ՀԱՅՈՒՆ ԱՆԴՈՀԸ ՀԱՍԿՆԱԼ ԵՒ ԸՍՏ ԱՅՆՄ ԳՈՐԾԵԼ

0 0
Read Time:3 Minute, 56 Second

Յ. Պալեան

            Հայաստանի հեռատեսիլի կայանները սփռեցին ընտրական քարոզարշաւի վերջին պատկերները եւ լուրերը: Վաղը պիտի չխօսին այդ մասին եւ ժողովուրդը կիրակի օր պիտի քուէարկէ:

            Հսկումի եւ մտածելու ժամեր: Այս սկզբունք է:

            Հայրենիքի ճակատագրով տագնապող հայուն համար, այս պարագային կը մտածեմ նաեւ սփիւռքի մասին, ուր հաւատաւոր զանգուած կայ որ անդոհ կ’ապրի, խորհելով եւ միշտ զգալով, որ հայրենահանուած է եւ հիմա կը գտնուի հայրենիքի ազատագրուած-փրկուած բեկորն ալ կորսնցնելու սպառնալիքին առջեւ:

            44օրեայ պատերազմէն եւ 9 նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած ստորնացնող եւ ընկճող Եռակողմ յայտարարութենէն ի վեր, Հայաստան ապակայունացած է: Իշխանութիւնը չի վերահսկեր, անկարող դարձած է վերահսկելու պետութեան ամբողջական ինքնիշխանութեան պաշտօնները: Թշնամին երկրի սահմաններուն վրայ կանգնած է եւ ինքնիրեն շնորհած ամենաթողութեամբ չի վարանիր գրգռութիւններ ընելէ, այսօր աւազակային բնոյթով, բայց վա՞ղը: Պատերազմի դրութեան մէջ կը յայտնաբերուին լրտեսական դէպքեր:

            Հայաստան ապակայունացած է, քանի որ կառավարութիւնը դուրս եկած է օրէնսդիրի (Ազգային Ժողովի) վերհսկողութենէն, եւ գործադիրը շրջանցելով օրէնսդիրը, յանձնառութիւններ ստանձնած է, ստորագրելով 9 նոյեմբերի Եռակողմ յայտարարութիւնը:

            Հայաստանի պակսեցաւ աղէտի դիմաց քաղաքացիական-հայրենասիրական բարձր գիտակցութեամբ անմիջապէս իշխանափոխութիւն կատարելու հասունութիւնը: Եւ հիմա, աղէտէն վեց ամիս ետք, ժողովուրդը պիտի քուէարկէ հրահրուող հին-նոր կիրքերու մթնոլորտի մէջ:

            Երկու օր հսկում, սպասում: ՄԷկ օրը՝ քուէարկութիւն:

            Մտահոգութիւն մը. մեր ժողովուրդին պիտի խնայուի՞ն պառակտումներու փշէ պսակ ըլլալու կոչուած ծայրայեղութիւններ, բախումներ… Չեմ ուզեր այլ յոռետեսական թուումներ ընել:

            Ի՞նչ կը խոստանայ ապագան:

            Ընտրութեան արդիւնքը նպաստաւոր ըլլայ թէ ոչ Նիկոլ Փաշինեանին, ան պիտի շարունակէ ( ՞ ) ամբոխահաճական (populiste) հռետորաբանութիւնը, մրցակիցը կամ ընդդիմախօսը որպէս թշնամի թիրախաւորելով: Ինչպէս սովորութիւն դարձուցած էր ընել, «նախկիններու» իշխանութեան օրով, Փաշինեան Ազգային Ժողովի բեմը մնայուն կերպով օգտագործած էր իր ամբոխահաճական ճառին համար, այդպէս ալ շարունակեց, երբ կը տիրապետեց իշխանութեան լծակներուն, ծածկելու համար ձախողութիւններ, պարտութիւն եւ անկարողութիւններ:

            Ինչ որ ալ ըլլայ ընտրութեան արդիւնքը, Փաշինեան պիտի գտնուի Ազգային Ժողովին մէջ, որ պիտի մնայ նկարագիր դարձած անվերջանալի վէճերու եւ հաշուեյարդարներու թատրոն, եւ փոխադրուելով Խորհրդարանի շէնքէն դուրս, ժողովուրդի թեր եւ դէմ կիրքերը պիտի լարէ: Մինչդեռ Հայաստան պէտք ունի միացնող, կազմակերպող եւ պարտութեան բոլոր տեսակի աւերները դարմանող ներքին եւ արտաքին իմաստուն վերականգնումի քաղաքականութեան:

            Պէտք է ըմբռնել, որ «ներքին» կոչուած թշնամիին դէմ պայքարը ազգային յաղթանակի չ’առաջնորդեր:

            Իսկական յաղթանակը կը տարուի ազգի թշնամիին դէմ:

            Ընտրութեան յաջորդ օրը պէտք է սկսի այդ իսկական յաղթանակի պատրաստութիւնը:

            Ընտրապայքարի ընթացքին բոլորի կողմէ կողմէ եղած փոխադարձ քննադատութիւնները, մանաւանդ անոնց յաճախ անտեղի տեսակները, պէտք է լռեցուին, եւ հեռանկարային համագործակցութեան նուիրուին պատգամաւորները, այն յստակ եւ քաջ կամքով, որ պիտի ըսէ՝ հայրենիքս իրաւունք ունի: Տիրացուի պէս պիտի չթուեմ Հայրենիքի բոլոր իրաւունքները, բացի մէկէն՝ որ անսակարկ նուիրումն է, եսերէն գերիվեր, որ բոլորիս պարտքն է:

            Պատմութիւնը կը յիշատակէ իրաւ մեծերու օրինակելի պարագաներ: Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ գրաւման տակ գտնուող Ֆրանսայի դիմադրական շարժման ղեկավարը, զօր. Շարլ տը Կոլ, ՄԻԱՑՈՒՑ տարբեր եւ իրարու հակադրուող հոսանքները եւ շարժումները: Այդ եղաւ յաղթանակի եւ վերականգնումի առաջին մեծ քայլը:

            (Ի դէպ, այսօր 18 յունիս, տարեդարձն է պարտութիւնը մերժող զօրավար տը Կոլի պատմական Կոչին):

            Փոխանակ զիրար բզքտելու եւ խոցելու, ինչո՞ւ պատմութեան գիրքերէն իմաստութիւն չենք քաղեր եւ ըստ այնմ ուղղութիւն չենք տար մեր խօսքին եւ գործին:

            Հասարակ տեղիք է ըսել, որ 19 յունիսը ինքամփոփման եւ մտածման հսկումի օր է: Իւրաքանչիւր քաղաքացի, 20 յունիսին, երբ կանգնի քուէատուփին առջեւ, լռեցնելով իր եսը, պէտք է գիտակցի մէկ բանի, որ իր արարքով, քուէաթերթիկով, կ’որոշէ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի, իր զաւակներու եւ գալիք սերունդի ապագան: Արդիւնքին համար ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ քննադատելու կամ դատապարտելու ուրիշները, դուրսի ուժերը, թշնամիները: Պէտք է գիտակցիլ նաեւ, որ ուշացած զղջումները բանի չեն ծառայեր, սխալը չեն սրբագրեր:

            Հաւանօրէն, երբ այս տողերը երբ հասնին ընթերցողին, քուէարկող քաղաքացիին նետը աղեղէն ելած կ’ըլլայ, եւ ան գտնուի իր ընտրութեան արդիւնքը սպասողի կացութեան մէջ կամ այդ արդիւնքին դիմաց:

            Ինչ ալ ըլլայ քուէարկութեան արդիւնքը, արեւելեան իմաստութեամբ պէտք է առաջնորդուիլ եւ ըսել, որ յաղթողներ յաղթուողներ չկան, ազգը ընտրած է, վճռած է, մեծահոգի համագործակցութեամբ պէտք է հայրենիքը դուրս բերել այն փակուղիէն ուր ան կը գտնուի:

            Ի հարկէ, այս ընելու համար, ազգը պէտք ունի իր լաւագոյն ուժերուն, յաղթողին եւ պարտուածին, աջակիցին եւ մրցակիցին, գիտակցելով՝ որ թշնամին ներսը չէ, դուրսն է, սահմանին վրայ եւ սահմանին միւս կողմը:

            Պէտք է գիտակցիլ նաեւ, որ ընտրական պարտութիւն մը իմաստութեան առաջնորդող ցնցում կը յառաջացնէ, որ պէտք է յանգի յաւելեալ պարտքի գիտակցութեան:

            Ընտրական յաղթանակ մը երբեք յաւերժական չէ, բայց լրջագոյն եղանակող պարտաւորեցնող է:

            Մեր երկրի եւ ժողովուրդի պատմութեան ներկայի տխուր կացութեան մէջ, յաղթողը պէտք է սնափառութիւնը գերանցող վեհանձնութիւն ունենայ եւ համագործակցութեան բերէ բոլորը:

            Ինչպէ՞ս, հարց կրնայ տալ քաղաքացին, որ երէկ կողմ էր :

            Բայց ի՞նչ բանի համար է ղեկավարը, որ ազնիւ փառասիրութիւնը պէտք է ունենայ ըլլալու բոլորի ղեկավարը:

            Անմիջականէն անդին նայող քաղաքացին ինք ա՛յս պիտի պահանջէ իր ընտրած ղեկավարէն:

            Ա՛յս պիտի գիտնայ քուէարկող քաղաքացիին հաշուեսու ղեկավարը:

            20 յունիսին իր քուէաթերթիկով ա՛յս պիտի ըսէ քաղաքացին:

            Վստահութեան քուէ ստացած ղեկավարը այս յանձնառութիւնը պէտք է ընդունի կամ հրաժարի եւ Հոնոլուլու երթայ:

            Հայաստան ցոյց պիտի տա՞յ ազգաշէն այս հասունութիւնը:

            Չըսել wait and see, այլ ա՛յս պահանջել, ըլլանք Երեւան թէ Գիւմրի, Եղվարդ թէ Սիսիան, Վարդենիս թէ Մեղրի… կամ, թող ներուի ըսել, նաեւ քուէազուրկ սփիւռք(ներ):

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles