Լրահոս
Հայկազեան Համալսարանի Կազմակերպած Դասախօսութիւնը՝ «Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջանին՝ Մշակութային Ժառանգութիւնը եւ Սակաւ Աջակցութիւն Վայելող Լեզուները»
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայկազեան համալսարանը Չորեքշաբթի, 5 Օգոստոսին, հիւրընկալեց հանրային դասախօսութիւն մը՝ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի մասնակցութեամբ, «Արհեստական Բանականութեան Դարաշրջանին՝ Մշակութային Ժառանգութիւնը եւ Սակաւ Աջակցութիւն Վայելող Լեզուները» խորագիրով։ Բացման խօսքը կատարեց դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեան, իսկ եզրափակիչ անդրադարձը՝ համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան։

