
Նիւ Եորք. Այլազան երկիրներու Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) անդամուհիներ — Սուրիայէն, Լիբանանէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Պրազիլիայէն, Գանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն — հաւաքուեցան Նիւ Եորք քաղաքին մէջ՝ տօնախմբելու Միութեան 100րդ տարեդարձը:
Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ կազմակերպուած Եռօրեայ հանդիսութիւնները սկսան Գառնըկիի Ուէյլ նուագասրահին մէջ, Չորեքշաբթի, 10 Մարտի երեկոյեան կայացած ճոխ յայտագիրով մը: Օրուայ գլխաւոր բանախօսն էր Կիներու Համաշխարհային Դրամատան նախագահ եւ վարիչ տնօրէն՝ Օր. Մէրի Էլէն Իսքէնտէրեանը, որ դրուատեց Հ.Օ.Մ.ի մարդասիրական ու բարեգործական աշխատանքները: Ան անդրադարձաւ ոչշահութաբեր կազմակերպութիւններու շրջանակէն ներս տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն, նշելով թէ կիներու տնտեսական զարգացման մէջ եղած ներդրումները յաջողութիւն արձանագրած են: Ան հրաւիրեց ներկաները շարունակելու իրենց համաշխարհային զօրակցութիւնը հայ ընտանիքներու դաստիարակչական, առողջապահական, բնակարանային եւ այլ կարիքներու բաւարարման ճիգերուն:
Երեկոյթը սկսաւ հանդիսավար՝ Օր. Սթեֆընի Մեսրոպեանի բացման խօսքով, որ կÿանդրադառնար Հ.Օ.Մ.ի հայ գաղութներուն ընձեռած 100ամեայ ծառայութեան: Օր. Մեսրոպեան նկարագրեց մարդասիրական աշխատանքներուն դար մը ամբողջ հոլովոյթը: Ան խօսեցաւ նաեւ Միութեան ապագային մասին, յատկապէս նշելով իւրայատուկ կեդրոնացումը Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի մէջ ի գործ դրուող ծրագիրներուն վրայ: Հանդիսավարը ներկայացուց հրաւիրեալները, ի մէջ առեալ բարերարներ, դիւանագիտական ու միութենական ներկայացուցիչներ ու կղերականներ (ստորեւ՝ տեսնել ներկայ անձնաւորութիւններուն ամբողջական ցանկը):
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Ամերիկայի թեմի բարեխնամ Առաջնորդ, Օշական Արքեպիսկոպոս Չոլոյեան բեմ հրաւիրուեցաւ կարդալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս. Արամ Ա.ի Կոնդակը՝ ուր ան 2010 թուականը կը յայտարարէր Հայ Կնոջ Տարի, միաժամանակ շնորհաւորելով Հ.Օ.Մ.ը անոր հարիւրամեայ անձնուրաց ծառայութեան համար հայ ժողովուրդին:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ուաշինկթընի Դեսպան՝ Ն.Վ. Թաթուլ Մարգարեան կարդաց Սփիւռքի Նախարար՝ Ն.Վ. Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձը, որմէ ետք արտայայտեց իր անձնական շնորհաւորութիւնները՝ հրաւիրելով Հ.Օ.Մ.ը շարունակելու իր ազգօգուտ գործունէութիւնը:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Գառնըկի Հաստատութեան Նախագահ՝ Դոկտ. Վարդան Գրիգորեան, խօսք առին իրենց կարգին շնորհաւորելով Հայ Օգնութեան Միութեան հարիւրամեայ գործունէութիւնը:
Հ.Օ.Մ.ի Կեդր. Վարչութեան Ատենապետուհի՝ Ընկհ. Վիքի Մարաշլեան, յիշեցուց բոլորին Հ.Օ.Մ.ի ստանձնած առաքելութեան տարողութիւնը: Հ.Օ.Մ.ի ծրագիրները կը նշուին իրենց բազմազանութեամբ, սկսեալ տեղական ընկերային հարցերէ մինչեւ հայրենիքէ ներս որբերու խնամատարութիւն, մշակութային ուսուցում եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներու պաշտպանութիւն: Խօսքը ուղղելով Հ.Օ.Մ.ի անդամներուն, ընկհ. Մարաշլեան շեշտեց, թէ Հ.Օ.Մ.ուհիները խմբաւորումն են ուժեղ, խանդավառ կիներու՝ պատրաստ գործելու եւ համագործակցելու՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի բազմազան կարիքներուն մշտական գոհացման:
Իր խօսքի վերջաւորութեան, ան Հ.Օ.Մ.ի Արարատ մրցանակը յանձնեց Near East Foundationի Ատենապետ՝ պարոն Շանթ Մարտիրոսեանի՝ առ ի գնահատանք կազմակերպութեան մը՝ հիմնուած Մեծ Եղեռնի նոյն տարին 1915 թուին որուն մարդասիրական ջանքերուն շնորհիւ հազարաւոր հայ կեանքեր կարելի եղաւ փրկել ստոյգ մահուան ճիրաններէն:
Երեկոյթին գեղարուեստական բաժնին մասնակցեցան օփէրայի երգիչներ՝ Վիքթորիա Աւետիսեան, մէծծօ սօփրանօ եւ Եղիշէ Մանուչարեան, թէնոր՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Օր. Արմինէ Վարդանեանի: Գեղարուեստական յայտագրին մաս կը կազմէր նաեւ Օր. Ալիսա ՆագաշեանՀօլզպէրկի ելոյթը՝ ապակերգեհոնի վրայ (glass armonica):
Երեկոյթը վերջացաւ ընդունելութեամբ՝ ուր ներկաները առիթը ունեցան անգամ մը եւս իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնելու Հ.Օ.Մ.ին անոր հարիւրամեայ գործունէութեան դարադարձին առթիւ:
Չորեքշաբթի օրուայ այս երեկոյթին յաջորդ օրը տեղի ունեցաւ միօրեայ սէմինար մը՝ Հ.Օ.Մ.ի գործունէութեան առնչուող հարցերու շուրջ, մասնակցութեամբ այլազան շրջաններէ եկած ընկերուհիներու: Ներկայացուած նիւթերուն մաս կը կազմէին ՄԱԿի ոչկառավարական կազմակերպութիւններուն դերը, Հայ Կնոջ իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, Միջազգային Բարեսիրական Կազմակերպութիւններ, եւ այլազան կազմակերպչական հարցեր:
Հարիւրամեակը միաժամանակ կը տօնակատարուի տեղական ու շրջանային մակարդակներու վրայ աշխարհի 26 տարբեր երկիրներու մէջ՝ ուր որ Հ.Օ.Մ.ի միաւորներ գոյութիւն ունին:
Նիւ Եորքի հանդիսութիւնը սկիզբն է հանդիսութեանց շարքի մը՝ որ պիտի վերջանայ աշնան՝ Տէր Զօր ուխտագնացութեամբ, նոյն այն անապատին մէջ, ուր հարիւր հազարաւոր հայեր ոչնչացան Մեծ Եղեռնին որպէս հետեւանք: Հարիւրամեակի տարին պաշտօնապէս պիտի վերջ գտնէ մէկ շաբաթ տեւող հանդիսութիւններով Հայաստանի մէջ:
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱՄ Ա.Ի ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՆԴԱԿԸ 100ԱՄԵԱՅ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայ Օգնութեան Միութեան մեծ ընտանիքը:
Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Մեզի ուղղած նամակէն ուրախութեամբ իմացանք որ 2010 թուականին յատուկ ձեռնարկներով պիտի նշուի միութեան հիմնադրութեան 100ամեակը:
Արդարեւ, Հ.Օ.Մ.ի հիմնադրութեան 100ամեակը տօնախմբել կը նշանակէ անոր հարիւրամեայ ծառայութեան արժեւորումը կատարել: Ամբողջանուէր ծառայութիւն դարձաւ Հ.Օ.Մ.ը մեր կեանքի յատկապէս կրթական ու ընկերային մարզերէն ներս:
Հ.Օ.Մ.ի հիմնադրութեան 100ամեակը նշել կը նշանակէ համահայկական կառոյցի մը գործունէութիւնը արժանաւորապէս գնահատել: Իր ծնունդով եւ ուղղութեամբ, իր գործունէութեամբ ու նպատակով Հ.Օ.Մ.ը եղաւ ու մնաց համազգային‘ իր կեանքին ու առաքելութեան մէջ տեղականը ու համահայկականը միշտ ներդաշնակօրէն ընդելուզուած մնացին:
Վերջապէս, Հ.Օ.Մ.ի հիմնադրութեան 100ամեակը տօնակատարել կը նշանակէ մեր համազգային տագնապները ապրած, մեր երազներու իրագործման մասնակից դարձած, մեր գոյապայքարին իր կարեւոր ներդրումը կատարած միութեան մը 100ամեակը նշել:
Այսպէ’ս ըմբռնեց ինքզինք Հ.Օ.Մ.ը եւ ա’յս հաւատքով ու կամքով, ա’յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ իր աշխատանքը կազմակերպեց ու իր ծրագիրները իրագործեց‘ հետեւողական ու գործօն մասնակցութիւն բերելով մեր հաւաքական կեանքին ու միշտ մնալով ծառայական ներկայութիւն հայ կեանքի մայր էջին վրայ:
Արդ, կարելի չէ համապարփակ հայեցակէտով արժեւորել պատմութիւնը հայ Սփիւռքին առանց Հ.Օ.Մ.ին: Կարելի չէ Ցեղասպանութենէն յետոյ Սփիւռքի գաղութներու կազմակերպումը եւ ձեռք ձգուած իրագործումները հասկնալ առանց Հ.Օ.Մ.ի ամբողջանուէր ծառայութեան:
Արդարեւ, Սփիւռքի կազմակերպումին ու զարգացման բերած իր կարեւոր նպաստին առընթեր, Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ, վերջին շուրջ քսան տարիներուն, Հ.Օ.Մ.ը իր յանձնառու մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ թէ’ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին, եւ թէ Հայաստանի հզօրացման եւ ընդհանրապէս հայրենաշինութեան գործին:
Հետեւաբար, Հ.Օ.Մ.ը արժանի է արդար հպարտութեամբ նշելու իր նուիրեալ ծառայութեան 100ամեակը:
Հարիւրամեակի տօնախմբութիւնը նաեւ առիթ մը պէտք է դառնայ Հ.Օ.Մ.ին վերաքննութեան ենթարկելու ինքզինք, իր ներքին կառոյցներով, իր առաջնահերթութիւններով ու գործելակերպով: Յարափոփոխ աշխարհի ներկայ պայմաններուն մէջ գործող Հ.Օ.Մ.ը, ինչպէս մեր բոլոր կառոյցները, անհրաժեշտօրէն կարիքը ունի ներքին վերանորոգումի ու վերածրագրումի, մեր ազգի կեանքէն ներս հետզհետէ յառաջացող նոր պահանջներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Հ.Օ.Մ.ի 100ամեակի տօնախմբութիւնը հրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործնապէս քաջալերելու ազգին ջերմ գնահատանքին արժանի այս միութիւնը նիւթական առատաձեռն մասնակցութեամբ սատար հանդիսանալով անոր վեհ առաքելութեան:
Այս առիթով, Մեր բարձր գնահատանքը կ’ուզենք յայտնել այն բոլոր Հ.Օ.Մ.ուհիներուն, Կեդրոնական թէ Շրջանային Վարչութեան անդամ կամ պարզ անդամուհի, որոնք անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին իրենց հաւատքէն ու նուիրումէն, իրենց կեանքէն ու գործէն բաժին մը դրին Հ.Օ.Մ.ի ծառայութեան գանձանակին մէջ Աւետարանի բացատրութեամբ ,Գոյիւ չափ զկեանս իւրեանցե (Ղուկ. 21.1):
Կ’աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկինքի թագաւորութեան մէջ հանգչեցնէ ծառայած ու այս աշխարհէն մեկնած բոլոր Հ.Օ.Մ.ուհիները:
Թող Աստուած միշտ ամուր ու կենսունակ պահէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր բոլոր կառոյցներով, մարմիններով ու անդամուհիներով՝ իր ժողովրդանուէր ծառայութեան ճամբուն վրայ:
Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալ շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւետ օրհնեալ Մէնջ. Ամէն:
Տուաւ Կոնդակս այս
Ի Կաթողիկոսարանիս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ