Արուեստ Եւ ՄշակոյթԳլխաւորԼրահոս

Հայաստանի Կամերային Երգչախումբի Արական Կազմի Համերգային Շրջապտոյտը Իտալիա Եւ Յունաստան՝ 3-7 Սեպտեմբերին

Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան Եւ Վաւերագրումի Կեդրոնը, մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբերի առաջին օրերուն, Իտալիոյ կեդրոնական նահանգներէն՝ Մարքէի երրորդ մեծ քաղաք՝ Ֆանոյի եւ ապա, Յունաստանի Փատմոս կղզիի հիւրը եղաւ Հայաստանի Պետական Կամերային Երգչախումբը, Ռոպերթ Մլքէյեանի խմբավարութեամբ։

Ատրիականի ափերուն գտնուող Ֆանօ քաղաքը յայտնի է իր միջնադարեան Մալատեստեան ամրոցով, Իտալիոյ ամենահին բարեկենդանի տօնակատարութիւններով, իսկ այժմ՝ միջազգային ճազ երաժշտութեան ու բազմաձայն երգչախմբային փառատօններով։

Փաթմոսը, Եգէականի արեւելեան ծայրամասը գտնուող, հանրածանօթ Յովհաննէս Առաքեալի ապաստանած կղզին է, ուր ըստ աւանդութեան Յիսուսի տեսիլքները ունենալէ ետք ան կը յղանայ Նոր Կտակարանի վերջին եւ ամենադժուար մեկնաբանելի՝ Յայտնութեան խորհրդանշական գլուխ գործոց գիրքը (Apocalypse)։

Advertisement Subscribe Today

Հետաքրքրականօրէն, թուականներով գրեթէ զուգադիպող երկու փառատօններու ղեկավարները, հանրածանօթ երգչխմբային խմբավար ու երգահան՝ Լորենցօ Տոնաթի եւ աշխարհահռչակ դաշնակահար՝ Ռոպերթօ Փրոսսետա, որոնց հետ բազմիցս գործակցելու առիթը ունեցած է Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան Եւ Վաւերագրումի Կեդրոնը, դիմում կը ներկայացնեն այս տարուայ ծրագրաւորումին մէջ ներառնելու հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը, եւ այս առաջարկ-ընտրութիւնը կ՛ըլլայ՝ Հայաստանի Կամերային Պետական Երգչախումբը, բացառաբար սակայն արական համոյթի իր կազմով, որպէսզի ներկայացուի Կոմիտասի մշակած Պատարագի առաջին՝ արական կազմի տարբերակը։ Համոյթը խմբերգային ու մենակատարներու բարձրորակ երգեցողութեամբ մեծապէս տպաւորեց երգչախմբային ու հոգեւոր երաժշտութեան վարժ այս երկու փառատօններու ունկնդիրները, որոնք քար լռութեամբ եւ առանց ծափահարութեան ընդմիջումներու հետեւեցան Պատարագի ամբողջական կատարումը։

Իւրաքանչիւր փառատօնի կողմէ փափաքը ըլլալով զոյգ համերգներու առիթ ստեղծել, երկրորդ համերգը, ըլլա՛յ Ֆանոյի Միջազգային Բազմաձայն Երգչախմբային 52-րդ Հանդիպումներուն, ըլլա՛յ Փաթմոսի 23-րդ Հոգեւոր Երաժշտութեան Փառատօնի ծիրէն ներս, եղաւ մանաւանդ միջնադարեան տաղերու եւ շարականներու մեկնաբանութիւնը, իրենց միաձայն եւ դամի ձայնակցութեան աւանդական ոճով, ուր շատ հաճելի անակնկալ էր հանդիպիլ երկու երիտասարդ մեներգիչներու, ծագումով ջաւախքցի, որոնք տպաւորիչ կերպով մեկնաբանեցին պահելով ձայնեղանակային ծիրի եւ բնական ձայնով երգեցողութեան յատկանիշները։ Իսկապէս հազուադէպ ու շատ գնահատելի է այս ուղղութեամբ Մաէսթրօ Մլքէյեանի, նման մակարդակի մասնագիտացած երգչախումբի խմբավարի մը ցուցաբերած զգայնութիւնն ու քաջալերանքը։

Հոգեւոր երաժշտութեան յատկացուած համերգային բացառիկ առիթներ այս զոյգ փառատօններու ծիրէն ներս, որոնք կարելի դարձան Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի տնօրէն՝ Մինաս Լուռեանի եւ երաժշտական բաժնի համադրութեան ու տարիներու մասնագիտական աշխատանքային ցանցին շնորհիւ, ունենալով այս պարագային նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Նախարարութեան հովանաւորութիւնը։

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button