
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Աֆրին (արաբ.՝ عفرين) քաղաքը կը գտնուի Հալէպ նահանգի հիւսիս-արեւմտեան մասը, Աֆրին գետի երկու ափերուն, ծովի մակերեսէն 215 մեթր բարձրութեան վրայ:
Աֆրինը տեղադրուած է Հալէպէն 38 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք եւ 332 քիլոմեթր Դամասկոսէն դէպի հիւսիս: Մօտ է Ազազին:
Շրջանը գտնուած է հռոմէացիներու եւ օսմանցիներու տիրապետութեան տակ: 1922-ին անցած է Ֆրանսայի տիրապետութեան տակ, իսկ 1946-ին դարձած է Սուրիոյ մէկ մասը:
Աֆրինի տարածաշրջանը Սուրիոյ այն մասն է, որուն մէջ ընդգրկուած է թիւով ամէնէն շատ գիւղերն ու գիւղաքաղաքները: Հոն կան մօտ 350 գիւղեր, գիւղաքաղաքներ եւ աւաններ, որոնցմէ կը ներկայացնենք քանի մը հատը՝ Աֆրին քաղաքը, Ճինտերես, Պիւլպիւլ, Ռաճօ եւ այլն:
Հիւսիսային Սուրիոյ առեւտուրի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը եղած է Աֆրին քաղաքը: Աֆրինի լեռները, որ շրջանի բնակիչները կը կոչեն Քիւրտ տաղը (քրտական լեռ) կը կապէ Սուրիոյ՝ կարեւոր հանգոյց մը գոյացնելով առեւտրական եւ փոխադրական գործողութիւններու: Նշանաւոր եղած է իր պազարը, ուր ամէն չորեքշաբթի օր երկրի հեռաւոր անկիւններէն վաճառականներ եւ արհեստաւորներ հոս կը փութան առեւտուրի համար:
Աֆրինի մէջ հայեր բնակութիւն հաստատած են Կիլիկիոյ պարպումէն ետք:
Մինչեւ 1927 ոչ մէկ տուն կառուցուած է: Կառավարութեան որոշումով, իբրեւ շրջակայ գիւղերու կեդրոն, Աֆրինի հիմը դրած է բժիշկ Յակոբ Խայեան՝ առաջին բնակարանը կառուցելով: Ժամանակի ընթացքին բարգաւաճ գիւղ մը կը դառնայ Աֆրին՝ գերակշիռ մասը քիւրտերը կազմելով:
Հետագային Աֆրինի մէջ հայեր կառուցած եւ սեփականատէր եղած են շատ մը շէնքերու, բնակարաններու եւ կալուածներու, որոնցմէ քանի մը հատը մինչ օրս տակաւին կանգուն կը մնայ:
Վերոնշեալ բնակարանները կառուցուած են 1925-ի կառավարական շէնքի կառուցումէն առաջ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթական հայեր նախ բնակութիւն հաստատած են քիւրտերու լերան կարգ մը գիւղերը, ինչպէս Մէյտանքի եւ Քամրուք: Ապա ուղղուած են Աֆրինի հիւսիս-արեւելքի (նախապէս Շեխմուք թաղամաս) շրջանը, իսկ ուրիշներ ալ կայք հաստատած են «նոր արտ» կոչուող հողերուն մէջ, բրինձ ցանելու:
Աֆրինի մէջ առաջին կառուցուած բնակարաններէն կը համարուի արհեստով ինքնաշարժներու մեքանիսեան Մաքսուտ Ապաճեանի բնակարանը: Բնակարանը, ան կառուցած է 1924-ին, նախքան կառավարութեան շէնքի (Սերայ) եւ ոստիկանատունի կառուցումը: Բնակարանը կառուցած են Ղալայճի Արթինի մեծ հայրը, հայրը եւ հօրեղբայրը:
Միւս կողմէ, Րաճոյի ճամբուն վրայ կը գտնուի Լուսին Գէորգի «հայուհիի Պերեհ պանդոկ»ը (أوتيل بيريه أرمنية): Բնակարանը կառուցուած է 1925-ին, ապա՝ 1948-ին օգտագործուած է իբրեւ պանդոկ: 1967-ին, պանդոկը փակուած է եւ Մաքսուտ Ապաճեանի միջոցաւ ծախուած:
1927-ին, կառուցուած է «Հայ Վահանի բնակարան»ը (دار الأرمني وهان), ուր հոն ապրած է Վահանը, գետնայարկը ապրած են Վահանի ազգականները՝ Խաչոն եւ անոր եղբայրը Մուրատը:
1932-ի տուեալներով այդ գիւղին մէջ եղած են 40 տուն հայեր, բոլորն ալ ինքնաբաւ, զբաղած են արհեստով, մանր առեւտուրով ու այգեմշակութեամբ: Հայ ընտանիքներուն կէսը սեփական տուներու տէր եղած են:
1932-ին կ’ընտրուի թաղականութիւն մը, որ կ’ունենայ արդիւնաւէտ գործունէութիւն:
Աֆրինի մէջ կառուցուած է Ս. Նշան եկեղեցին, որուն հիմնարկէքը եւ Օծումը տեղի ունեցած է շաբաթ, 28 հոկտեմբեր 1933-ին Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէյեանի ձեռամբ, տեղւոյն թաղականութեան, Ազազի եւ Հալէպի Ազգայիններու ու հոծ բազմութեան:

Եկեղեցին 900 քառակուսի կանգուն գետնին վրայ 13 X 7 X 5 մեթր մեծութեամբ տարածքին վրայ բարձրացած է, ճարտարապետ Զաւէն Վահրամեանի վերահսկողութեամբ:
Շրջան մը Արժանապատիւ Մեսրոպ քահանայ Պագամճեան հովուած է Աֆրինի հայ համայնքը: Սակայն յետագային եկեղեցւոյ յաճախակի այցելու սպասարկուներէն եղած է Տէր Գուրգէն քահանայ Հաճէթեանը, ինչպէս նաեւ Ազազէն այցելու քահանաներ:
1942-ին, Սուրիոյ օրուան նախագահ Շուքրի Քուաթլիի Աֆրին այցելութեան ընթացքին, Արժանապատիւ Տէր Սահակ քահանայ Պալեան իբրեւ Ազազի ինքնակառավարման խորհուրդի (Մեճլէս Իտարա) անդամ ներկայ եղած է նախագահին ընդունման պատուիրակութեան մէջ:
Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ կողքին հիմնուած է Ազգային վարժարան մը: Ըստ 1951-ի տուեալներուն վարժարանը ունէր 31 երկսեռ աշակերտ եւ 3 ուսուցիչներ: Իսկ 1953-ի տուեալներով՝ 15 աշակերտներ, որպէս դաստիարակ ուսուցիչ ունենալով միայն հայ երիտասարդ պաշտօնեայ մը: Դպրոցը ինքնաբաւ եղած է, կրթաթոշակներէն գանձուած գումարը բաւարար եղած է ամէն ծախս հոգալու: Իսկ 1961-ի տուեալներով վարժարանը ունեցած է տասը աշակերտներ, Միհրան Քէշիշեանի տնօրէնութեամբ: Նշենք, թէ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) հոգացած է անոր նիւթական պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժինը բերած է իր օժանդակութիւնը:
Աֆրինի հայ համայնքը օրին եղած է մէկ սիրտ ու մէկ հոգի, նուիրուած համայնքին, ազգային, կրօնական ու կրթական գործերու յառաջդիմութեան ու բարգաւաճման: Համայնքի զաւակները ընդհանրապէս արհեստաւոր եւ գործաւոր դասակարգի պատկանած են:
Աֆրինի մէջ հայերու գերեզմանատունը եղած է այն հողաշերտը, որուն մէջ թաղուած են ե՛ւ հայերը, ե՛ւ իսլամները:
Աֆրինի մէջ ՀԲԸՄ-ը ունեցած է ակումբ-տուն մը: Իսկ, Աֆրինի գիւղերէն Ռաճօ եւ Մէյտան Էքպէզ, որ նոյնպէս հայութիւն գոյութիւն ունէր, հոն եւս ՀԲԸՄ-ը ներկայութիւն եղած է:

Աֆրին ժամանակի ընթացքին ներգաղթի հետեւանքով հայ բնակչութենէն պարպուած է, իսկ մնացածն ալ հաստատուած են կեդրոն քաղաքներ: 1961 թուականին մատի վրայ համրուող քանի մը հայ ընտանիք մնացած է: Միւս կողմէ, Հալէպէն կարգ մը հայեր շաբթուան քանի մը օրը գործի պատճառով կը մեկնէին Աֆրին, անոնց մէջ ընդհանրապէս ոսկերիչներ, արհեստաւորներ ու վաճառականներ եւ այլն: Սուրիոյ պատերազմէն առաջ այդ քանի մը հայերն ալ դադրած էին Աֆրին երթալէ: Բայց հոն բնիկ մնացած են միայն քանի մը անձ:
2011 թուականին Սուրիոյ տարածքին սկիզբ առած պատերազմը, թէեւ երկրի ամէն կողմ տարածուեցաւ, սակայն պէտք է ըսել, թէ Աֆրինի շրջանը համեմատաբար աւելի ապահով մնաց մինչեւ 2017 թուականի վերջաւորութեան: Համեմատաբար աւելի ապահով ըլլալու պատճառը այն էր, որ այդ շրջանի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը քիւրտեր են եւ անոնք Ռիֆ Հալէպի հիւսիսարեւելեան շրջանը պաշտպանած են՝ փակելով Աֆրինի մայր ճամբան, որ ամբողջովին քիւրտերուն իշխանութեան տակ կը գտնուէր: Սակայն անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ քիւրտերը այդ շրջանին մէջ բաւական լուրջ սանձարձակ գտնուեցան եւ Սուրիոյ սահմանադրութեան չհամապատասխանող բազմաթիւ արարքներ կատարեցին:
Մեր տուեալներով, Աֆրին Սուրիոյ տագնապէն առաջ գոյութիւն ունէր քանի մը հայեր, որոնք շրջանի մնայուն բնակիչներն էին, իսկ պատերազմի ժամանակաշրջանին Աֆրինը համեմատաբար աւելի ապահով նկատելով քանի մը հայեր եւս հոն բնակութիւն հասատատեցին եւ գործ հիմնեցին:

20 Յունուար 2018 թուականին, Աֆրին ճակատագրական դարձակէտի մը հանդիպեցաւ, երբ Թուրքիա Աֆրին շրջանին դէմ շղթայազերծեց զինուորական գործողութիւն մը, զոր կոչեց «Ձիթենիի ճիւղ» (թուրք.՝ Zeytin Dalı Harekâtı):
Թրքական բանակը սուրիական ազատ բանակի ուժերուն հետ միատեղ ներխուժեց Աֆրին` ապահովական գօտի մը ստեղծելու պատրուակով:
Թրքական բանակը, օդուժն ու ցամաքային ուժերը իրենց շղթայազերծած «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ծիրին մէջ բուռն կերպով կը ռմբակոծեն քիւրտ զինեալներուն դիրքերը: Շրջանին մէջ ներկայութիւն են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ), Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան, Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ Կանանց ինքնապաշտպանութեան ջոկատները:
Քաղաքը կ՛ենթարկուի թրքական պետութեան կողմէ արտաքին յարձակումի մը, որ կը վտանգէ երկրին հողային ամբողջականութիւնն ու քաղաքացիներուն կեանքերը:
Յարձակումին իբրեւ հետեւանք ո՛չ միայն զոհուած եւ վիրաւորուած են շրջանի քաղաքացիներ, արձանագրուած են նիւթական վնասներ այլ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ թրքական ուժերը ոչնչացուցած են երկաթէ դարու ժամանակաշրջանի Էյն-Տարա տաճարը:
Վերջաւորութեան, Աֆրին ապրող քանի մը հայերու մասին հետազօտական աշխատանքի իբրեւ արդիւնք կրնանք ըսել, որ այսօր հոն կ՛ապրին չորս հայեր միայն, իսկ միւսները յաջողած են շրջանէն դուրս գալ` դէպի Հալէպ քաղաք: Այդ հայերէն մէկը կրցաւ երկուշաբթի, 29 Յունուար 2018-ին դուրս գալ Աֆրինէն:
Here are two Armenians of Afrin speaking in Kurdish and then in Armenian :