
ՊԱՐՊԱՐԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
(թարգմանեց՝ ՆԱՆՕՐ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ)
Կարծես կախարդական մթնոլորտ մըն էր…1100-էն աւելի հայեր Costa Cruise Lines-ի գեղեցիկ նաւը, Costa Atlantica-ն, բարձրացան:
Costa Atlantica-ն շքեղ նաւ է, պատրաստուած հին ու դասական իտալական ոճով՝ վայելչօրէն զարդարուած:
13րդ Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտը, հովանաւորուած Ամերիկայի Հայկական Մշակութային Ընկերութեան կողմէ, տեւեց մէկ շաբաթ, Յունուար 16-23, 2010, եւ սկիզբ առաւ Ֆորթ Լոտըրտէյլի նաւահանգիստէն: Նաւապտոյտը բարեբաստիկ առիթ մըն էր փախչելու հիւսիսային նահանգներու սառնամանիքէն ու ձիւնէն:
Նաւապտոյտի հանդիպած վայրերու կարգին էին Միացեալ Նահանգներու »Վըրճին« Կղզիներէն Սէյնթ Թոմասը, Փուերթօ Ռիքոյի Սան Խուան քաղաքը, եւ Քայքոս Կղզիները: Բոլորս ալ անհամբեր կը սպասէինք արեւօտ ու հայկական, գեղեցիկ տեսարաններով, նոր դէմքերով, մշակութային ծրագիրներով, պարով, երաժշտութեամբ, կեր ու խումով, լի շաբաթ մը:
Հայեր ժամանեցին աշխարհի չորս կողմերէն՝ Հայաստանէն, Արժանթինէն, Աւստրալիայէն, Գանատայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Իտալիայէն, Իսրայէլէն, Լիբանանէն, Զուիցերիայէն, եւ Թուրքիայէն: Հայեր նաեւ եկած էին Մ.Նահանգներու գրեթէ ամէն նահանգներէն: Իւրաքանչիւր հիւր ստացաւ, այս առթիւ պատրաստուած յատուկ եռագոյն պայուսակը, եւ իրենց պաշտօնական թուղթերուն համար գրպանիկ մը՝ նուէր Ամերիկայի Հայկական Մշակութային Ընկերութեան եւ Travel Group International-ի կողմէ: Տարիներ իրար չտեսնելէ ետք, հայորդիներ իրենց ազգականներուն, բարեկամներուն, եւ դասընկերներուն գտան նաւէն ներս: Արտասուալից աչքերով, յուզումով ու ժպիտով, անոնք իրար վերագտան տարիներէ վերջ, այս Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտի ընթացքին:
Երեք միջոցներ կան նաւապտոյտը յաջողաբար վայելելու.-
1. Լման շաբաթ մը զուարճացէք, արեւուն ճառագայթներուն տակ, ամենօրեայ աղմուկէն ու շտապէն հեռու:
2. Տեղեկացէք ու վճռակամօրէն պաշտպանեցէք հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւնը:
3. Հանդիպեցէք հին բարեկամներու, ու կերտեցէք նոր բարեկամութիւններ:
Մէկ շաբաթ, մեր զանազան հարցերն ու տարբերութիւնները մէկդի դրած, մէկ ժողովուրդ, մէկ ազգ դարձանք, ու ստեղծեցինք »փոքր Հայաստան« մը Քարայիպեաններու շրջանէն ներս:
Բոլոր հիւրերը ստացան Ամերիկայի Հայկական Մշակութային Ընկերութեան Աւանդական Նաւապտոյտի եռագոյն բանալի-քարտ: Այս քարտի միջոցաւ հիւրերը մուտք ստացան նաւուն ամէն զբօսանքներուն: Առանց այս քարտին հիւրերու մուտքը ելոյթներէն ներս արտօնուած չէր: Ամէն առտու օրուայ յայտագիրը կը յայտարարուէր իտալերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով, եւ մեր հրճուանքին պատճառ՝ հայերէնով: Մեզ համար մեծ պատիւ էր Արքեպիսկոպոս Վաչէ Յովսէփեանի, եւ Ուստըրի նախկին քահանայ Վազգէն Պէքիարեանի ներկայութիւնը նաւէն ներս: Ամէն օր նաւուն կղերականութիւնը առաւօտեան պատարագը կատարեց, նաւուն աղօթարանէն ներս, որ միշտ լեցուն էր:
Իսկ ամէն գիշեր, երկու երաժշտախումբեր, նաւուն զանազան սրահներէն մէկէն ներս նուագեցին: Ժոզէֆ Գրիգորեան եւ իր խումբը, ինչպէս նաեւ Առաւօտ նուագախումբը, Ճիմ Գզիրեանի, Արամ Յովակիմեանի, Խաչիկ Ճինկիրեանի, Ճոն Հարոթեանի, եւ Ռիչըրտ Պէրպէրեանի հետ: Շաբաթ երեկոյ »Բարի Գալուստ«ի ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ, հիւրընկալութեամբ Ճորճ եւ Շաքէ Պասմաճեաններու, եւ Մարիա Դաւիթեանի: Նաւապտոյտի դեսպանները ներկայացուեցան, եւ շաբթուայ յայտագիրը յայտարարուեցաւ: Ապա, գեղարուեստական յայտագրի մը ընթացքին մասնակիցներ իրենց տաղանդները յայտնաբերեցին:
Ամէն օր, նաւապտոյտի հիւրերը լողաւազանի “ափ”ին կրնային նստիլ, արեւադարձային այդ հաճելի օդը վայելելով: Ուրիշներ մարզանք ըրին, պինկօ խաղացին, դասախօսութիւններու ներկայ գտնուեցան, կամ հայկական շարժապատկերներ դիտեցին: Իսկ անոնց համար որ բնաւ իրենց սենեակներէն դուրս չելան, նաւապտոյտը իրենց անվերջ տրամադրեց հայկական երգի ու պարի յայտագիրներ, երկու տարբեր կայարաններու միջոցաւ:
Թէքսասի Տալաս քաղաքի Մարկօ Գաֆթաճեանը հայկական պարի դասեր տուաւ, որոնց կարգին թամզարան, շուրջ պարը, հալեհը, եւ շատ մը ուրիշ ժողովրդական պարեր: Հիւրերը նոյնպէս առիթը ունեցան մասնակցելու թաւլուի եւ պլոթի մրցաշարքերու, Անդրանիկ Պուտագեանի եւ Ճորճ Պասմաճեանի կազմակերպութեամբ: Իսկ անոնք որոնք մարզական կարողութիւններով օժտուած էին՝ մասնակցեցան տարեկան կողովագնդակի մրցումներուն, Ճոն Ճէրիքեանի կազմակերպութեամբ:
Յատուկ սեղան մը յատկացուած էր 2010-ի Հայկական Աւանդական Պտոյտներուն, Մարօ Ասատուրեանի հսկողութեամբ, ուր հայորդիներ առիթը ունեցան արձանագրուելու 15 օրեր տեւող Հայկական Աւանդական Պտոյտին դէպի Հայաստան, Յուլիս 18-էն Օգոստոս 1, 2010. Մասնակիցներ նաեւ կարելիութիւնը պիտի ունենան պտոյտի մը մասնակցելու դէպի Ղարաբաղ: »Հայրենիք«ի գրախանութը նոյնպէս զբաղած էր ամէն օր, ծախելով հայկական խտասալիկներ, խտատեսիլներ, գիրքեր, եւ յուշանուէրներ: Առաւօտները, Ամերիկայի Հայկական Մշակութային Ընկերութեան գրասեղանը պատրաստ էր օժանդակելու նաւապտոյտի հիւրերը: Այնքան որ ճոխ էր յայտագիրը՝ որոշում առնելը դժուար կը հանդիսանար: 13րդ Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտին յայտագիրը գոհ կը պահէր ամէնքին:
Կիրակի օր ընթրիքէն վերջ, ամուրիներու »Սինկըլզ-Մինկըլզ« երիտասարդական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ: Առաջին անգամ ըլլալով, ամէն օր AHC Club 39 Happy Hour կազմակերպուած էր : 21-39 տարեկան հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, աշխարհի ամէն կողմերէն, առիթը ունէին հանդիպելու եւ թերեւս…
Այդ գեղեցիկ օրերէն մէկուն ընթացքին Ամերիկայի »Վըրճին« կղզիներէն մէկուն՝ Սէյնթ Թոմաս կղզիին ծովափն ու շուկան վայելեցինք: Երեկոյեան նաւ վերադառնալով Ամերիկայի Հայկական Մշակութային Ընկերութեան Կալա Քոքթէյլ հաւաքոյթին մասնակցեցանք, որ կազմակերպուած էր Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտի Յանձնախումբին եւ »Թրավըլ Կրուփ Ինթըրնաշընըլ«-ի կողմէ: Այդ երեկոյ, ընթրիքին, հիւրերը համտեսեցին հայավայել ճաշեր ինչպէս հոմմուս, թապպուլէ, պէօրէկ, ոչխարի եւ հաւու միսով խորոված, պուլղուրով փիլաւ, աղցան, եւ փախլաւայ: Յաջորդ առաւօտ հասանք Փուէրթօ Րիքօի Սան Հուան քաղաքը:
Հինգշաբթի օր, Անն Սամուէլեան եւ Հայկական Աւանդական Նաւապտոյտի Յանձնախումբը կազմակերպեցին »Հայկական Փառատօնի Օր«, լողաւազանային հաւաքոյթ մը: Մրցանակներ տրուեցան լաւագոյն եռագոյն հագուստին, կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն: Ներկուած երեսներով, պարուսոյց Մարկօ Գաֆթաճեանի “աշակերտները” այդ շաբթուայ ընթացքին իրենց սորված պարերը ներկայացուցին ներկաներուն, որոնց կարգին շուրջ պարը, թամզարան, հալեհը եւ ուրիշ պարեր: Հայկական պարի մրցում ալ տեղի ունեցաւ, մրցանակներ տրուեցան լաւագոյն պարողներուն: Այս արդէն իսկ սովորութիւն դարձած է, այնպէս որ նաւապտոյտի մասնակիցներէն ոմանք նոյնիսկ պատրաստ եկած էին` մինչեւ իսկ պարի տարազներով: Այդ օր, այս հայկական մթնոլորտին իր մասնակցութիւնը բերաւ նոյ նիսկ նաւուն ճաշարանը, հայկական ճաշեր հրամցնելով: Կէսօրէ վերջ, Քայքօս Կղզիին ծովափը վայելեցինք:
Նաւապտոյտին ընթացքին հետեւեալ ձեռնարկները տեղի ունեցան.-
-Համազգային Մշակութային Միութեան ձեռնարկ.- խտասալիկ մը ցուցադրուեցաւ՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Համազգայինի 80-ամեակին առիթով.
– Հայ Օգնութեան Միութեան ձեռնարկ.- Ընդունելութիւն եւ ապա միութեան 100-ամեակին առիթով ներկայացում մը.
– Պոսթընի Սայաթ Նովա Պարախումբի ելոյթ, Աբօ Աշճեանի կազմակերպութեամբ.
– Հայաստան Հիմնադրամի հետ զրոյց.- ինչպէս կարելի է շէնցնել Հայաստանն ու Արցախը.
– Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեանը Հայ-Թուրք արձանագրութիւններուն մասին զեկոյց մը ունեցաւ.
– Մարի Թէրզեան իր գիրքը ներկայացուց. Ան հեղինակն է “պանդուխտին դուստրը” (“The Immigrantÿs Daughter”) գիրքին.
– Արձանագրութիւններուն մասին կլոր սեղան զրոյց մը տեղի ունեցաւ, որմէ ետք կատարուեցաւ հարց-պատասխան:
– Անգլիայէն երգիծաբան Գեւ Օրգեանը ելոյթ մը ունեցաւ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ.
– Վարդանանց Ասպետներ եւ Դստրեր կազմակերպութիւնը ընդունելութիւն-ներկայացում մը կազմակերպեց անդամներու եւ բարեկամներու համար.
– »Արմինիըն Ուիքլի«ի 75րդ եւ »Հայրենիք«ի 110րդ տարեդարձներուն առթիւ ընդունելութիւն եւ ներկայացում մը կազմակերպուած էր՝ թերթին անցեալին եւ ներկային մասին.
-Զրոյց հայ-թուրք արձանագրութիւններուն, եւ անոնց հետեւանքները Արցախի շրջանէն ներս: Դասախօս՝ Անդրանիկ Գասպարեան.
– Հեղինակ Սօսի Գեւոնեան իր գիրքը “Աճուրդի Հոգիներէն Առաջ” (“Prior to the Auction Souls”) ներկայացուց.
– Պերճ եւ Թէրի Մինասեանները Հայաստանի Վանաձոր շրջանի կարօտեալ ընտանիքներու օժանդակութեան ծրագիր մը ներկայացուցին (The Humanitarian Outreach Foundation).
– ԺոզԷֆ Գրիգորեան եւ իր երգչախումբը ելոյթ մը ունեցան՝ ազգային տոհմիկ երգերու երեկոյ մը.