
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Ճոն Պասի թեկնածութիւնը քուէարկութեան դրած է եւ այս գծով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան իր վերապահութիւնն ու դժգոհութիւնը փոխանցած է:
“Հայ Դատի յանձնախումբը չի կրնար սատարել Ճան Պասի թեկնածութեան՝ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին, հիմնուելով Քոնկրէսէն ներս անոր ունեցած ելոյթներուն վրայ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ նախագահ Օպամայի խախտած խոստումին մէկ մասն են եւ աւելի կ՛ամրապնդեն Թուրքիոյ “բերան փակող“ գերակայութիւնը՝ Միացաել Նահանգներու կառավարութեան վրայ“, յայտնեց Համբարեան: Ան նաեւ անընդունելի համարեց այն փաստը, որ Օպամայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստումի դրժումէն վեց տարի, իսկ Թուրքիոյ կողմէ Հայ-թրքական արձանագրութիւններէն հրաժարելէ հինգ տարի ետք, աւելին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն մէկ տարի առաջ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թեկնածուն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ծերակոյտի հարցադրումներուն ի պատասխան՝ կը խօսի թրքական ժխտողական ոճով:
“Միացեալ Նահանգները 2015ի Ապրիլ 24ին, Անգարայի մէջ պէտք է ըլլայ ճշմարտութեան ձայնը“, շեշտեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէնը:
Միւս կողմէ, նախագահ Օպամա որոշած է թէ, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանն է Ռիչըրտ Միլս, որ ասպարէզով դիւանագէտ է, եւ վերջերս Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատան մէջ յատուկ առաքելութեան ղեկավար էր, նաեւ դեսպանի կցորդ: