Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Հայրենադարձներու Յանձնախումբի Հանդիպում

0 0
Read Time:40 Second

ԵՐԵՒԱՆ․- Անցեալ շաբաթավերջին, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, որուն ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն ու անդամ Շաղիկ Մարուխեանը, քննարկուեցան հայրենադարձ լիբանանահայերու եւ սուրիահայերու խնդիրները:
Ողջունելով ներկաները` Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հ․Յ․ Դաշնակցութեան հայաստանեան կառոյցը իր ամբողջ ներուժը միշտ օգտագործած է` օժանդակելու համար հայրենադարձներուն` հայրենիքի մէջ հաստատման եւ վերջիններուս մօտ վերստին արտագաղթի ցաւալի դէպքերու նուազեցման:
Ըստ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցչին, հարցերը շատ են ու բազմաշերտ եւ անոնք ունին առարկայական ու ենթակայական պատճառներ: Անոնք պէտք է արձանագրուին պետական պատկան մարմիններուն կողմէ, ուսումնասիրուին, եւ համապատասխան ջանքեր գործադրուին` անոնց արագ լուծում տալու ուղղութեամբ: Քննարկումին ներկայ լիբանանահայ եւ սուրիահայ հայրենադարձները մատնանշեցին զիրենք յուզող եւ հրատապ լուծման կարօտ շարք մը հարցեր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles