Լրահոս

Հանդիպում Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ

P6 HOM5

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 12-ին հանդիպում ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի 71-րդ համահայկական պատգամաւորական ժողովի անդամներուն հետ` ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեանի գլխաւորութեամբ:
Նախագահը բարձր գնահատեց Հ.Օ.Մ.-ի դերակատարութիւնը համահայկական տարբեր ծրագիրներու իրականացման եւ Արցախին ցուցաբերուող մնայուն աջակցութեան համար:
Նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետ Վիքի Մարաշլեանին եւ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար զինք պարգեւատրեց «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալով:

Նախագահը յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր ատենապետ Քարոլին Շմաւոնեանին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button