ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ` ՄՆՁՈՒՐԻԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

0 0
Read Time:11 Minute, 2 Second

 Յու­լիս 27-էն 31, Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի Տեր­սիմ նա­հան­գի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մնձուրիի փա­ռա­տօ­նը, աւե­լի ծա­նօթ` Մնձու­րի` բնու­թեան եւ պաշ­տա­մուն­քի փա­ռա­տօ­նը անու­նով:

Արեւմ­տա­հա­յոց Հար­ցե­րու Ու­սում­նա­սի­րու­թեան Կեդ­րո­նի ղե­կա­վար Հայ­կա­զուն Ալվրց­եան եւ իր հետ ըն­կե­րա­ցող պատ­ուի­րա­կու­թիւն մը, մաս­նակ­ցե­ցաւ այս փա­ռա­տօ­նին, որոնց կար­գին Մա­րա­թուկ խում­բը: Այս փա­ռա­տօ­նին առ­թիւ, տոհ­միկ եր­գե­րու մէջ մաս­նա­գի­տա­ցած Մա­րա­թուկ,  հա­մեր­գա­շա­րով Տեր­սի­մի մէջ շրջե­ցաւ, իսկ ասոր կող­քին, աւե­լի քան տա­սը մտա­ւո­րա­կան­ներ` կա­տա­րե­ցին ու­սում­նա­սի­րա­կան-նկա­րա­հան­ման աշ­խա­տանք­ներ:

Նշենք թէ, մին­չեւ քսա­նե­րորդ դա­րաս­կիզբ, Տեր­սի­մի բնակ­չու­թեան զգա­լի մա­սը հայ էր: Նոյ­նիսկ շրջա­նէն ներս, նախ­քան թրքա­ցու­մը, հայ­կա­կան եղած են նա­եւ տե­ղա­նուն­նե­րը: Ան­գա­րա­յի յա­ջոր­դա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան ճնշու­մով, քանդ­ուած ու փուլ եկած են Տեր­սի­մի հայ­կա­կան բո­լոր եկե­ղե­ցի­նե­րը: Մին­չեւ 1915-ի Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը Տեր­սի­մի տա­րած­քին գոր­ծած են 45 հայ­կա­կան եկե­ղե­ցի­ներ եւ 5 վան­քեր:

Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, Տեր­սի­մի շատ մը գիւ­ղե­րու մէջ, հայ եւ քի­զիլ­պաշ բնակ­չու­թիւն­նե­րը հա­մե­րաշ­խօ­րէն կ՛ապ­րէ­ին, մին­չեւ իսկ քի­զիլ­պաշ երե­խա­ներ հայ­կա­կան վար­ժա­րան կը յա­ճա­խէ­ին եւ հա­յե­րէն կը սոր­վէ­ին: Հա­յե­րը լեռ­նա­յին տեր­սիմ­ցի­նե­րու քիր­վա­ներն (կնքա­հայր) էին:

Օտար պատ­մա­բան­ներ կը հաս­տա­տեն, որ 17-րդ դա­րէն սկսեալ, Պին­կէ­օ­լի, Սե­բաստ­իոյ, Երզն­կա­յի եւ Խար­բեր­դի շրջան­նե­րուն մէջ ապ­րող հա­յեր, չդի­մա­նա­լով Օս­ման­եան թուր­քե­րու ճնշում­նե­րուն, փո­խադր­ուած ու բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են Տեր­սիմ եւ կրօ­նա­փոխ դառ­նա­լով, ըն­դու­նած է­ին իս­լա­մա­կան շիա յա­րան­ուա­նու­թեան ալե­ւի ճիւ­ղը:
Եւ­րո­պա­ցի կարգ մը պատ­մա­բան­նե­րու կող­մէ ըն­դուն­ուած է այն տե­սու­թիւնը, որ 1937-38 քե­մա­լա­կան ու­ժե­րու կող­մէ ջարդ­ուած են 70 հա­զար տեր­սիմ­ցի­ներ եւ հա­յեր: Ար­դա­րեւ, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն, տեր­սիմ­ցի­նե­րը ապաս­տան տուած են աւե­լի քան քա­ռա­սուն հա­զար հա­յե­րու: Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հանգր­ուա­նին, Տեր­սիմ ապաս­տա­նած շատ մը հա­յեր ալե­ւի դար­ձած են` իւ­րաց­նե­լով տեր­սիմ­ցի­նե­րու ապ­րե­լա­կեր­պը:

Ըստ տեր­սիմ­ցի ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու մտա­ւո­րա­կան­նե­րու, 1938-ի յե­ղա­փո­խու­թեան տեր­սիմ­ցի­նե­րու կող­քին զէնք վեր­ցու­ցած են դա­ւա­նա­փոխ դար­ձած հա­զա­րա­ւոր հա­յեր, իսկ ապս­տամ­բու­թեան տխուր վախ­ճա­նին յա­ջոր­դող քե­մա­լա­կան բա­նա­կի ջար­դե­րուն` տեր­սիմ­ցի­նե­րու կող­քին սպան­ուած եւ ջարդ­ուած են նա­եւ հա­յոր­դի­ներ:

Փա­ռա­տօ­նի օրե­րուն` Հա­յաս­տա­նէն մեկ­նած ար­ուես­տա­գէտ­ներն ու մտա­ւո­րա­կան­նե­րը հա­ւա­քած, ձայ­նագ­րած ու տե­սագ­րած են ստի­պո­ղա­բար կրօ­նա­փոխ եղած բազ­մա­թիւ հա­յե­րու պատ­մու­թիւն­ներ:

Եր­կու­շաբ­թի Օգոս­տոս 8-ին, Երե­ւա­նի մէջ, յա­տուկ մա­մու­լի ասու­լի­սի մը ըն­թաց­քին, Արեւմ­տա­հա­յոց Հար­ցե­րու Ու­սում­նա­սի­րու­թեան Կեդ­րո­նի ղե­կա­վար Հայ­կա­զուն Ալվրց­եան հաս­տա­տեց թէ մեծ թիւով ծպտուած (ստի­պո­ղա­բար) հա­յեր կը բնա­կին:

Մնձուրիի Փա­ռա­տօ­նը եւս մի ան­գամ մեզ հա­մո­զեց, որ այն­տեղ մեծ քա­նա­կով հա­յեր կան: Նրան­ցից շա­տե­րը մօ­տե­ցան մեզ, պատ­մե­ցին իրենց պատ­մու­թիւն­նե­րը` զար­հու­րե­լի, ող­բեր­գա­կան, յու­զիչ պատ­մու­թիւն­ներ: Սա մի բա­ցա­ռիկ մի­ջո­ցա­ռում է, որ մեր մշա­կոյ­թը տա­նումհասց­նում է Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի խոր­քե­րը: Սա ար­տա­ռոց մի փաստ է: Սա մի կա­րե­ւոր  փա­ռա­տօն է ոչ միայն իրենց` Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ծպտեալ հա­յե­րուն հա­մար, այ­լեւ` Հա­յաս­տա­նի հա­յե­րուն, քա­նի որ մենք էլ պի­տի հաս­կա­նանք, թէ ինչ ու­նենք եւ իրենք ինչ ու­նեն, ինչ պի­տի տանք իրենց, եւ իրենց պահ­պա­նած մշա­կու­թա­յին բե­կոր­նե­րից ին­չը վերց­նենք, յայտ­նեց ըսաւ Արեւմ­տա­հա­յոց Հար­ցե­րու Ու­սում­նա­սի­րու­թեան Կեդ­րո­նի ղե­կա­վար Հայ­կա­զուն Ալվրց­եան, Օգոս­տոս 8-ին, Երե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մա­մու­լի ասու­լի­սի մը ըն­թաց­քին:

Հայ­կա­զուն Ալվրց­եան յայտ­նեց, որ փա­ռա­տօ­նը ար­դէն 13րդ տա­րին է, որ կը հիւ­րըն­կալ­ուի Տեր­սի­մի մէջ: Առա­ջին եր­կու փա­ռա­տօ­նե­րը եղած են ոչ պաշ­տօ­նա­կան, վեր­ջին 11ը` պաշ­տօ­նա­կան հրա­ւէ­րով:

Ալվրց­եան հա­ղոր­դեց, որ հա­յու­թեան մեծ զանգ­ուած մը` ստի­պո­ղա­բար կրօ­նա­փոխ եղած, այս­տեղ կ՛ապ­րի քիւր­տի եւ ալե­ւի­նե­րու պի­տա­կով, սա­կայն գաղտ­նա­բար կը պահ­պա­նէ հա­յու իր ինք­նու­թիւնը:

Լրագ­րող­նե­րուն խնդրան­քով Ալվրց­եան պատ­մեց դէպ­քե­րէն մէ­կը. Մա­րա­թուկը եղած էր գիւղ մը, ուր նա­եւ կ՛ապ­րէ­ին հա­յեր, եւ հա­մա­գիւ­ղա­ցի­նե­րու խնդրան­քով խում­բի քա­նի մը ան­դամ­ներ այ­ցե­լած են հիւանդ հա­յու մը, որ վեր­ջերս կաթ­ուած ստա­ցած է եւ չի կրնար շար­ժիլ կամ խօ­սիլ:

Մեզ ներ­կա­յաց­րին այս մար­դու պատ­մու­թիւնը` ար­կած­նե­րով լե­ցուն, մշտա­պէս գո­յու­թիւնը պահ­պա­նե­լու կռիւ­նե­րի մէջ, մշտա­պէս ծպտուած էր ապ­րել, նշեց Ալվրց­եան:

Մա­հա­մերձ հա­յու սնա­րին մօտ Մա­րա­թուկը եր­գած էր “Հայր մեր“ը:

Եր­գի ըն­թաց­քում նրա բի­բերն այն­քան լայ­նա­ցան, կար­ծես ակ­նա­կա­պիճ­նե­րից դուրս պի­տի գա­յին““, պատ­մեց Ալվրց­եան` նշե­լով, որ տե­սա­րա­նը անն­կա­րագ­րե­լի ազ­դե­ցու­թիւն ձգած էր ե՛ւ իրենց, ե՛ւ հա­մա­գիւ­ղա­ցի­նե­րուն վրայ, որոնք կը նա­յէ­ին յուզ­մուն­քով եւ խոր ապ­րու­մով:

Ալվրց­եան, յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­լով, յայտ­նեց թէ Տեր­սի­մի մէջ այս աւան­դա­կան դար­ձած ձեռ­նար­կը կը կոչ­ուիՄնձու­րի` բնու­թեան եւ մշա­կոյ­թի փա­ռա­տօն, որով­հե­տեւ Մնձուր գե­տը, որ հա­յոց սրբա­վա­յե­րէն եղած է եւ սկիզբ կ՛առ­նէ Անա­հիտ դի­ցուհիի ակունք-աղ­բիւր­նե­րէն, Թուրք­իոյ պե­տա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան պատ­ճա­ռով բնա­պահ­պա­նա­կան աղէտ կրնայ դառ­նալ տա­րա­ծաշր­ջա­նին հա­մար: Մնձուր գե­տը պատ­նէ­շած են, ամ­բար­տակ­նե­րու մէջ ջուր կու­տա­կե­լով բազ­մա­թիւ ջրա­ե­լեկտ­րա­կա­յան­ներ կա­ռու­ցե­լու նպա­տա­կով: Սա­կայն ջու­րե­րու կու­տակ­ման հե­տե­ւան­քով շատ բան փոխ­ուած է եւ բնա­կա­նա­բար ազ­դած շրջա­նի բնաշ­խար­հին վրայ:

Թուրք­իոյ մէջ ապ­րող հա­յե­րու հար­ցին մա­սին եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր չէր խօս­ուած, քա­նի որ շատ քիչ տե­ղե­կու­թիւն­ներ եղած են, սա­կայն այ­սօր հար­ցը սկսած է օրէ օր մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջաց­նել ու մեծ զար­գա­ցում­ներ ար­ձա­նագ­րել: Քա­նի մը տա­րի առաջ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ Թուրք­իոյ մէջ կա­տար­ուած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը ցոյց տուած է, որ երկ­րին բնակ­չու­թեան 46 առ հա­րիւ­րը միայն ու­նի թուրք ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւնը, մինչ ներ­կա­յիս երկ­րին մէջ կը խօս­ուին 36 լե­զու­ներ, որոնց հե­տե­ւորդ­նե­րը հանգր­ուա­նա­յին դրու­թեամբ սկսած են պա­հան­ջել իրենց կրօ­նա­կան, մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին իրա­ւունք­նե­րը:

Ծպտեալ հա­յե­րու շեր­տին մա­սին թրքա­կան մա­մուլն ու Թուրք­իոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ բազ­մա­թիւ պե­տու­թիւն­ներ (ինչ­պէս Գեր­ման­իա, Անգլ­իա, Հո­լան­տա, Պել­ճի­քա, Ռուս­իա եւ Իրան) հե­տաքրքր­ուած են, սա­կայն անոնք խորհր­դա­ւոր կեր­պով կը պա­հեն իրենց էու­թիւնը:

Անց­նող եր­կու տա­րի­նե­րուն շատ մը տեր­սիմ­ցի­ներ սկսան վե­րա­դառ­նալ իրենց հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն: Այս­պէս, Տեր­սի­մի հա­յե­րը սկսած են վե­րագտ­նել իրենց հայ­կա­կա­նու­թիւնը: Վեց հա­րիւր ըն­տա­նիք դար­ձած է քրիս­տոն­եայ:

Կազմ­ուած է “Տեր­սիմ հայ“ միու­թիւնը, որ կը մի­տի նո­րո­գել եկե­ղե­ցի­նե­րը, մկրտել հա­յու­թիւնը եւ սոր­վեց­նել հա­յե­րէ­նը: Ար­դէն իսկ ձեռ­նարկ­ուած է կի­րակ­նօր­եայ հայ­կա­կան դպրո­ցի մը բաց­ման: Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի կեն­սագ­րու­թիւնն ու յի­շո­ղու­թիւնն է: Անց­եա­լին թե­րեւս ան շա­տե­րու հա­մար հէք­ի­աթ էր, երե­ւա­կա­յու­թիւն էր, սա­կայն այ­սօր ան տար­բեր նշա­նա­կու­թեամբ կը ներ­կա­յա­նայ: Իս­լա­մա­ցած հա­յե­րը ու­նին բազ­մա­թիւ ճիւ­ղա­ւո­րում­ներ, որոնց մէջ ծպտեալ հա­յե­րը կ՛ապ­րին եր­կու կեանք, մէ­կը` հա­սա­րա­կու­թեան մէջ իբ­րեւ թուրք կամ քիւրտ, իսկ երկ­րոր­դը` իրենց ըն­տա­նե­կան կեան­քին մէջ եւ նեղ շրջա­նա­կին մէջ իբ­րեւ հա­յեր, որոնք կը պահ­պա­նեն իրենց ծէ­սե­րը, աւան­դու­թիւն­նե­րը, լե­զուն եւ դա­ւա­նան­քը: Հե­տաքրք­րա­յան է նշել, թէ ի տար­բե­րու­թիւն իս­լա­մա­ցած հա­յե­րուն, ծպտեալ հա­յե­րը ու­րիշ­նե­րու հետ ամուս­նու­թիւն­ներ չեն կնքեր` պա­հե­լու հա­մար իրենց աւանդ­նե­րը:

Ժա­մա­նակ­նե­րը փոխ­ուած են եւ զար­գա­ցում­նե­րը կ՛ըն­թա­նան շատ արագ: Յի­շա­տա­կե­լի է թէ աւե­լի շատ հա­յու­թիւն կ՛ապ­րի Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մէջ` քան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ:

Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի հա­յու­թիւնը այ­սօր կը հաշ­ուէ 3.5-4 միլի­ոն, մեծ մա­սամբ քրտա­ցած եւ թրքա­ցած հա­յեր (“ծպտեալ հա­յեր“), որոնք կ՛ապ­րին զգա­լի զար­թօնք մը: Փաս­տե­րէն մէկն է, Տեր­սի­մի մէջ ստեղծ­ուած ներ­կայ իրա­վի­ճա­կը:

Ժա­մա­նա­կը հա­սած է մա­մու­լով եւ հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու մի­ջո­ցով բռնագ­րաւ­եալ Հա­յաս­տա­նի մէջ ապ­րող հա­յե­րուն հար­ցե­րը դարձ­նել հա­մայն հա­յու­թեան խնդի­րը:…Իսկ Մա­րա­թուկ խում­բի` Մնձու­րի փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին ելոյթ­նե­րը լայ­նօ­րէն լու­սա­բան­ուած է թրքա­կան լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ եւ բազ­մա­ցիւ թեր­թեր, վերլու­ծա­կան յօդ­ուած­նե­րով անդ­րա­դար­ձած են:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles