
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մայիս 16 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Ամերիկայի Հայ Դա-տի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրէսի հայկական հարցերու համախմբու-մի համանախագահ Ֆրէնք Փալոն պատրաստած է նամակ մը, որուն մէջ, կոչ կ՛ուղ-ղէ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին գործողութիւններու յատկացումներու են-թայանձնախումբի ղեկավարութեան` ընդարձակելու Հայաստանի եւ Արցախի տրա-մադրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնները:
Փալոնի իր նամակին մէջ կը շեշտէ հետեւեալ կէտերը.
– Հայաստանի տրամադրել առնուազն վաթսուն միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն.
– Արցախի տրամադրել առնուազն տաս միլիոն տոլարի մարդասիրական եւ զար-գացման օժանդակութիւն.
– Ամրապնդումը` Ազատութեան նեցուկ կանգնելու օրինագիծի թիւ 907 յօդուածին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տրամադրուող ռազմական օժանդակու-թեանց հաւասարակշռութեան պահպանումը.
– Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ յարաբերութեանց եւ հաղորդակցու-թեանց դէմ դրուած արգելքներու վերացում.
– Նեցուկ կանգնիլ Արցախը ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի բանակցութեանց կողմ դարձ-նելու ջանքերուն.
– Առնուազն տաս միլիոն տոլարի ռազմական օժանդակութիւն տրամադրել Հայաս-տանի:
Հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ ամերիկահայութենէն կը խնդրուի կապ պահել Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն հետ, որպէսզի անոնք եւս ստորագրեն Փալոնի նամակը: Նման կոչեր կատարելու համար, այցելել Հայ Դատի յանձնախում-բի www.anca.org/action_alerts/action_disp.php?aaid=45469501 կայքէջը:
Իր նամակին մէջ, Փալոն կոչ կ՛ընէ իր պաշտօնակիցներուն, որ այս նամակը ստո-րագրեն` նշելով Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող բռնարարքներու եւ սպառնալիքներու պարագաները: Ան նաեւ կը շեշտէ, թէ անցեա-լին Արցախի տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւնները մեծապէս նպաստած են Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական կարիքները հոգալու աշխատանքներուն:
Յիշեցնենք, որ վերջերս յայտարարուած էր թէ Քոնկրէսը եւ անկէ մատակարարուող կարգ մը ծրագիրներ, պիտի նուազեցնեն իրենց տրամադրած օժանդակութիւններու գումարները: