Գլխաւոր
Հայ Դատը Դէմ Է Կազայի Միջազգային Ապահովական Ուժին՝ Ատրպէյճանի Անդամակցութեան

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ գործակցութեամբ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն որդեգրել ջատագովող A New Policy կազմակերպութեան, մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւանց պաշտպան 18 կազմակերպութիւններու համախմբում մը կարելի եղած է յառաջացնել, ընդդիմանալու համար Կազայի մէջ միջազգային ապահովական ուժին մէջ Ատրպէյճանը եւս ներգրաւելու ջանքերուն։
Համախմբումը այս գծով իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը շեշտէ, թէ Արցախի հայութեան դէմ ցեղային զտումի արշաւ իրականացուցած եւ Իսրայէլի հետ ռազմական եւ տնտեսական սերտ յարաբերութիւններ ունեցող Ատրպէյճան անկողմնակալ եւ յարմար թեկնածու մը չէ, այդ ուժին անդամակցելու համար։ Նշենք, թէ Իսրայէլ կ՛ընդդիմանայ այդ ուժին՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան։

