Յօդուածներ

Հայաստանի Տեղեկատուական Պատերազմը Փաստերու Մասին Չէ, Այլ՝ Ազգ Մը Անձնատուութեան Վարժեցնելու Մասին Է

Դոկտ. Արա Նազարեան

Մօտ մէկ տասնամեակէ ի վեր, հայերը ենթարկուած են քաղաքական հաղորդակցութեան այնպիսի ռազմավարութեան մը, որ կը հետեւի յստակօրէն ճանաչելի եւ խորապէս վնասակար օրինաչափութեան մը․ նախ՝ վճռական ժխտում, ապա՝ մտահոգութիւններու ծաղրանք, յետոյ՝ նախապէս ժխտուած հնարաւորութեան աստիճանական բնականացում, եւ վերջապէս՝ այն արդիւնքի ընդունումը, որ երբեմնի «անկարելի» կը նկատուէր։ Այս օրինաչափութիւնը կրկնուած է հարց առ հարց՝ Արցախ, տարածքային զիջումներ, սահմանադրական փոփոխութիւններ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններ, այսպէս կոչուած «միջանցք»-ը, իսկ այժմ նաեւ՝ Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցիներու վերաբնակեցման քննարկումները։

Այս ռազմավարութեան վտանգը միայն քաղաքական չէ։ Անիկա հոգեբանական է։ Եւ այս տարբերութիւնը հասկնալը կենսական է, որովհետեւ հայկական հանրային դաշտին մէջ այսօր տարածուած կեղծ համեմատութիւններէն մէկը այն պնդումն է, թէ թէ՛ իշխանութիւնը, թէ՛ ընդդիմութիւնը պարզապէս «վախի քարոզչութիւն» կամ «gaslighting» կ՚ընեն։ Բայց իրականութիւնը այդ չէ։

Իշխանութիւնները բազմիցս ժխտած են վտանգները, ծաղրած են մտահոգութիւնները, զգուշացումները ներկայացուցած են որպէս ջլախտ (hysteria) կամ արտաքին ուժերու միջամտութիւն, միայն որպէսզի յետագային բնականացնեն, իրագործեն կամ բացայայտօրէն պաշտպանեն նոյն այն արդիւնքները, որոնք նախապէս կը պնդէին թէ «երբեք պիտի չպատահին»։ Միւս կողմէ, ընդդիմութիւնը մեծ մասամբ գտնուած է արձագանգող դիրքի մէջ՝ շարունակ փորձելով փաստագրել հակասութիւնները, պահպանել հաստատութենական յիշողութիւնը եւ նախազգուշացնել հասարակութիւնը հետեւանքներուն մասին՝ անոնց իրականանալէն առաջ։

Այս տարբերութիւնը կարեւոր է անոնց համար, որոնք կը գնահատեն ճշմարտութիւնը եւ կը պաշտպանեն հայկական ազգային շահերը։

Advertisement Subscribe Today

Մէկ կողմը շարունակ կը փոխէ իրականութիւնը։ Միւսը, որքան ալ անկատար, կը փորձէ հետեւիլ արագ փոփոխուող քաղաքական միջավայրի մը, ուր կարմիր գիծերը շարունակ կը փլուզուին։

Ուստի խնդիրը պարզապէս «վախ»-ը չէ։ Խնդիրը վստահելիութիւնն է։

Հայերը չեն պատկերացներ, թէ վերջին վեց տարիներուն տեղի ունեցած են ազգային ծանր նահանջներ։ Անոնք կը հակազդեն տեսանելի քաղաքական արդիւնքներու՝ Արցախի կորստեան, Արցախի հայութեան ցեղային զտման, հայկական ինքնիշխանութեան վերաբերեալ փոխուող հռետորաբանութեան, սահմանադրական վերանայման քննարկումներուն, հայ եկեղեցւոյ, պատմութեան եւ ազգային արժէքներու դէմ յարձակումներուն, թուրք եւ ատրպէյճանական պահանջներու աճող բնականացման, եւ այնպիսի հրապարակային խօսոյթի մը, որ անցեալին քաղաքականապէս անհնար պիտի նկատուէր։

Նպատակը միայն հայկական հանրութիւնը որոշ քաղաքական դիրքորոշումի մը համոզելը չէ։ Նպատակը հանրութեան վստահութիւնը քայքայելն է՝ իր սեփական յիշողութեան, բնազդին եւ ապրած փորձառութեան հանդէպ, մինչեւ որ ժողովուրդը հոգեբանօրէն վարժուի ընդունելու այնպիսի արդիւնքներ, որոնք նախապէս անհաւատալի կը թուէին։

Ահա թէ ինչու այսօր շատ հայեր հանրային քննարկումները նկարագրելու համար աւելի ու աւելի կը գործածեն «վախի քարոզչութիւն, «քնախտ» (hypnosis), «բարոյալքում» եւ «հոգեբանական պատերազմ» արտայայտութիւնները։

Հիմնական դժգոհութիւնը այն չէ, թէ կառավարութիւնը պարզապէս ոչ ժողովրդական որոշումներ առած է։ Կառավարութիւնները այդ կ՚ընեն մշտապէս։ Դժգոհութիւնը այն է, որ ժողովուրդը աւելի ու աւելի կը զգայ, թէ իրեն կ՚ըսուի չվստահիլ իր իսկ յիշողութեան։

Միջանցքի հարց գոյութիւն չունէր։
Ապա՝ գոյութիւն ունեցաւ։

Արցախը պիտի չլքուէր։
Պատերազմ եղաւ, եւ 44 օր շարունակ ժողովուրդին ստեցին։
Ապա՝ Արցախը յայտարարուեցաւ Ատրպէյճանի մաս։

Ինքնիշխանութեան քայքայում պիտի չըլլար։
Այժմ կը ծագին արտաքին վերահսկողութեամբ հաղորդակցութիւններու եւ Ատրպէյճանական պահանջներուն համապատասխան սահմանադրական փոփոխութիւններու քննարկումներ։

Ատրպէյճանական «վերադարձի» գաղափարներուն վերաբերեալ մտահոգութիւնները կը ներկայացուէին որպէս խելացնորութիւն։
Այժմ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները բացայայտօրէն կը խօսին «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի, Հայաստան ատրպէյճանցիներու վերադարձին եւ հայկական տարածքներու նկատմամբ պատմական պահանջներու մասին։ Իսկ հայկական իշխանութիւնները ոչ միայն չեն հերքեր այս բոլորը, այլեւ այժմ իրենք իսկ կը խօսին այս նիւթերուն մասին։

Նախ կը գործածուի զգացական ազգային լեզու՝ «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ»։ Ապա կը ժխտուի վտանգը։ Յետոյ կը ծաղրուին անոնք, որոնք մտահոգութիւն կը յայտնեն։ Ապա կու գայ աստիճանական վերաձեւակերպումը․ թերեւս փոխզիջումը անհրաժեշտ է, թերեւս պատմական ենթադրութիւնները սխալ էին, թերեւս ազգային սպասումները իրապաշտ չէին։ Եւ վերջապէս կու գայ ամբողջական շրջումը՝ Արցախը Ատրպէյճան է, հարցը փակուած է, անցէք առաջ։

Հայերու մեծ մասը հոգեբանօրէն խահագործուած կը զգայ՝ քաղաքական կարմիր գիծերու շարունակական տեղաշարժէն։ Այս մէկը պարզ քաղաքական անհամաձայնութիւն մը չէ։ Անիկա վստահութեան խնդիր է։ Հայ ժողովուրդը կը յիշէ, թէ իրեն ըսուած էր՝ զիջումներ պիտի չըլլան։ Կը յիշէ, թէ իրեն վստահեցուած էր՝ միջանցքի հարց գոյութիւն չունի։ Կը յիշէ, թէ իրեն ըսուած էր՝ ինքնիշխանութիւնը պիտի չվնասուի։ Կը յիշէ, թէ արցախահայութիւնը պիտի չլքուէր։

Իսկ այժմ ժողովուրդը աւելի ու աւելի կը լսէ այնպիսի քննարկումներ, որոնք անցեալին քաղաքականապէս աներեւակայելի պիտի ըլլային՝ ատրպէյճանական պահանջներուն համապատասխան սահմանադրական փոփոխութիւններ, արտաքին վերահսկողութեամբ շրջանային հաղորդակցութիւններ, փոխադարձութեան բացակայութեամբ «բնականացում», եւ հռետորաբանութիւն մը, որ կը նուազեցնէ կամ կը վերաձեւակերպէ հայկական հիմնական ազգային մտահոգութիւնները։

Խնդիրը այն չէ, թէ հայկական հասարակութեան մէջ շրջանառուող ամէն վախ ճիշդ նոյն ձեւով պիտի իրականանայ։ Խնդիրը այն է, որ հայ ժողովուրդը այլեւս չի վստահիր քաղաքական հաղորդակցութեան ամբողջ գործընթացին։

Այս երեւոյթը յատկապէս տեսանելի է Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանցիներու հնարաւոր վերադարձին վերաբերեալ քննարկումներուն մէջ։ Այսօր հայկական քաղաքական դաշտի ամենէն զգայուն հարցերէն մէկը կը վերաբերի Հայաստանի տարածքին մէջ՝ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Տաւուշի եւ այլ շրջաններու մէջ, մեծաթիւ ատրպէյճանցիներու (մօտաւորապէս 300 հազար) վերաբնակեցման հեռանկարին։ Կառավարութեան քննադատները չեն մատնանշեր վերացական դաւադրութեան տեսութիւններ, այլ՝ ատրպէյճանական բացայայտ հռետորաբանութիւնը «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի մասին, կազմակերպուած համաժողովները, որոնք կը քննարկեն ատրպէյճանական վերադարձի օրակարգը, եւ Հայաստանի մէջ իշխող վերնախաւի կողմէ բնականացուող հրապարակային խօսոյթը։

Կարելի է վիճիլ այս վտանգներուն ճշգրիտ ծաւալին կամ անմիջականութեան մասին։ Բայց այս մտահոգութիւնները «մաքուր երեւակայութիւն» համարելը աւելի ու աւելի դժուար կը դառնայ, երբ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները իրենք բազմիցս հրապարակայնօրէն կը ներկայացնեն նման գաղափարներ, իսկ հայկական իշխանութիւնները ոչինչ կ՚ընեն զանոնք հակադարձելու համար։

Հայկական քաղաքական քննարկումներուն մէջ լայնօրէն շրջանառուող եւ վերջին մեկնաբանութիւններուն մէջ յաճախ յիշատակուող քարտէս մը կը մատնանշէ այն շրջանները, ուր մօտաւորապէս 150 գիւղերու խումբեր տեղադրուած են Հայաստանի ռազմավարապէս զգայուն գօտիներուն մէջ։ Այս վերաբնակեցման գօտիները պատահական ժողովրդագրական կէտեր չեն, այլ սերտօրէն կը համապատասխանեն «Արեւմտեան Ատրպէյճան» լայն օրակարգին, զոր կը զարգացնեն ատրպէյճանական պետական կապերով դերակատարներ։

Քարտէսը առանձնապէս մտահոգիչ է իր ռազմավարական դիրքով։ Մեծ կեդրոնացումներ կան Սեւանի արեւելեան շրջանին եւ ամբողջ Սիւնիքի մէջ՝ գօտիներ, որոնք կը վերահսկեն Հայաստանի կարեւորագոյն ճանապարհային ուղիները, բարձրաւանդակները եւ ջրային պաշարները։ Յատկապէս Սիւնիքի մէջ, լայնածաւալ ատրպէյճանական վերաբնակեցման ձեւաւորումները կրնան ապագային ժողովրդագրական եւ քաղաքական ճնշում ստեղծել Հայաստանի՝ դէպի Իրան միակ վստահելի ցամաքային կապին վրայ, որ Հայաստանի ամենէն ռազմավարական արտաքին ելքն է՝ թուրք եւ ատրպէյճանական ազդեցութենէն դուրս։

Այլ նշուած գօտիներ կը գտնուին հիմնական մայրուղիներու, լեռնանցքներու եւ կարեւոր ջրային համակարգերու մօտ՝ Գեղարքունիքի, Տաւուշի եւ հիւսիսային Հայաստանի մէջ, ուր նման ժողովրդագրական դիրքաւորումը ժամանակի ընթացքին կրնայ ստեղծել ոչ միայն համակեցութեան դժուարութիւններ, այլեւ՝ երկարաժամկէտ ռազմավարական խոցելիութիւն՝ ատրպէյճանական բնակչութեան մօտեցնելով կամ վերահսկողութիւն տալով Հայաստանի ենթակառոյցներուն, հաղորդակցական ուղիներուն եւ կենսական ջրային պաշարներուն։

Կրկին, խնդիրը այն չէ, թէ ամէն ծայրայեղ կանխատեսում ճիշդ նոյն ձեւով պիտի իրականանայ, թէեւ դժբախտաբար հայերուն համար շատեր իրականացած են։ Խնդիրը այն է, որ հայկական հասարակութենէն կը պահանջուի անտեսել այն մտահոգութիւնները, որոնք ուղղակիօրէն կը համընկնին ատրպէյճանական հրապարակային աշխարհաքաղաքական հռետորաբանութեան, ռազմավարական աշխարհագրութեան եւ վերջին պատմական փորձառութեան հետ։

Հենց այստեղ է, որ ընդդիմութիւնը կը հաւատայ, թէ իշխանութիւնը կիրարկած է վտանգաւոր հաղորդակցական ռազմավարութիւն մը՝ նախ ծաղրել, ապա՝ բնականացնել։

Այս զարգացումներուն մասին ահազանգողները յաճախ կը մեղադրուին վախ տարածելու մէջ։ Բայց ընդդիմութեան հիմնական փաստարկը այն չէ, թէ մարդիկ պէտք է խուճապի մատնուին, այլ՝ որ հայկական հասարակութիւնը պէտք է պատրաստուի, վերլուծէ եւ բանակցի իրազեկուած դիրքերէ, ոչ թէ ժխտումի։

Տարիներ շարունակ նման հարցերու վերաբերեալ հանրային մտահոգութիւնները կը ներկայացուէին որպէս վախի քարոզչութիւն։ Սակայն ատրպէյճանական պաշտօնեաներն ու անոնց կապակցուած կազմակերպութիւնները բազմիցս հրապարակայնօրէն խօսած են «Արեւմտեան Ատրպէյճան»-ի, Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցիներու վերաբնակեցման եւ հայկական տարածքներու նկատմամբ պատմական պահանջներու մասին։ Անկախ անկէ, թէ այս դիրքորոշումները անմիջապէս գործադրելի են, թէ ոչ, խնդիրը այն է, որ հայերը աւելի ու աւելի կը զգան, թէ այն մտահոգութիւնները, որոնք ժամանակին ծաղրուած էին որպէս անհեթեթութիւն, յետագային լուռ կերպով կը հաստատուին որպէս իրականութիւն։

Ահա այսպէս կը փլուզուի հոգեբանական վստահութիւնը։

Միեւնոյն ժամանակ, հայկական հանրութեան առջեւ կը ներկայացուի նաեւ անգլերէն լեզուով զուգահեռ պատմութիւն մը, որ հիմնականօրէն ուղղուած է սփիւռքի եւ արեւմտեան լսարաններուն։ Այս պատմութիւնը յաճախ հայկական մտահոգութիւնները կը ներկայացնէ որպէս անտրամաբանական վախ, զգացական գերարձագանգ կամ մանիպուլացնող ազգայնականութիւն։ EVN Report-ի վերջերս հրապարակուած “It Has To Be Said” յօդուածը կը պնդէ, թէ հայկական հասարակութիւնը առաջնորդուած է վախի հռետորաբանութեամբ եւ կը գրէ․ «Վախը քաղաքականութիւն չէ։ Վախը չի կրնար ռազմավարութիւն ըլլալ»։ Սկզբունքային առումով այս միտքը ճիշդ է։ Ազգ մը չի կրնար գոյատեւել միայն վախով։

Բայց խնդիրը կը ծագի այն ատեն, երբ օրինական ազգային անվտանգութեան մտահոգութիւնները կը ներկայացուին որպէս զգացական խանգարում, այլ ոչ թէ՝ իրական աշխարհաքաղաքական զարգացումներու արձագանգ։

Նոյն մեկնաբանութիւնը կը զգուշացնէ «վախի զինականացում»-էն՝ քննադատելով տարածքային կորուստի, ատրպէյճանական վերադարձի եւ ազգային անապահովութեան վերաբերեալ պատմութիւնները։ Սակայն հայկական քաղաքական դաշտին մէջ հնչող շատ մտահոգութիւններ հորինուած չեն։ Անոնք կապուած են ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու բացայայտ յայտարարութիւններուն, Հայաստանի իշխանութեան քայլերուն, շարունակուող շրջանային ճնշումներուն եւ Արցախի կորուստէն ու ցեղային զտումէն ետք հայ ժողովուրդի ապրած իրական փորձառութեան հետ։

Այս բոլորը կը ստեղծեն աճող խզում մը Հայաստանի ներսի հայերէն քաղաքական խօսոյթի եւ սփիւռքի ու արեւմտեան լսարաններուն ուղղուած անգլերէն խօսոյթի միջեւ։

Նոյն խզումը աւելի ու աւելի տեսանելի է նաեւ Հայաստանի տնտեսական ապագային եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ սահմաններու բացման քննարկումներուն մէջ։

Իշխանութիւնները բաց սահմանները կը ներկայացնեն որպէս անվիճելի բարիք՝ խաղաղութեան, արդիականացման եւ շրջանային ամբողջաևկման խորհրդանիշ։ Բայց գրեթէ ոչ մէկ լուրջ հանրային քննարկում տեղի ունեցած է հայկական արտադրողներուն, գիւղացիներուն եւ ձեռնարկութիւններուն համար տնտեսական հետեւանքներուն մասին։ Իրականութեան մէջ, հայկական եւ թրքական ապրանքներու միջեւ գոյութիւն ունին սուր գինային անհամաչափութիւններ, յատկապէս գիւղատնտեսութեան եւ գործուածքներու մարզերուն մէջ։ Թրքական գիւղատնտեսական արտադրանքը 10-50 առ հարիւրով աւելի աժան է հայկական համարժէքներէն, մինչ գործուածքները շատ աւելի մատչելի են Թուրքիոյ արտադրական ծաւալներուն եւ արդիւնաբերական զարգացումին պատճառով։

Բարձրացուող մտահոգութիւնը առեւտուրին դէմ ըլլալը չէ։ Խնդիրը այն է, որ Հայաստանը կրնայ մտնել անսահմանափակ մրցակցութեան մէջ իրմէ բազմապատիկ մեծ դրացի տնտեսութեան մը հետ՝ առանց լուրջ անցումային ծրագիրներու, արդիւնաբերական պաշտպանութեան կամ ազգային տնտեսական ռազմավարութեան։

Այս մտահոգութիւնը ո՛չ անտրամաբանական է, ո՛չ ալ հակախաղաղարար։

Ժամանակակից Թուրքիան ինքն ալ իր արդիւնաբերական հզօրութեան մեծ մասը կառուցած է 1980-1990-ականներուն՝ պաշտպանողական տնտեսական քաղաքականութեամբ, պետական աջակցութեամբ եւ խնամքով վերահսկուած շուկայական զարգացմամբ՝ նախքան ազատականացումը։ Իսկ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը թուի պատրաստ՝ բացելու հայկական խոցելի գիւղատնտեսական եւ արտադրական ոլորտները թրքական ուղղակի մրցակցութեան առջեւ՝ առանց համարժէք նախապատրաստութեան, աջակցութեան կամ երկարաժամկէտ տնտեսական ծրագրաւորման։ Ամենայն հաւանականութեամբ, արդիւնքը առողջ ամբողջացում չէ, այլ՝ անհաւասար տնտեսական կլանում։

Եթէ հայ սպառողները բնականաբար նախընտրեն աւելի աժան թրքական ապրանքները, շատ հայկական արտադրողներ կրնան պարզապէս փլուզուիլ անհաւասար մրցակցութեան ճնշումին տակ։ Փոքր գիւղացիները, գործուածքի արտադրողները եւ տեղական ձեռնարկութիւնները, որոնք արդէն իսկ դժուար պայմաններու մէջ կը գործեն, չեն կրնար գոյատեւել։

Այս մէկը վերացական ազգայնականութիւն չէ։ Անիկա հարց է այն մասին, թէ Հայաստանը կ՚ուզէ՞ պահպանել արտադրող ազգային տնտեսութիւն, թէ՞ աստիճանաբար վերածուիլ դրացի տնտեսութիւններու կախեալ շուկայի։ Սակայն այս մտահոգութիւնները յաճախ անգլերէն խօսոյթի մէջ կը ներկայացուին որպէս խաղաղութեան հանդէպ զգացական դիմադրութիւն կամ անտրամաբանական ազգայնականութիւն, այլ ոչ թէ՝ տնտեսական ինքնիշխանութեան, անցումային ծրագրաւորման եւ պետական պատասխանատուութեան օրինական հարցադրումներ։

Հայաստանի ներսը շատ քաղաքացիներ աւելի ու աւելի գոյութենական անապահովութիւն կը զգան։

Հայաստանից դուրս, անգլերէն լեզուով «անկախ» մեկնաբանութիւնները նոյն մտահոգութիւնները յաճախ կը ներկայացնեն որպէս հոգեկան վէրքերու, օգտաբործման կամ անտրամաբանական ազգայնականութեան արտայայտութիւն։ Խնդիրը այն չէ, թէ ամէն հայկական վախ առարկայականօրէն ճիշդ է։ Խնդիրը այն է, թէ արդեօք հայկական մտահոգութիւնները արդարօրէն կը ներկայացուի՞ն։ Երբ լրատուամիջոցները հետեւողականօրէն կը նուազեցնեն ազգային անհանգստութեան մէկ կողմը, մինչ կը մեծացնեն իշխանութեան եւ անոր միջազգային գործընկերներուն նախընտրած ձեւակերպումները, բնականաբար հարցեր կը ծագին անկախութեան, պատմողական ուղղուածութեան եւ օրակարգի ձեւաւորման մասին։

Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ ժամանակակից քաղաքական համոզումը հիմնականօրէն փաստերով չի գործեր։

Հաղորդակցութեան տասնամեակներու ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ մարդիկ քաղաքական իրականութիւնը կը մշակեն ինքնութեան, զգացումներու, վստահութեան եւ հասարակական ամրապնդման միջոցաւ։ Ամենէն աւելի արդիւնաւէտ քաղաքական պատգամը սովորաբար ամենէն մանրամասն փաստականը չէ։ Անիկա այն պատգամն է, որ կը ձեւաւորէ զգացական մեկնաբանութիւնը։

Ահա թէ ինչու պարզ «փաստերու ստուգումը» յաճախ անարդիւնաւէտ կ՚ըլլայ։ Իրական պայքարը ձեւակերպման շուրջ է։

Արդեօք ինքնիշխանութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնը անտրամաբանական պարանոյա՞ է, թէ՞ օրինական ազգային զգուշաւորութիւն։
Արդեօք արտաքին պարտադրուած զիջումներուն դիմադրութիւնը ծայրայեղականութի՞ւն է, թէ՞ ազգային ինքնապահպանութիւն։
Արդեօք աշխարհաքաղաքական վերադասաւորումներու հանդէպ հանրային կասկածամտութիւնը յետադիմութի՞ւն է, թէ՞ փոքր եւ խոցելի պետութեան մը ռազմավարական իրապաշտութիւն։

Այս բոլորը պարզ փաստական վէճեր չեն։ Անոնք մրցակից ինքնութենական պատմութիւններ են։

Ուստի հայ ժողովուրդը պէտք է աւելի հմուտ դառնայ ոչ միայն փաստեր գնահատելու, այլեւ հաղորդակցական մանիպուլացիայի մեթոտները ճանաչելու մէջ։

Ժամանակակից վարքաբանական գիտութեան ամենաուժեղ եզրակացութիւններէն մէկը «պատուաստման տեսութիւն»-ն (inoculation theory) է․ երբ մարդիկ նախապէս կը սորվին, թէ շահագործումը ինչպէս կը գործէ, անոնք զգալիօրէն աւելի դիմացկուն կը դառնան անոր հանդէպ։

Հայերը պարտաւոր չեն համաձայնիլ ընդդիմութեան ամէն փաստարկին հետ։ Ոչ ալ պէտք է ընդունին ամէն ահազանգող կանխատեսում։ Բայց անոնք պէտք է սորվին ճանաչել կրկնուող համոզիչ մեթոտները․

  • Ժխտում, ապա՝ աստիճանական բնականացում։
    • Մտահոգ քաղաքացիներու ծաղրանք։
    • Ազգային յիշողութեան վերաձեւակերպում որպէս զգացական չափազանցութիւն։
    • Անձնատուութեան ներկայացում որպէս իրապաշտութիւն։
    • Ազգային զգուշաւորութեան հաւասարեցում ծայրայեղականութեան։
    • Յոգնութեան եւ յուսահատութեան գործածում՝ դիմադրութիւնը թուլացնելու համար։

Այս բոլորը չեն նշանակեր, թէ Հայաստանը պէտք է մերժէ խաղաղութիւնը, դիւանագիտութիւնը կամ շրջանային համագործակցութիւնը։

Բայց իսկական խաղաղութիւն չի կրնար կառուցուիլ հոգեբանական յոգնութեան, օգտագործուած սպասումներու կամ ազգային շահերու, արժէքներու, պատմութեան, յիշողութեան եւ ինքնավստահութեան քայքայման վրայ։ Ազգ մը, որ կը կորսնցնէ վստահութիւնը իր սեփական յիշողութեան հանդէպ, ի վերջոյ կը կորսնցնէ նաեւ քաղաքական գոյութեան իր իրաւունքին հանդէպ վստահութիւնը։ Եւ ահա այս է այն խոր վախը, որ այսօր կ՚աճի հայկական հասարակութեան զգալի հատուածներուն մէջ։

Հայերը աւելի շատ «կառավարուած պատմութիւններու» կարիքը չունին, որոնք զիրենք պիտի վարժեցնեն ամէն նոր զիջում ընդունելու որպէս անխուսափելիութիւն։

Անոնք կարիք ունին անկեղծութեան։
Կարիք ունին թափանցիկութեան։
Կարիք ունին առաջնորդներու եւ հաստատութիւններու, որոնք պատրաստ են յստակ խօսելու վտանգներուն, փոխզիջումներուն եւ ազգային հետեւանքներուն մասին։

Ամենակարեւորը՝ անոնք պէտք է վերագտնեն վստահութիւնը իրենց իսկ կարողութեան հանդէպ՝ իրականութիւնը ճանաչելու առանց հոգեբանօրէն ենթարկուելու։

Որովհետեւ, ի վերջոյ, ազգի մը գոյատեւումը կախեալ չէ միայն տարածքէն կամ ռազմական ուժէն, այլ նաեւ այն հանգամանքէն, թէ արդեօք անոր ժողովուրդը տակաւին կը պահպանէ՞ այն յստակութիւնը, վստահութիւնը եւ գիտակցութիւնը, որոնք անհրաժեշտ են իր հաւաքական ապագան պաշտպանելու համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button