
ԵՐԵՒԱՆ (“Նիուզ“, “Երկիր“).- Հայաստանի բանակը, ի պատասխան ազերի բանակի սադրիչ գործողութիւններուն, կատարեց արագ հակայարձակողական մը, որուն արդիւնք թշնամի բանակէն ներս արձանագրուեցան քանի մը զոհեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան անդրադառնալով շրջան ըրած այն տեղեկութիւններուն, թէ մահացած ազերի զինուորներ կան, Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ չի կրնար այդ առնչութեամբ յստակ տուեալներ ներկայացնել, յայտնելով թէ.- “Չեմ կարող ազերի կողմի կորուստների վերաբերեալ յստակ թուեր նշել, սակայն որեւէ սադրանք անպատասխան չի մնում“:
Նշենք թէ քանի մը օր առաջ, Օգոստոս 5-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ներկայ գտնուեցաւ ամառնային ուսումնական հանգրուանի սկիզբին առիթով երկրորդ բանակային զօրամիաւորման սահմանային զօրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր հանդիպումին եւ յայտարարեց թէ.- “Հակառակորդի հաւանական նախայարձակումին հակազդող միակ միջոցը հայկական զինեալ ուժերու մարտական պատրաստականութեան բարձր աստիճանն է“: Օհանեան ընդգծեց, որ հայկական բանակը շրջանի միակ յաղթած բանակն է:
Միւս կողմէ, գերի բռնուած հայ զինուորը կը շարունակէ մելան հոսեցնել: Արդարեւ, գերեվարուած զինուոր Յակոբ Ինճիկուլեանի` ազերի պատկերասփիւռի մէկ կայանէն սփռուած հարցազրոյցը խիստ մտահոգած է հայ զինուորին ընտանիքն ու հարազատները:
Համացանցին վրայ տարածուած այս հարցազրոյցին ընթացքին յոգնած աչքերով հայ ռազմագերին կը պատմէ, որ վաշտի հրամանատարը զինք ջուրի ուղարկած է: Ինք մերժած է, հրամանատարը հարուածած է իր աչքին, որմէ նուաստացած կամաւոր անցած է ատրպէյճանական սահմանը:
Համոզուած ըլլալով, որ երիտասարդին բռնութեամբ եւ ստիպողաբար հարկադրած են այսպիսի յայտարարութիւններ կատարել, անոր հարազատներն ու քանի մը տասնեակ համագիւղացիներ հաւաքուած էին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի երեւանեան գրասենեակին մօտ: Անոնք նաեւ Կարմիր խաչի պատասխանատուութեան բաժինը կը տեսնէին ստեղծուած իրավիճակին համար:
“Այսքան ժամանակէ ի վեր ոչ ոք չի՞ ցանկար հանդիպիլ իմ զաւկիս հետ, ինչո՞ւ չեն այցելեր, կ՛ուզեմ իմ զաւակս տեսնել“, հարց կու տար զինուորին մայրը` Գայեանէ Ինճիկուլեան` հեկեկալով յիշելով տեսանիւթը: Կարմիր խաչի գրասենեակին դիմաց նստած անոր վիճակը պարբերաբար կը վատանար եւ դժուարութեամբ կը խօսէր: Ընտանիքը վստահ է, որ հայ զինուորը ճնշումներու տակ այսպիսի յայտարարութիւններ կատարած է` վկայելով, որ ծառայութեան հետ կապուած երիտասարդը որեւէ հարց չէ ունեցած:
Դէպքին մասին նախնական պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն, զինուորը դիրքերուն վրայ ծառայութիւն կատարած ժամանակ, Օգոստոս 8-ի լուսցող գիշերը չկողմնորոշուելու հետեւանքով հատած է հայկական բանակի եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու շփման սահմանագիծը եւ յայտնուած է հակառակորդի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ: Հարազատներն ու համագիւղացիները երէկ առաջ կը քաշէին զայն առեւանգելու վարկածը. “Սահմանը անցնիլը դիւրին չէ, տարածքը ականապատուած է, ոչ մէկ հասարակ զինուոր կրնայ անցնիլ: Եթէ նոյնիսկ ականապատում չէ եղած տուեալ տարածքին մէջ, ժամը 7:00-ին լոյս է, եթէ մէկը բարձրանայ խրամատի վրայ ու ցանկայ պահակակէտ անցնիլ, վստահ հակառակորդը թոյլ չի տար եւ կը կրակէ, որովհետեւ Ատրպէյճան տեղեկութիւն չունի, թէ անցնող զինուորը հետախոյզ է, կ՛անցնի հետախուզութիւ՞ն ընելու համար, թէ՞ յանձնուելու համար…. Թերեւս եկած տարած են, միակ բացատրութիւնը ատիկա է, հակառակ պարագային կը կրակէին, կը վնասէին“, “Ազատութիւն“ ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին, յայտնեց զինուորին եղբայրը` Յարութիւնը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Էլտար Սապիրօղլուի համար անհասկնալի է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանի յայտարարութիւնը, թէ ազերի կողմը, թոյլ տալով պատկերասփիւռի կայանին հարցազրոյց կատարել հայ ռազմագերիէն, խախտած է Ժընեւի ուխտը:
Ան մեկնաբանեց թէ.- “Ժընեւի ուխտին մասին մեզի յիշեցնելով, Արծրուն Յովհաննիսեան կը յիշէ՞, թէ ինչպէս Հայաստանի մէջ կը վերաբերին ազերի գերիներին հետ: Անոնց հետ հարցազրոյցները մէկ անգամ չէ, որ ցուցադրուած են Երեւանի պատկերասփիւռի կայաններէն: Այդ միջոցները կ՛օգտագործուին նաեւ այսօր: Իսկ ատիկա Ժընեւի ուխտի խախտում չէ՞“: Սապիրօղլու նշած է, թէ “գերի բռնուելու ընթացքին Յակոբ Ինջիղուլեանի տեսքը սարսափելի էր` կեղտոտ, պատռտուած ու հին կօշիկներով, հագուստով: Հոտէն կարելի չէր անոր մօտենալ: Զայն լոգցուցած են, ատրպէյճանցի զինուորի համազգեստ հագցուցած“: Ասիկա Ժընեւի ուխտի այն կէտի խախտման արդարացումն է, ըստ որուն, եթէ ռազմագերիի համազգեստը կը համապատասխանէ կլիմայական պայմաններուն, գերեվարող կողմը իրաւունք չունի ատիկա գրաւելու:
Արծրուն Յովհաննիսեան պատասխանի պատասխանն էր.-. “Մենք միայն կրնանք ըսել, Կարմիր Խաչէն երբ կ՛ուզեն թող գան տեսնեն, թէ մեր մօտ գտնուող միակ ատրպէյճանցի գերին ի՛նչ պայմաններու մէջ կը պահուի: Եւ գոնէ տեսանիւթ մը, հրապարակում մը ցոյց թող տան, ուր հայկական լրատուամիջոցները ազրպէյճանցի գերիին հետ հարցազրոյց վարած են“: