
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը տեսակցութիւն մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, որ ժամանած էր նշելու իր գահակալութեան քսանամեակը, ընդառաջելով Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Առաջնորդարանին:
Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւնը , որ կը բաղկանար՝ ներկայացուցիչ Հայկ Օշականէ, Յովսէփ Աւագեանէ եւ Արամ Յովակիմեանէ: Աւելի քան մէկ ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին, արծարծուեցան զանազան նիւթեր, որոնց կարգին Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանը յուզող ծխական, ազգային եւ երիտասարդական հարցեր:
Նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ մանրամ ասնութիւններ փոխանցեց Սուրիահայութեան գծով: Սրբազան Հայրը փոխանցեց, յատկապէս Հալէպի հայութեան դիմագրաւած դժուար իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահեց հայկական թաղերու վրայ կատարուած ռմբակոծումներու պատճառով զոհ գացած նահատակներուն մասին։
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Հայկ Օշական, իր կարգին նշեց թէ, այս գծով, շրջանէն ներս բազմիցս աշխատանք տարուած է ներկայացնելու Սուրիահայութեան իրավիճակը, զանազան մակարդակի տեսակցութիւններ ունենալով: Արամ Ա. շնորհակալութիւն յայտնեց, նշելով թէ նմանօրինակ աշխատանքներ կը նկատուին կարեւոր եւ առաջնահերթ:
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն շնորհաւորեց Արամ Ա. գահակալութեան քսանամեակը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ ընդունեց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը, շրջանէն ներս ապրող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարերարներ ու բարեկամներ, ինչպէս նաեւ Թեմի զանազան շրջաններէ ժամանած պատուիրակութիւններ։