
Խմբագրական
Սեպտեմբեր 6, 2016
Տարեսկիզբին էր, երբ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար՝ տիկին Թինաթին Խիտաշելի այցելած էր Երեւան, եւ բարձր մակարդակի այցելութիւններ ունեցած՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի, Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ:
Ամիսներ ետք, այս անգամ Հիւսիսի մեր դրացի երկրի վարչապետ՝ Կէորկի Քվիրաքաշվիլին էր, որ պատուիրակութեամբ մը ժամանած էր Երեւան նմանօրինակ այցելութիւններ կատարելու եւ անշուշտ այցելելու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Հետաքրքրական է աչք մը նետել այս երկու դրացիներու աշխարհագրական դիրքին, եւ անոնց քաղաքական դիրքորոշումներուն եւ յարաբերութիւններուն վրայ:
Պատմութիւնն ալ ցոյց կու տայ թէ, Վրաստանի մայրաքաղաք՝ Թիֆլիսի վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունեցած, եւ ցայսօր հետք ձգած է հայութիւնը: Միայն եկեղեցիներու (որոնց մէկ մասը դժբախտաբար կիսաքանդ վիճակի մէջ) եւ հայկական թաղամասերու ներկայութիւնը չէ, որ կը փաստէ թէ գոյութիւն ունի հայկական Թիֆլիս մը, այլ նաեւ Սայաթ Նովայի եւ Սերգէյ Փարաճանովի ձգած հարուստ արուեստն ու մշակոյթը:
Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր, Հայաստան իր առեւտուրի առիւծի բաժինը կը կատարէ Վրաստանի ճամբով, թէ՛ երկաթուղիով, թէ՛ վրացական նաւահանգիստներու անցքով եւ թէ՛ սահմանային ճանապարհով: Նոյնիսկ, վերջին տարիներուն, վերստին կը գործեն երկու երկիրներու մայրաքաղաքներուն միջեւ թռիչքները, ստեղծուած պահանջքի պատճառով:
Յատկապէս հայորդին է որ սկսած է հետզհետէ աւելի ներդրումներ կատարել Վրաստանի մէջ, որ անշուշտ նաեւ կապ ունի ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին հետ: Հայաստան լիիրաւ անդամ է Եւրասիական Տնտեսական Միութեան, իսկ Վրաստանը մօտիկ յարաբերութիւններ կը մշակէ ոչ թէ միայն Եւրոպական Միութեան, այլ նաեւ ՆԱԹՕ-ին հետ:
Վրացական գաղութ գոյութիւն չունի Հայաստանի տարածաշրջանէն ներս, համեմատած Թիֆլիսի «հայկականութեան», եւ անշուշտ Հայաստանի սահմանամերձ Ջաւախքին: Վերջին տարիներուն, յատկապէս «Վրացական Երազ» շարժումը՝ երկրին ղեկը ստանձնելէն ետք, համեմատաբար բարելաւուած (սակայն սպասուածէն նուազ) են Ջաւախքի պայմանները:
Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ, Թիֆլիսի մտահոգութիւնը՝ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնն է անջատողական Արխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ պետութիւններուն հետ…լուրջ եւ առաջնահերթ հարց մը, որ Վրաստանի կողմէ գերադասուած է իբրեւ խնդրայարոյց թնճուկ, մանաւանդ որ վերջին տարիներուն Թիֆլիս եւ Պաքու համաձայնագրեր կնքած են, միասնաբար ռազմափորձեր կատարելու:
Այս բոլոր հարցադրումներու եւ ստեղծուած կացութիւններու լոյսին տակ, հաւանաբար վարչապետ՝ Կէորկի Քվիրաքաշվիլիի այցելութիւնը կարելի է վերագրել յառաջիկայ շաբաթներուն Վրաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Ինչ որ ալ ըլլան արդիւնքները (շատ հաւանական է որ «Վրացական Երազ» շարժումը մնայ ղեկավար դիրքի վրայ), յստակ է թէ յատկապէս Հայաստանի համար, Վրաստանը կը նկատուի բանալի դրացի մը: