Ամերիկահայ

Հանդիպում Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբի Նախագահին Հետ

 

HAY TAD ANCA
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Օգոստոս 17-ին, Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի հետ ունեցած է դրական եւ արդիւնաւէտ հանդիպում մը, այս վերջինին Քալիֆորնիոյ գրասենեակին մէջ: Այս հանդիպումին մասնակցած են Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի դաշնակցային, շրջանային եւ տեղական մակարդակի պատասխանատուներ: Քննուած են բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին Արցախի Հանրապետութեան խաղաղութիւն եւ ազատութիւն ապահովելու ջանքերը:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները նաեւ ընդգծած են, որ Մատրիտեան սկզբունքները խաղաղութեան հաստատման չպատշաճող հաստատումներ են:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան յայտնեց, որ յանձնախումբը անհամբեր կը սպասէ քոնկրէսական Ռոյսի հետ աշխատելու Արցախին խաղաղութիւն եւ ազատութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով արդարութեան ապահովման համար` աւելցնելով, որ յանձնախումբը յառաջիկայ օրերուն քոնկրէսական Ռոյսի հետ պիտի գործակցի` ապահովելու համար Ռոյս-Էնկել նախաձեռնութեան գործադրութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button