
ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 13-ին, Հայաստան այցելած Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքս հանդիպումներ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչներուն եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի անդամներուն հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող հարցեր եւ մանրամասն կերպով ներկայացուեցան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ոճրագործութիւնները:
«Մեր այցելութեան նպատակը մեր խոր մտահոգութիւնն է Արցախի եւ Հայաստանի մէջ կատարուածով, եւ մենք եկած ենք` մեր աչքերով տեսնելու, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ սեփական աչքերով տեսնելը շատ տարբեր է քան հաղորդագրութիւններ կարդալը: Մեր այցելութեան ընթացքին կրցանք հանդիպումներ ունենալ բազմաթիւ տեղահանուածներու հետ, որոնք անցած են դժոխքով, բայց խիզախ են: Մեր հանդիպումը կարեւոր էր` հասկնալու համար, թէ ինչո՛վ կրնանք օգնել Արցախին, եւ այս հարցին մէջ Հայ Դատի գրասենեակը առաւելագոյնս օգնեց մեզի: Մենք պիտի հրապարակենք յօդուած մը, որուն միջոցաւ ցոյց պիտի տանք Ատրպէյճանի վայրագութիւնները, մարդկութեան դէմ արարքները, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներուն հանդէպ անոնց վատ վերաբերմունքը հրադադարի պայմանագիր կնքելէ ետք: Շատ բան կայ միջազգային հանրութեան ներկայացնելիք: Այսօր մենք քննարկեցինք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է կապեր ստեղծել Հայաստանի եւ Արցախի բարեկամներուն միջեւ: Դժբախտաբար, Բրիտանիոյ կառավարութիւնը անոնց մէջ չէ: Մենք ջանք չենք խնայեր, որպէսզի այս հարցերը դնենք Բրիտանիոյ կառավարութեան լուսարձակին տակ, բայց, դժբախտաբար, ոչ մէկ աձագանգ կը ստանանք, որովհետեւ այնտեղ ատրպէյճանական նաւթի մեծ բաժնետոմսեր կան: Այդ պատճառաւ ալ այլ ելքեր կը փնտռենք, որպէսզի ուրիշ ազդեցիկ միաւորումներու եւ կազմակերպութիւններու միջոցով գրաւենք միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը», յայտնեց Քոքս աւելցնելով, թէ այս անգամ, դժբախտաբար, Արցախ չի կրնար այցեել:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պարոնուհի Քոքսին` տասնամեակներ շարունակ Հայաստանին, Արցախին եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերած վիթխարի օժանդակութեան համար:
Հանդիպումին ընթացքին առանձնացուեցան նաեւ այն ոլորտները, որոնց մէջ Քերոլայն Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ որպէս հայ ժողովուրդի բարեկամ, կրնայ օժանդակութիւն ցուցաբերել: Պարոնուհին ըսաւ, թէ իրենք մեծապէս մտահոգ են տեղի ունեցածով եւ եկած են անձամբ տեսնելու, թէ ի՛նչ կը կատարուի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի անդամներուն հետ տեղի ունեցած անջատ հանդիպումին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան, Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ` մասնաւորապէս շրջանային քաղաքական գործընթացները եւ այդ պարունակին մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումները: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի վրայ գործադրուող ճնշումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացի անընդունելիութեան:
Քոքս յայտնեց նաեւ, որ Ատրպէյճանի վայրագութիւնները պիտի վաւերագրեն եւ ներկայացնեն միջազգային ընտանիքին: Նշուեցաւ, թէ փորձ կը կատարուի այդ գործընթացները իրականացնել միջազգայնօրէն ընդունուած կարգաւորումները շրջանցելով, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտումներով եւ ուղղակի ռազմական սպառնալիքով: Քննարկուեցան Արցախի Հանրապետութեան, ժամանակաւորապէս տեղահանուած անձերու եւ ռազմագերիներու ազատութեան վերաբերող հարցեր եւ այս ուղղութիւններով նախանշուեցան որոշ ծրագիրներ:
Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հրաւիրուած է Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի կազմակերպած խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ, յառաջիկայ Դեկտեմբերին: