ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Հայաստան եւ Իրան համաձայնեցան Արաքս գետին վրայ կառուցելու երկրորդ կամուրջը՝ իրենց միջեւ ցամաքային առեւտուրին առաւել թափ տալու համար։
Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքային զարգացման նախարար Ֆարզանէ Սատէղ յայտարարեց, որ նախնական համաձայնութիւն գոյացած է՝ Նորատուզի մէջ կառուցելու երկրորդ կամուրջ մը, գոյութիւն ունեցող կամուրջը վերանորոգելու, սահմանային անցքերու վիճակը բարելաւելու եւ բեռնատարներու համար նախատեսուած տուրքերը վերատեսութեան ենթարկելու համար։
Սատէղ նաեւ տեղեկացուց, որ նկատի ունենալով,որ Հայաստան ծովային ելք չունի, կը նախատեսուի օգտագործել Պարսից ծոցի եւ Օմանի ծովուն ափերուն գտնուող հարաւային իրանական նաւահանգիստները՝ հայկական ծովային առեւտուրին համար։
*
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիըն հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։
Գրիգորեան եւ ամերիկացի դեսպանը կարծիքներ եւ միտքեր փոխանակեցին եւ ընդգծեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յառաջխաղացքը։
Քննարկման առարկայ դարձաւ նաեւ շրջանին մէջ հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակումը։ Գրիգորեան ընդգծեց, որ ապաշրջափակումը պիտի կատարուի երկիրներու հողային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու ամբողջական յարգման ծիրին մէջ։
Գրիգորեան եւ Քվիըն նաեւ քննարկեցին հայեւամերիկեան յարաբերութիւնները եւ յառաջիկային առնուելիք քայլերը։
*
Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան կեդրոն այցելեցին Տաւուշի փոխ մարզպետը եւ Իջեւանի, Բերդի եւ Նոյեմբերեանի քաղաքապետները։ Հանդիպման ընթացքին քննարկման առարկայ դարձան եւրոպական առաքելութեան նպատակները, ամէնօրեայ աշխատանքը եւ եւրոպական արժէքները։
Եւրոպական առաքելութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու տեղական իշխանութիւններուն հետ փոխադարձ գործակցութիւնը կը մնայ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման նպատակով Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ճիգերուն առանցքային մասը։
*
Կառավարութեան որոշումով՝ շուրջ 710 նորայայտ յուշարձաններ ընդգրկուեցան Հայաստանի պատութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշակոթողներու պետական ցանկին մէջ։
Յուշակոթողները սահմանուած կարգով ուսումնասիրուեցան կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան փորձագիտական յանձնախումբին կողմէ՝ պատմամշակութային տեսանկիւնէ արժեւորումներ ստանալով։
Ցանկին մէջ ներառնուած յուշակոթողներուն շարքին են Տիրինկատար հնավայրը եւ վիշապաքարերը, Արենի-1 քարայրը, Շամիրամի բերդ ամրոց – բնակատեղին, Երեւանի Աբովեան, Պաղրամեան եւ Նալպանտեան փողոցներու վրայ գտնուող շարք մը աժէքաւոր շէնքեր, Նայիրի եւ Հայրենիք շարժապատկերի սրահներու շէնքերը, Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական թատրոնի շէնքը, Յակոբ Յակոբեանի կարգ մը որմնանկարները եւ այլն։

