
Տասնամեակներէ ի վեր, առանց յոգնելու, ազգովին հետամուտ ենք մեռեալներուն վերաբերող “հոգեհանգստական քաղաքականութեան“, միակ տարբերութիւնը այն է` որ այլեւս մոմ չենք վառեր. սգատօն, ոգեկոչում…
Հարիւրամեակն ալ պիտի հասնի (գիտենք այլեւս ինչ բանի) եւ նոյն տքնաջան աշխատանքը պիտի շարունակուի, ասդիէն-անդիէն կորզուած խոստումներով, գութի զգացումներով, “ճանաչման յաղթանակ“ի բացագանչութիւններով, որոնք կը ծառայեն կարծեցեալ յուզումի պահեր ստեղծելու եւ ինքնագոհութիւններ հովահարելու. խօսափող, բարձրախօս, պատկեր:
ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ
ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԻ ՀԱՐՑԵՐ
Պատահեցա՞ւ, որ “խոստումներ“ուն ընկերանան “իրաւունք“ի հարցեր: Մեր ակնկալութիւններուն մէջ եղա՞ն այլ պահանջներ: Աւելի պարզ. ունի՞նք այլ պահանջներ: Եթէ այլ պահանջներով հրապարակ գանք, լսող ականջներ կրնա՞նք գտնել:
Երբ մեր պահանջները յստակ չեն, անոնց ետին չունինք անոնց հետապնդման ուժը, եւ կը գոհանանք ընդունելի համարուող խնդրարկուի դերով, ստիպուած կ՛ըլլանք “գթասրտութեամբ“ բաւարարուելու: Բաւարարուելու նաեւ հաճոյակատարական խօսքերով, օրինակ, լսելով, որ ցեղասպանութենէ “ճողոպրածներս“ օրինակելի կերպով մերուած քաղաքացիներ ենք… հիւրընկալ երկիրներու մէջ:
“Ֆեթիշ“ թուականը, եւ ապա տարին, կ՛արագացնեն եւ կը բազմացնեն ընդունելի խօսքի արտադրութիւնը. մելան, թուղթ եւ աղմուկ:
Անկեղծութեան մարզանք պէտք է ընել ներազգային ճակատի վրայ, գիտնալու եւ նախ մենք մեզի ըսելու համար, թէ իրապէս ի՞նչ է կրկնուող աղմուկի մտածուած իսկական հայ ազգային բովանդակութիւնը, առանց ենթադրութիւններու աճպարարութիւններու անձնատուր ըլլալու: Մենք մեզի հարց կու տա՞նք, թէ՞ ցեղասպանութիւնը ճանչցողները, նոյնիսկ անոր ուրացումը օրէնքով դատապարտողները (եթէ այդպիսիներ գտնուին), հայրենահանուածներու ազգային իրաւունքը կ՛ուզե՞ն վերականգնել:
Ազգային իրաւունքի վերականգնումը տեղ մը սահմանուած առաջադրա՞նք է, երբ մեր “բարեկամներ“ուն կը դիմենք… ակնկալութիւններով: Մանաւանդ անոնք գիտեն ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու արուեստը: Սորված պէտք էր ըլլայինք:
Յաճախ կը մտածեմ այն մասին, որ եթէ, հրաշիւք իմն, աշխարհի բոլոր պետութիւնները եւ կազմակերպութիւնները յայտարարեն, որ Թուրքիոյ տարածքին գործուած է ցեղասպանութիւն հայ բնիկ ժողովուրդին դէմ, նման յայտարարութիւն ընէ նաեւ նոյնինքն ներկայ Թուրքիոյ պետութիւնը, ազգի հայրենահանուած հատուածին համար ի՞նչ պիտի փոխուի: Կամ, ի՞նչ պիտի ընենք այդ յայտարարութիւններէն ետք: Ոչ միայն մենք, այլ մանաւանդ բոլոր անոնք, որոնք նման յայտարարութեամբ բաւարարութիւն տուած պիտի ըլլան հայոց` “յիշողութեան“ պահպանման եւ յարգանքին: “Յիշողութեան կեդրոններ“ը հոգեհանգի՞ստի խորան են, թէ՞ հայոց իրաւունքի իրականացման պատուանդան:
Հարցում է նաեւ այն, որ հայրենահանուած զանգուածները իրենք զիրենք կը սահմանե՞ն որպէս այդպիսին: Հարկ է պատասխանել առանց սովորական դարձած ճապկումներու:
Ճանաչման եւ դատապարտութեան “վաղորդայն“ով պէտք է մտահոգուիլ: Ի՞նչ պիտի ընենք, կամ ինչպէս սովորութիւն դարձած է` ի՞նչ պիտի պահանջենք: Պիտի փակուի՞ պատմութեան օղակը:
Երբեմն պատմութիւնը լսել պէտք է գիտնալ:
Անգլիացիները, օրին ըսին, որ իրենց նաւերը չէին կրնար Արարատ բարձրանալ, Հայաստանի քարտէսը գծած Ուտրօ Ուիլսընի Միացեալ Նահանգները, պատմութեան սեւ օրերուն, չուզեցին ստանձնել Հայաստանի Հանրապետութեան “հոգատարութիւն“ը (mandat), առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին, “ասպետական“ Ֆրանսան յոյսի ապաւէն դարձած Կիլիկիան յանձնեց Թուրքիոյ, ապա նաեւ սուրիական “սանճաք“ը: Խորհրդային Մոսկուան քանիցս յայտարարեց, որ ինք հողային պահանջներ չունէր Թուրքիայէն: Խորհողներ կա՞ն որ այդ քաղաքականութիւնը փոխուած է, քաղաքականութիւն` զոր կը կոչեն “ռէալ փոլիթիք“:
“ՖէԹԻՇ“ՆԵՐՈՒ
ՎԱՂՈՐԴԱՅՆ
Երբ ամբողջ աշխարհ ընդունած ըլլայ, որ Հայերը Ցեղասպանութեան ենթարկուած են, ի՞նչ պիտի ըլլայ հետեւանքը` հայ ժողովուրդին եւ անոր հայրենիքին համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան համար ի՞նչ պատկերացում պիտի ունենայ այդ վաղորդայնը:
Հայկական Սփիւռք(ներ)ի համար ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ վաղորդայնի պատկերացումը:
Այս հարցով ներազգային վիճարկում չենք ունեցած, կրնա՞նք ունենալ, կ՛ուզե՞նք ունենալ: Ամպագորգոռ խորհրդաժողովները բառ չըսին այս հարցերուն մասին:
Վերջին տարիներուն հրապարակ նետուեցաւ “հատուցում“ բառը (reparation): Ինչ որ պատահած է տան մը փլած-փլցուած պատ չէ, որ շինարար մը բերելով նորոգուի: Այդ հատուցումը մեծաքանակ գումարներով կարելի՞է փոխարինել, ինչպէս որ հատուցում կ՛ըլլայ արկածէ մը վնասուած անձին: “Հատուցում“ը քաղաքական թիւրիմացութիւն մըն է: Անով կը փոխարինուի՞ ազգի իրաւունքը:
Առանց բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հարցը օրակարգ դարձնելու, ինչ որ կ՛ընենք փուչիկներով խաղալ է: Թէեւ տասնամեակներէ ի վեր այս խաղը կոչած ենք քաղաքականութիւն: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` մխիթարութեան հանդէս` տարին անգամ մը, “ֆէթիշ“ացած թուականի մը:
Բարոյական-մխիթարական շրջագծի մէջ մենք մեզ բանտարկելով, մոռացութեան տուած ենք վերադարձի հիմնարար եւ յանձնառութիւն պահանջող գաղափարը: Ցեղասպանութեան ճանաչման հոգեկան բաւարարութենէն անդին, ի՞նչ ըրած ենք եւ ի՞նչ կ՛ընենք, որպէսզի հայրենահանուածները ոտքի կանգնին հայրենադարձութեան յանձնառութեամբ, ոչ միայն դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն (Արեւելեան Հայաստան), այլ նաեւ դէպի բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստան: Իսկ ազգը, անտարբերութեամբ, եւ յաճախ ալ մեղսակցութեամբ, հողակտոր փրկելու առաջադրանքին հակառակ ընթացքին կը հետեւի` զանգուածային արտագաղթով:
Աւելի պարզ խօսելով, Հայաստանի Հանրապետութեան բնակիչ արեւմտահայերը եւ սփիւռք(ներ)ի հայերը հոգեպէս եւ քաղաքականապէս պատրա՞ստ են այս հայրենադարձութեան, որ ոչ բարեսիրութիւն է (կամ պիտի ըլլայ) ոչ ալ զբօսաշրջութիւն: Ոչ ալ անվաղորդայն բաւարարութեան գինովութիւն, երբ նախագահ մը կամ քաղաքապետ մը կը յայտարարէ, որ Հայերը Ցեղասպանութեան ենթարկուած են:
Եթէ հոգեպէս եւ քաղաքականապէս պատրաստ ըլլայինք իսկական հայրենադարձութեան, առաջքը առած կ՛ըլլայինք մեր ժողովուրդին մեր մեղսակցութեամբ պարտադրուող մշակութասպանութեան, պարզ խօսելով, սերունդները օտարալեզու չէին դառնար, անոնց կրնկակոխ հետեւելով մեր բեմերը, հաղորդակցական միջոցները, ճառերը իրենց կարգին օտարալեզու չէին դառնար, զանգուածները դարձնելով “ծագումով հայեր“ու անտարազելի եւ անշրջագիծ ամբոխ: Եւ մանաւանդ, այս տեղատուութիւնը չէին ընդուներ որպէս յաջողութիւն կամ յառաջդիմութիւն:
“Ֆէթիշ“ թուականներու յաջորդելիք յուսախաբութիւններէն առաջ, ո՞վ պիտի նախաձեռնէ հայոց ազգային գաղափարախօսութիւնը իր ոտքերուն վրայ կանգնեցնելու ազգակերտ գործին, “հողակտոր փրկել“ու եւ գիտական համարուած վերլուծումներու թափահարումները գերանցելով. Հայաստանի Հանրապետութի՞ւնը, բազմագոյն Սփիւռք(ներ)ի բազմագոյն ղեկավարութիւննե՞րը, “տիրոջ ձայնը“ կրկնել մերժող մտաւորականութի՞ւնը (տարբեր կարծրացած դիրքերու պաշտպաններէն)…
“ԳԱՐՈ՞ՒՆ“ ԹԷ
“ՍԼՈԹ ՄԱՇԻՆ“
Համացանցային հաղորդակցութիւնները, ուրիշ ժողովուրդներու պարագային, իսկական զարթօնքի ոստումի միջոց դարձան, օրինակ, ըսին` “արաբական գարուն“:
Ինչպէ՞ս վերադարձի փիլիսոփայութիւնը համազգային ապրում եւ գործ պիտի դառնայ: Ի՞նչ կը կատարուի այդ ուղղութեամբ: Ի՞նչ կրնանք ընել եւ չենք ըներ: Մի՞թէ չէք լսած բնաւ, որ “այդ հողերը տրուին անգամ գացողներ չեն ըլլար“ ըսողները:
Ինչպէ՞ս, ո՞վ եւ որո՞նք պիտի սահմանեն արգելքները: Պիտի կարենա՞նք զանոնք յաղթահարել:
99ամեակ, 100ամեակ, 101ամեակ… տեսակարար տարբերութիւն պիտի ստեղծե՞նք, թէ՞…
Թէ՞ հարստանալու յոյսով Լաս Վեկաս գացողներու պէս “սլոթ մաշին“ի առջեւ պիտի կանգնինք եւ հետեւինք բախտի անիւին: Եւ յոգնելէ ետք ըսենք` թէ յառաջիկայ շաբաթ կամ ամիս կրկին կու գանք:
Արդէն հարիւր տարի է, որ կ՛երթանք եւ կու գանք: