ԱզգայինԳլխաւորՅօդուածներ

Հայաստանի Թշնամիներուն Կողմէ Աջակցութիւն Վայելող Կառավարութիւնը Ինքնիշխան Չէ

Դոկտ. Արա Նազարեան

(անգլերէնէ թարգմանուած)

2020 թուականի ներկայ իշխանութեան կողմէ, կազմակերպուած արցախեան պատերազմի աղէտալի պարտութեան աւարտէն երեք ամիս ետք, Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր զօրավար՝ Օննիկ Գասպարեան եւ քառասունէ աւելի բարձրաստիճան զինուորականներ հրապարակային յայտարարութեամբ մը հաստատեցին, թէ կառավարութիւնը այլեւս անկարող է ազգին համար ճիշդ որոշումներ կայացնելու։ Քաղաքացիական իշխանութեան դէմ այս արտակարգ հրապարակային նկատողութիւնը չափազանց հազուագիւտ պահ մըն էր Հայաստանի զինուած ուժերու պատմութեան մէջ։ Զօրքը պատրաստուեցաւ միանալու փողոցներուն մէջ արդէն ընթացող բողոքի ցոյցերուն՝ պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

Սակայն Թուրքիոյ զինուորական հրամանատարութիւնը ռուսական զինուորական շրջանակներուն փոխանցեց, որ եթէ հայկական բանակը միանայ Փաշինեանի դէմ բողոքներուն, թրքական բանակը կը մտնէ Հայաստանի տարածք։ Այս ուղղակի սպառնալիքը ստիպեց հայկական զինուած ուժերը հետ կանգնելու իրենց դիրքորոշումէն, ինչ որ գործնականօրէն փրկեց Փաշինեանի իշխանութիւնը եւ յաջորդաբար առաջնորդեց զօրավար Գասպարեանի պաշտօնանկութեան։ (Սա այնպիսի լուր մը չէ, որ կը հրապարակուի մամուլին մէջ, բայց Հայաստանի ղեկավար շրջանակներուն մէջ լաւապէս ծանօթ է)։

Անցնինք… Յունուար 2026. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հրապարակաւ յայտարարեց, թէ Անգարան «անկեղծօրէն կը զօրակցի» վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ յոյս յայտնեց, որ անոր ղեկավարութիւնը «պէտք է պահպանուի»՝ Հայաստանի մօտեցող ընտրութիւններէն առաջ։

Երբ հայ ազգի մահացու թշնամիի զինուած ուժերը կը սպառնան հայկական հող մուտք գործել, եթէ Փաշինեանի իշխանութիւնը վտանգուի, եւ երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընտրական շրջանի ընթացքին հրապարակաւ կը յայտարարէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի վարչապետին, հարցը այլեւս ներքին քաղաքականութեան կամ կառավարման խնդիր չէ։ Անիկա կը դառնայ հայկական քաղաքական իշխանութեան փաստացի ենթարկումը թշնամի օտար ուժի մը։ Անիկա Հայաստանի կառավարութեան բացայայտ քաղաքական հովանաւորումն է՝ ազգի մահացու թշնամի պետութեան կողմէ։

Սա ուղղակի քաղաքական աջակցութիւն է այն պետութեան կողմէ, որ իրականացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ որ Ատրպէյճանի հետ միասին 2020–2023 թուականներուն հնարաւոր դարձուց եւ աջակցեցաւ Արցախի ցեղային զտման։

Ոչ մէկ ինքնիշխան հայկական կառավարութիւն կրնայ գոյատեւել Թուրքիոյ կողմէ ռազմական միջամտութեան սպառնալիքով եւ բացայայտ քաղաքական աջակցութեամբ։ Սակայն ճիշդ այդ է, որ տեղի կ՛ունենայ։

Թուրքիան չեզոք դերակատար չէ։ Ան Օսմանեան կայսրութեան յաջորդ պետութիւնն է, որ իրականացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ատրպէյճանը պարզ դրացի պետութիւն մը չէ. ան թրքական ռազմական, դիւանագիտական եւ հետախուզական աջակցութեամբ իրականացուց Արցախի ռազմական ոչնչացումը եւ հարկադիր դատարկումը։ Այս երկու պետութիւնները միասին կը կազմեն Հայաստանի գոյաբանական սպառնալիքը։ Ամէն հայկական վարչակարգ, որ իր քաղաքական գոյատեւումը, աջակցութիւնը կամ օրինակացումը կը ստանայ անոնցմէ, չի կրնար արժանահաւատ կերպով պահանջել անկախութիւն։

Ֆիտանի յայտարարութիւնները մեկուսացուած չէին։ Նոյն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան բազմիցս գործածեց «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը՝ եզրոյթ մը, որ ստեղծուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ՝ Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն անցնող արտատարածքային պահանջ ներկայացնելու համար։ Այդ լեզուն պատահական չէ։ Ան կ՛արտացոլէ ռազմավարական տեսլական մը, որ կը նպատակադրէ ֆիզիքապէս կապել Ատրպէյճանը Նախիջեւանի եւ անկէ անդին Թուրքիոյ հետ՝ առաջ մղելով երկարատեւ փանթրքական նպատակներ։

Ֆիտան բացայայտօրէն յայտարարեց, թէ այդպիսի միջանցքը Թուրքիոյ կը բերէ «ուղիղ մուտք դէպի թրքական աշխարհը եւ Կեդրոնական Ասիա»։ Այլ խօսքով՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը կը ներկայացուի ոչ թէ, որպէս հայկական հող, այլ որպէս տարանցիկ ենթակառուցուածք թուրք-ատրպէյճանական տարածաշրջանային ծրագիրներուն համար։

Աւելի մտահոգիչ էր Ֆիտանի հաստատումը, որ Անգարան TRIPP ճանապարհային համաձայնութեան իր մեկնաբանութիւնը սերտօրէն համակարգած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ՝ շեշտելով, որ Պաքուի ընկալումը վճռական եղած է եւ ըստ այնմ Թուրքիոյ նախագահը համապատասխանօրէն տեղեկացուած է։ Հայաստանի շահերը այդ նկարագրութեան մէջ ակնյայտօրէն բացակայ էին։

Երեւանի արձագանգը միայն խորացուց ճգնաժամը։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին, իր աջակցութեան համար՝ երախտագիտութիւն արտայայտելով Անգարայի դերակատարութեան նկատմամբ՝ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ առեւտուրի խթանման մէջ՝ TRIPP շրջանակին ներքոյ։ Ասիկա պարտադրուած դիւանագիտութիւն չէր ճնշման տակ, այլ կամաւոր քաղաքական հաստատում մըն էր։

Հայերուն համար, յատկապէս սփիւռքահայերուն՝ ցեղասպանութիւն վերապրողներու սերունդներուն, այս պահը կը հարուածէ ազգային ինքնութեան խորքին։ Հայկական պետութիւնը հիմնուեցաւ այն բարոյական սկզբունքին վրայ, որ ցեղասպանութեան ժխտումը, տարածքային հարկադրանքը եւ օտար գերիշխանութիւնը այլեւս երբեք պիտի չ՛որոշեն հայկական քաղաքական կեանքը։ Տեսնել, թէ հայկական կառավարութիւն մը կ՛ողջունուի, կը հովանաւորուի եւ կը ուղղորդուի այն պետութիւններուն կողմէ, որոնք պատասխանատու են գոյաբանական խոցելի վէրքին համար, կը ներկայացնէ այդ հիմքէն խզում մը։

Թշնամի ուժերու հաւանութեամբ գոյատեւող կառավարութիւնը ինքնիշխանութիւն չի գործադրեր, այլ կախուածութիւն կը ստեղծէ։

Այս իրողութիւնը պէտք է յստակ կերպով արտայայտուի։ Երբ թուրք պաշտօնեաները հրապարակաւ կը զօրակցին Հայաստանի վարչապետին, կը համակարգեն Ատրպէյճանի հետ հայկական տարածքի հարցերը եւ կը խօսին Հայաստանի կողմէ դեռ «կատարելիք պարտաւորութիւններու» մասին, ասիկա գործընկերութիւն չէ, այլ հլու հպատակացում։

Հայերը պարտաւոր չեն այս բոլորը ընդունելու որպէս բնական վիճակ։ «Խաղաղութիւն» կոչելը չի փոխեր անոր էութիւնը։ Անգարայէն եւ Պաքուէն բխող քաղաքական իշխանութիւնը կարելի չէ օրինական նկատել, միայն այն պատճառով, որ զարդարուած է դիւանագիտական լեզուով։

Ինքնիշխանութիւնը միայն ընտրութիւններով չի սահմանուիր։ Ան կը սահմանուի կամքի անկախութեամբ։

Երբ այդ անկախութիւնը կը փոխարինուի պատմական թշնամիներու աջակցութեամբ – պետութիւններու, որոնք կը ժխտեն ցեղասպանութիւնը, կը տօնեն ռազմական յարձակումը եւ բացայայտ կերպով կը ձեւակերպեն տարածքային յաւակնութիւններ -արդիւնքը հաշտեցում չէ։ Արդիւնքը՝ կամակատար ըլլալ է։

Եւ այդպիսի պայմաններու տակ պահպանուող իւրաքանչիւր քաղաքական կարգ պէտք է ըստ այնմ դատուի։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button