
Սեպտեմբեր 20-ին, Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք համահայկական 5-րդ համաժողովի լիագումար նիստը, որուն մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց. «Հայաստանի ազատ ու անկախ հանրապետութիւնը կրկին իր յարկին տակ ընդունեց աշխարհասփիւռ մեր գործիչներուն Հայաստան-սփիւռք համաժողովը: Սրտանց կ՛ողջունեմ բոլորդ մայր հայրենիքին մէջ»: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին հանրապետութեան նախագահը նշեց. «2015-ին ազգովին պիտի ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: 2015 թուականը քաղաքական լուրջ նախաձեռնութիւններու եւ ձեռքբերումներու տարի պէտք է դառնայ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան համար»:
Սուրիայէն ներգաղթած սուրիահայերուն մասին խօսելով հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ «անոնք Եղեռնը վերապրած մեր նախնիներուն բեկորներն են, որոնք, սփռուելով աշխարհով մէկ, կրցան պահպանել ազգային դիմագիծն ու հայկականութիւնը: Աւարտելով խօսքը` նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 23-րդ տարեդարձին առիթով եւ կոչ ուղղեց բոլոր հայերուն անընդհատ ամրացնելու կապը հայրենիքին հետ: