ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ – ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

0 0
Read Time:52 Second

 serzh-sargsyan-raffi-hovhannisyan-meeting  ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի Փետրուար 21-ին, Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ “Ժառանգութիւն“ կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեանի միջեւ: Այս գծով նախագահին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նախագահական ընտրութիւններն ու յետընտրական շրջանին վերաբերող հարցերը:

Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Սերժ Սարգսեան եւ Րաֆֆի Յովհաննիսեան կարեւոր նկատեցին բոլոր հոլովոյթները Հայաստանի սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն ծիրին մէջ իրականացնելու առաջնահերթութիւնը:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, ընդդիմադիր թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան դուրս եկաւ նախագահական նստավայրէն եւ յայտարարեց, որ հանդիպումներ պիտի ունենայ դիւանագիտական շրջանակներու հետ եւ համակիրներուն կոչ ուղղեց ցրուելու: Նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման սկիզբէն վայրկեաններ ետք նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ ծառայութիւնը տարածեց հանդիպման լուսանկարը եւ տեսանիւթ մը, որուն մէջ Յովհաննէսեան եւ Սարգսեան բաւական ջերմ մթնոլորտի մէջ կը զրուցեն:

Նախքան Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումը, Րաֆֆի Յովհաննէսեան, անդրադարձած էր, Սարգսեանին ուղղուող շնորհաւորական ուղերձներուն: Ան ըսած էր թէ ոչ ոք իրաւունք ունի որոշել հայ ժողովուրդի փոխարէն: “Կարեւորը հայ ժողովուրդն է, կարեւորը հայ զինուորն է, հայ ոստիկանը, հայ դատաւորը, հայ մարդը իր երկրին մէջ եւ ոչ ուրիշ մէկը“, եզրակացուցած էր Յովհաննէսեան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles