Յօդուածներ
Հայաստանի կացութեան թելադրած միտքերու հունով․- ՕՐԷՆՔ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ՇՆՉԵՐԱԿ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԻ ՄԷՋ
Յ. Պալեան
Մարդիկ, ինչ ալ ըլլան իրենց ընկերային դիրքը եւ դերը, կը սիրեն խօսիլ օրէնքի, արդարութեան, իրաւունքի եւ նման հարցերու մասին, բայց նոյն բանը չեն հասկնար, անոնց ըմբռնումը եւ գործադրութիւնը յաճախ իրարմէ այնքա՜ն հեռու կ’ըլլան, ենթակայական, հակասական, այսին

