
ԵՐԵՒԱՆ․- Երկուշաբթի, Օգոստոս 2-ին մեկնարկը տրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման առաջին նստաշրջանին:
Նոր կազմուած խորհրդարանին մէջ կան երեք քաղաքական ուժեր` «Իմ քայլը», «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» դաշինքները: Խորհրդարանը ունի 107 պատգամաւոր, որմէ 71-ը` ` «Իմ քայլը», շարժումին կը պատկանի:
Օրակարգի հարցերն էին Ազգային ժողովի նախագահի, փոխնախագահներու, յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութիւն եւ այլ հարցեր:
Նիստին ներկայ եղան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Առաջին նիստը վարեց Ազգային ժողովի տարիքով աւագ պատգամաւորը` Կնեազ Հասանովը, որուն կողմէ Ազգային ժողովի նստաշրջանը բացուած յայտարարուելէ ետք, հնչեց Հայաստանի պետական քայլերգը: Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ` ի յարգանս պատերազմի ընթացքին յանուն հայրենիքի զոհուած հայորդիներու յիշատակին:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ առաջնահերթութիւն նկատեց խոր եւ բազմաշերտ ճգնաժամէն դուրս գալու ելքեր գտնելը, որուն համար հիմնական է պառակտումը բացառելը, շեշտը նորընտիր Ազգային ժողովին տրուած հնարաւորութեան վրայ դնելը` մշակելու, իրականացնելու ապագային միտուած իրական, ռազմավարական ծրագիրներ: Նախագահը ընդգծեց յատկապէս, որ պէտք է ամէն ինչ ընել` պաշտպանելու եւ պահպանելու Հայաստանի պետականութիւնը:
«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորները, ի նշան բողոքի, առաջին նիստին եկած էին Սիւնիքի ազատազրկուած համայնքապետերու նկարներ կրող շապիկներով:
Արծուիկ Մինասեան. «Ականատես Եղանք, Որ Խախտեցաւ Մխիթար Զաքարեանի Եւ Արթուր Սարգսեանի Ընտրելու Իրաւունքը»
«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով «Հայաստան» դաշինքի անդամներ Արթուր Սարգսեանի եւ Մխիթար Զաքարեանի կալանքի տակ գտնուելուն, յայտարարեց, որ արտառոց վիճակի մէջ ենք, կարելի չէ Ազգային ժողովի այսպիսի գումարում, երբ երկու պատգամաւոր պաշտօնակիցներ կը գտնուին կալանքի տակ, ազատութենէ զրկուած, որոնք, իրենց կամքին հակառակ, չեն կրնար մասնակցիլ Ազգային ժողովի նիստերուն, լիարժէք իրականացնել իրենց լիազօրութիւնները: Ռուստամեան ըսաւ. «Եթէ մենք կը կարծենք, թէ ոչինչ եղած է, այսպէս հանգիստ կարելի է սկսիլ, անցնիլ օրակարգին ու անտեսել այս բոլորը, ապա այս սկիզբով մենք լաւ տեղ պիտի չհասնինք: Մենք իրաւունք չունինք կանոնակարգի կոպիտ ոտնահարումով, խախտումով առջեւ երթալ: Մեր աչքին առջեւ թերութիւն արձանագրուած է: Անձեռնմխելիութիւնը շրջանցելով, Ազգային ժողովը անտեսելով` մեր երկու պատգամաւորները կը գտնուին կալանքի տակ: Ասիկա ոչ միայն ոտնձգութիւն է այդ պատգամաւորներու լիազօրութիւններուն նկատմամբ, այլեւ անարգանք է Ազգային ժողովին նկատմամբ», յայտարարեց ան:
Ռուստամեան ընդգծեց` Ազգային ժողովի մարմինները, ղեկավարութիւնը այդ նիստին պիտի ձեւաւորուին, եւ այդ պատգամաւորները ո՛չ ընտրելու, ո՛չ ընտրուելու իրաւունք պիտի ունենան, եթէ ներկայ չըլլան Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ:
«Մենք հետեւողականօրէն պիտի պայքարինք մեր ընկերներուն ազատութեան համար», շեշտեց «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան` ներկայացնելով խմբակցութեան կողմէ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին առաջադրուած Մխիթար Զաքարեանի կենսագրականը:
«Մենք գործ ունինք անձի մը հետ, որ 44-օրեայ դաւադիր պատերազմի առաջին օրէն կանգնած էր սահմաններուն վրայ` հայրենիքի պաշտպանութեան առաջին գիծին: Քիչ առաջ ականատես եղանք, որ խախտեցաւ ընտրելու իրաւունքը Մխիթար Զաքարեանի եւ Արթուր Սարգսեանի: Այն քաղաքական մեծամասնութիւնը, որ տեղի անտեղի, գիշեր-ցերեկ կը խօսի ընտրական իրաւունքի ազատութեան մասին, այսօր, իր իսկ վարքագիծով, այս իրաւունքը ոտնակոխեց», յայտնեց Մինասեան:
Ազգային ժողովի ընդդիմադիր փոխնախագահի թեկնածու` Իշխան Սաղաթէլեան շեշտեց, թէ «Ոչինչ փոխուած է մեր օրակարգին մէջ, ինչ որ ըսած եմ անցնող ութ ամսուան ընթացքին` փողոցը, պատրաստ եմ իւրաքանչիւր վայրկեան կրկնել այս ամպիոնէն, օրակարգը նոյնն է, քանի որ երկրին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները նոյնն են, համակարգային ճգնաժամը յաղթահարուած չէ, հետեւաբար` մեր պայքարը կը շարունակուի։ Ագային ժողովի ընդդիմադիր փոխնախագահ ունենալը սահմանադրութեան պահանջ է, մենք պիտի առաջադրենք թեկնածու, իսկ Ազգային ժողովը կրնայ ձեւաւորուիլ եւ ըլլալ ամբողջական կազմով, եթէ մեր ընկերները ներկայ ըլլան»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով Նիկոլ Փաշինեանը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ: «Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 1-ին մասը` Նիկոլ Փաշինեանին նշանակել վարչապետ», կը նշուի հրամանագիրին մէջ:
Վարչապետի պաշտօնին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր Ազգային ժողովի իշխող մեծամասնութիւն ունեցող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով: Շնորհաւորական նամակին մէջ կը նշուի․ «Կը յուսամ, թէ ձեր կառավարութեան գործունէութիւնը պիտի նպաստէ ռուս-հայկական բարեկամական, դաշնակցային յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման։ Մեր կողմէ, մենք պատրաստ ենք շարունակել շինիչ երկխօսութիւնը եւ համատեղ աշխատանքը՝ երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային օրակարգի արդիական հարցերուն շուրջ»։
Շնորհաւորական ուղերձ յղեց նաեւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորեց Հայաստանի վարչապետ վերանշանակուելուն կապակցութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրեց Սուրէն Պապիկեանը Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, Արշակ Կարապետեանը պաշտպանութեան նախարար, իսկ Լիլիթ Մակունցը Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակելու մասին:
Նիստը նախագահող Կնեազ Հասանովը յայտարարեց, որ երկրորդ անգամ փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ առաջադրուած Ալեն Սիմոնեանը:
Քուէարկութեան մասնակցողներու թիււն էր 71 պատգամաւոր: Ալեն Սիմոնեանը ստացաւ 71 ձայն: Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները չեն մասնակցած քուէարկութեան: «Հայաստան» խմբակցութեան թեկնածու Մխիթար Զաքարեան եւ «Պատիւ ունեմ»-ի թեկնածու Արթուր Սարգսեան քուէներ չստացան: