Լրահոս
«Հայաստան» Դաշինքի Վերջին Հանրահաւաքը` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ
ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 18-ին «Հայաստան» դաշինքը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կատարեց վերջին քարոզարշաւը:
Հայաստանի բոլոր մարզերն ու քաղաքները այցելելէ, հաւաքներու եւ հանդիպումներու ճամբով բնակիչներուն կարիքներուն ծանօթանալէ ու դաշինքի նախընտրական ծրագիրը ներկայացնելէ ետք, «Հայաստան» դաշինքի անդամները Հանրապետութեան հրապարակէն յայտարարեցին, որ իրենք պիտի գործեն Հայաստանի եւ հայութեան գերագոյն շահերուն ի խնդիր:

