Գերսամ Ահարոնեանի ԳԱԼ ՏԱՐԻ ՎԱՆ առաջադրանքով:

            Եթէ պատշաճեցումներու տիղմին մէջ չաւազախրինք, կը հասկնանք, որ ԱՌԱՆՑ ՄԻԱՑԵԱԼԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ միջազգային քաղաքական խարդաւանանքներու ալիքներուն վրայ պիտի մնայ որպէս աննշան տաշեղ… Մեր անմիջական ներկան խօսուն է:

            ՄԻԱՑԵԱԼի գաղափարախօսութեամբ եւ praxis-ով չգործեցինք, նաեւ մեր անմիջական ներկային մէջ, եւ հիմա Արցախ-Հայրենիքն ալ պիտի օտարենք, aliéné պիտի ընենք: Արդէն Արցախի կորուստը վերջնականացման փուլի մէջ է, քանի որ Հայաստանի իշխանութիւնը պատրաստ է ընդունելու ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, որ կը նշանակէ թէ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽ ՉԿԱՅ:

            Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի միլիոնաւոր հայերը, ընդդէմ այս անձնատուութեան պիտի չբռնցքուի՞ն, որպէսզի չկրկնուի Անին յանձնած Վեստ Սարգիսի պատմական խայտառակութիւնը:

            Քանի մը օրէն անդրանիկ Հանրապետութեան 105ամեակը պիտի նշուի, աստ եւ անդ: Ինչպէ՞ս տէր պիտի ըլլանք անոր ազգային, քաղաքական եւ գաղափարական ժառանգութեան, ոչ սնափառութեան համար, ո՛չ ալ տօնախմբութեան յուզականութեան մթնոլորտին մէջ երջանկանալու, այլ՝ տոկալու եւ տեւելու համար՝ որպէս ինքնուրոյն ազգ եւ հայրենիք, մերժելով մասնատումները:

            Միացեալ՝ որ տոնքիշոթութիւն չէ, այլ ազգի իրաւունքի յանձնառութեամբ քաղաքական praxis, քաղաքական գործ, որ չի շփոթուիր թաղապետի աթոռի մը տիրացման թափահարումներուն հետ:

            Վերականգնումի ճանապարհը ՄԻԱՑԵԱԼն է, որուն պէտք է ձգտի համայն հայ ժողովուրդը, ղեկավարութեամբ յանուն ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԻ գործող ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ, որ իրաւասութեամբ կը խօսի եւ լիազօրութեամբ կը գործէ յանուն միլիոնաւոր բռնագրաւուած հայրենիք ունեցող հայրենահանուածներու, Հանրապետութեան եւ Արցախի:

            Ո՞վ, որոնք եւ ինչպէ՞ս ՊԻՏԻ ՄԻԱՑՆԵՆ ԱԶԳը եւ անոր ԻՐԱՒՈՒՆՔի իրականացման համար պիտի պայքարին, կեղծիքներու դիմակները վար առնելով, առանց վախնալու որ կը կորսնցնենք արդէն անգոյ դաշնակիցներ:

            Այդ ճամբով ազգը առաջնորդող իմաստուն ղեկավարութիւն կամ կը ստեղծենք, կամ ուրիշներ մեզ կը տանին հոն՝ ուր իրենք կ’ուզեն:

            Ֆէթիշիստ չեմ: Նպատակադրուած տեղը հասնելու համար պէտք է ճամբայ ելլել, ֆրանսացի գրող Սէնթ’Էկզուբերիին ըսածին պէս ընել, «առնել առաջին քայլը, ապա՝ երկրորդ առաջին քայլը եւ շարունակել», չնստիլ մայթի նսատարանին եւ սպասել… եւ կամ դիտել ժամանակի եւ իրադարձութիւններու գնացքները, որոնք կ’անցնին:

            Բարձր քաղաքական գիտակցութեամբ, կ’ունենա՞նք ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ, ՈՐ ՀԱՆԴԷՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՊԱՀԱՆՋՈՎ ԵՒ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄՈՎ, ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԽԻԹԱՐԱԿԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄՆԵՐԸ ԿԱՆԳՆԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՆՇՐՋԱՆՑԵԼԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆԻՆ ՎՐԱՅ:           

            Ինչո՞ւ չմտածել հայրենահանուած եւ համայն հայ ժողովուրդի ԻՐԱՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉՈՒԹԵԱՆ մասին, որ չըլլայ ըստ այս կամ այն պահու համախոհական ժամանակաւոր եւ անվաղորդայն յանձնախումբ:

            Երբ ԿԱՄՔ ցուցաբերող ղեկավարութիւն եւ ժողովուրդ կ’ըլլանք, կ’ըլլանք յարգելի եւ կ’ունենանք այնքա՜ն ցանկացուած իրաւ դաշնակիցներ:

            Միշտ յիշելով եւ կրկնելով՝որ վաղը ուշ է:

            Արեւմտահայաստան հայրենիքը բռանգրաւուեցաւ եւ եղանք գաղթական:

            Արցախ-Հայրենիքի բռնագրաւումը մեր ներկան է եւ անոր հայկական ներկայութեան աւարտը:

            Վա՞ղը…

            ՄԻԱՑՆՈՂ ԿԱԽԱՐԴԸ ՓՆՏՌԵԼ ԵՒ ՀԵՏԵՒԻԼ ԱՆՈՐ, աճպարարները հաւաքել եւ Խոր Վիրապ ղրկել:

            Յայտնատեսական հրաշք պահու մը՝ ա՛յս պէտք է ընէ Թլոլ Դաւիթ սիրած հայը, որպէսզի այլեւս ընդարմացած չապրի «համաշխարհային ազգ» ըլլալու ինքնահաստատման անյարգելիութեան կեղծիքով:

            Եթէ մեր եսերը գերանցելով ծնունդ չտանք համազգային առաջնորդութեան, ո՛չ բազմապատիկ ղեկավարներու, որոնց գործին անպաճոյճ հաշուեկշիռը պարզուած է մեծ պաստառի վրայ:

            Պիտի կարենա՞նք ստեղծել Կարմիր Ծովը անցնող ՄՈՎՍԷՍ ղեկավարութիւն…

            Որ չըլլայ քաղքենիական սովորական ջոջական-էսթէպլիշմընթ, որ միացնէ եւ իր լրիւ իմաստը տայ բանաստեղծի ամբոխավարութեան համար յաճախ կրկնուած ողջախոհական եւ յանձառութիւն պահանջող ազգային կանչին: Յիշել ՉԱՐԵՆՑը, որ սաւանանման վկայականներ եւ տիտղոսներ չունէր, բայց ունեցած էր յայտնատեսի իմաստութիւն:

            Այսօ՛ր պահն է ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ըմբռնումով «անանձնականութեամբ» խորհելու եւ գործելու… Բառը փոխ կ’առնեմ Միսաք Մեծերանցէն…

                        «Տո՛ւր ինծի տէր ուրախութիւնն անանձնական»…

                        Որ իրաւ եւ իրատես յանձնառութիւնն է…

            Ինչպէս Անիի պարիսպներու տակ նստելու եւ անզօրութեամբ երազելու գացողներ կան, այդպէս ալ, յաջորդ սերունդները Արցա՞խ պիտի երթան վանք եւ եկեղեցի նկարելու, եթէ անոնք արժանացած չըլլան Նախիջեւանի խաչքարերու ճակատագրին:

            Ինչպէ՞ս չերազել ՄԻԱՑԵԱԼը:

            Ինչո՞ւ չքննադատել մեծ ու պզտիկ ղեկավարները, զանոնք հրաւիրելով ողջա-խոհութեան, ըսելով՝ որ իրաւ ղեկավարը չի պառակտեր եւ չի բաժներ, այլ՝ կը ՄԻԱՑՆԷ: Իսկ միացումը առաջին վահանն է պարտութեան դէմ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles