
Հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի հերթական վերջին նիստին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 Նոյեմբեր 2020-ին, Երեւանի մէջ, որոշուեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Հարաւային Ամերիկայի, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ գործող լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն հետ առցանց ժողով մը գումարել 10 Դեկտեմբերին` Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին:
Մասնակցիլ փափաքողները կրնան կապուիլ` panarmenian.media@gmail.com ե-նամակին:
Հայկական մամուլէն կը խնդրուի արտատպել:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ՄԱՐՄԻՆ