ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սուպհանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով յայտարարեց, որ «միջանցք» հասկացողութիւնը գոյութիւն չունի եւ հարցը կը վերաբերի միայն ճանապարհին։ «Խօսքը ճանապարհի մասին է։ Ո՛չ խաղաղութեան համաձայնագրին պարունակութեան, ո՛չ ստորագրուած հռչակագրին մէջ միջանցքի մասին խօսք կայ։ Ոչ մէկ միջանցք պիտի ըլլայ։ Բան մը ուժով չի կրնար ըլլալ», շեշտեց ան։
Սուպհանի յայտնեց, որ Ազգային Ժողով կը գտնուի խորհրդարանական համագործակցութեան ծիրին մէջ եւ նշեց, որ կը նախատեսուի ստեղծել միացեալ յանձնախումբ՝ հիւպատոսական հարցերով զբաղելու նպատակով։
*
Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց փոխ նախարար Ուահիտ Ջալալզատէն, որուն վստահեցուց,որ բարեկամ Իրանի հետ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ կառուցուած երկկողմ յարաբերութիւնները մեծկարեւորութիւն ունին Հայաստանի համար։ Իսկ փոխադարձ այցելութիւնները կ՛օգնեն՝ առաւել ընդգրկուն դարձնելու երկկողմ օրակարգը, միաժամանակ շարունակելով աշխուժ երկխօսութիւնն ու սերտ համագործակցութիւնը։
Ռուբինեան եւ Ջալալզատէ քննարկեցին շրջանային վերջին զարգացումները եւ Հայաստան- Իրան յարաբերութիւնները։
*
Ռուսիոյ փոխ վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուկ յայտնեց, թէ Մոսկուա ստիպուած պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկելու տնտեսական քաղաքականութիւնը՝ Հայաստանի նկատմամբ, եթէ անիկա Եւրոպական Միութեան միանայ։ Ռուսիա այլեւս չի կրնար ազատ առեւտուրի կանոնները գործադրել կամ մաքսային տուրքերէ զերծ առեւտուրի արտօնութիւնները շարունակել։
Օվերչուկ շեշտեց, որ Հայաստան մրցակցային առաւելութիւն չունի, որովհետեւ շրջապատուած է այնպիսի երկիրներով, ուր խաղող, ծիրան,այլ պտուղներ եւ բանջարեղէն կայ։ Իսկ Եւրոպական Միութենէն ապրանքներու ներածումը կրնան հեղեղել հայկական շուկան՝ չափազանց սահմանափակելով հայկական առեւտուրին կարելիութիւնները։
Հայաստանի ամէնէն մեծ արտահանող ընկերութեան՝ «Սփայքա»-ի մեծ բեռնատարները շաբաթէ մը ի վեր կանգ առած են Ռուսիոյ հետ սահմանին վրայ եւ արտօնութիւն չունին տեղափոխելու իրենց բեռները, որոնք կրնան բճանալ՝ մեծ վնաս պատճառելով հայկական կողմին։ Իսկ իշխանութիւնները լռութիւն կը պահեն եւ իշխանամէտ պատգամաւորներ այս կացութեան ետին քաղաքական դրդապատճառներ չեն տեսներ։ Անոնց շարքին է Ազգային Ժողովի տնտեսական հարցերու յանձնախումբի անդամ ՔՊ-ական Սերգէյ Բագրատեան, որուն համաձայն գալ շաբաթ քննարկումներ պիտի կատարեն՝ «Սփայքա»-ի հարցին շուրջ։ Ան սակայն տեղեակ իսկ չէր, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը եթէ «Սփայքա»-ի ղեկավարութեան հետ այս հարցը կը քննարկէ կամ քննարկած է։ Մինչ այդ «Սփայքա» հաղորդած է, որ հարցը փոխանցած են տնտեսութեան նախարարութեան, որ քար լռութիւն կը պահէ։
*
Հայաստան- Փորթուգալ ֆութպոլի մրցումին տոմսերու վաճառքի հետ կապուած հնարաւոր խարդախութեան դէպքերով Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը ստացած է տասը հաղորդում եւ անձ մը ձերբակալուած է։
Տասը հաղորդումներուն հինգը բացայայտուած է եւ միւս հինգին բացայայտման համար հետաքննութիւնները կը շարունակուին։
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 14 Օգոստոսին յայտարարեց մրցումին տոմսերուն վաճառքին մեկնարկը։ Սակայն յայտարարութենէն քանի մը վայրկեան ետք մեծ թիւով մարզասէրներ բողոքեցին, որ չեն կրնար տոմս գնել, որովհետեւ հերթագրման համակարգին գործարկումէն ետք տոմսերը շատ արագ սպառած են՝ լուրջ կասկածներ յառաջացնելով,որ անոնք սեւ շուկայ փոխանցուած են։
Հայաստանի մէջ ընթացիկ տարուան ծնունդներուն թիւը նուազում արձանագրած է, կը հաղորդէ Վիճակագրական կոմիտէն, ըստ որուն, այս տարուան առաջին եօթը ամիսներուն բնակչութեան կենսունակութեան գործակիցը՝ ծնունդներու եւ մահերու յարաբերակցութիւնը, միայն 16.6 առ հարիւր աճ արձանագրած է, մինչդեռ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այս յարաբերակցութիւնը 23.6 առ հարիւր էր։ Այսպիսով յստակ կը դառնայ, որ բնական աճը նուազած է 29.5 առ հարիւրով։
Ընթացիկ տարուան առաջին եօթը ամիսներուն ընթացքին՝ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ բաղդատաբար, 13.8 առ հարիւրով նուազած է նաեւ ամուսնութիւններու թիւը, իսկ ամուսնալուծումներու թիւը բարձրացած է 6 առ հարիւրով։
*
Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերնատուն ակումբ- ցուցասրահը վերսկսաւ իր գործունէութեան Երեւանի մէջ՝ նոր անունով, որ կը կոչուի «Խառնել- Միացնել»։
Ցուցասրահին մէջ ներկայացուած են արցախցի լաւագոյն գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւնները՝ Էտմոն Պետրոսեան, Վահան Շահրամանեան, Առնոլտ Մելիքսէթեան եւ այլ։ Գեղանկարներուն եւ արուեստի միւս գործերուն մեծ մասը կարելի եղած է փրկել Ստեփանակերտէն՝ 2023ի բռնի տեղահանութեան ժամանակ։
Գրաւեալ Արցախի մշակոյթի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ակումբը կը միաւորէ երկխօսութեան եւ միտքերու փոխանակման միջավայր մը՝ յիշեցնելով Վերնատան աւանդոյթը։ Անիկա ոչ միայն կը պահպանէ Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը, այլեւ նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ մեր արուեստը Հայաստանի մշակութային կեանքին մէջ հասանելի դարձնելու համար։

