ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի Յանձնախումբը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ թիկունք կը կանգնի Մասաչուսէցի ծերակուտական Էտ Մարքիի վերաընտրութեան՝ նշելով, որ տասնամեակներ շարունակ ան միշտ ալ պաշտպանած է հայութեան շահերը։
«Ծերակուտական Մարքին մշտական եւ խիզախ ձայն եղած է արդարութեան համար։ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջխաղացումէն մինչեւ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի յարձակումն ու ցեղային զտումը պատասխանատուութեան ենթարկելու ճիգերը, ծերակուտական Մարքին ցուցաբերած է յստակ եւ անշեղ նուիրում»», ըսաւ Հայ Դատի գործիչ Սթիւ Մեսրոպեան։
Քափիթըլ Հիլի մէջ տեղի ունեցած Հայոց եւ Արցախի ցեղասպանութիւններու յիշատակի ձեռնարկի ընթացքին, ծերակուտական Մարքին աներկբայ յայտարարեց. «Ատրպէյճանական ուժերը գործած են արձանագրուած պատերազմական յանցագործութիւններ… Այս յանցագործութիւնները կը պահանջեն պատասխանատուութիւն»։ 2025-ի Նոյեմբերին ան միացաւ աւելի քան 25 ծերակուտական գործընկերներու՝ պահանջելով, որ Ատրպէյճան ազատ արձակէ անարդարօրէն կալանաւորուած հայ գերիները եւ կոչ ընելով պատժամիջոցներու այն պաշտօնատարներուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար։ «Միացեալ Նահանգները այլեւս չի կրնար անգործութեան ուղի որդեգրել այս պատերազմական յանցագործութիւններու դիմաց», յայտարարեց Մարքի։
«Ծերակուտական Մարքին մեր կողքին կանգնած է եղած ամէն քայլափոխին՝ թէ՛ Ներկայացուցիչներու Տան մէջ իր ծառայութեան տարիներուն եւ թէ այժմ՝ որպէս աւագ ծերակուտական», նշեց Արամ Խալիկեան։ «Հիմա մեր ժամանակն է՝ կանգնելու անոր կողքին», եզրակացուց ան։

