Լրահոս

ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԶՈՀՈՒԵՑԱՒ

p1 armaz2 Յունուար 19-ի լոյս 20-ի գիշերը, Արցախ-Ատրպէյճան զօրքերու ճակատային գիծի հիւսիս-արեւելեան (Ջրաբերդ) եւ հարաւ-արեւելեան (Կորգան) ուղղութիւններով` տեղի ունեցան ազերի բանակին կողմէ ներթափանցման փորձեր: Յառաջացած դիրքի վրայ, իր առջեւ դրուած մարտական պարտականութիւնը կատարելու ժամանակ, զոհուեցաւ կրտսեր տասնապետ, 1994-ի ծնունդ Արմէն Լեւոնի Յովհաննիսեանը:

Ըստ հայկական աղբիւրներու, ազերիները յարձակած են մեծ խումբով, սակայն Արմէնը նկատած է յարձակողներուն, զգուշացուցած հայ սահմանապահներուն եւ սկսած է դիմադրել: Նոյնիսկ ծանր վիրաւոր վիճակով ան շարունակած է դիմադրութիւնը: Արմէնի սխրանքը հայկական ուժերուն հնարաւորութիւն տուած է արագ կազմակերպուելու եւ թշնամիին հակահարուած տալու, խլելով զոհեր:

Յետ մահուան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 20-ի հրամանագրով մը, կրտսեր տասնապետ Արմէն Յովհաննիսեանին պարգեւատրեց  “Արիութեան համար“ շքանշանով:

“Հայաստանի հետ սահմանը հանգիստ է եւ հայկական զինուած ուժերը ոչ միայն կը վերահսկեն իրավիճակը, այլ կը հանդիսանան թելադրող“ խօսքերով արտայայտուեցաւ Հ.Հ. Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը, անդրադառնալով ատրպէյճանական խումբերու յարձակման դէպքին:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button