Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

  Աւելի քան հինգ ժամ տեւեց քննչական գործողութիւնները եւ խուզարկութիւնները, որոնք կատարուեցան բանտարկուած Սամուէլ Կարապետեանի ընտանիքին պատկանող Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր ընկերութեան կեդրոնին մէջ։ Ըստ ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Նարեկ Կարապետեանի, որ Սամուէլ Կարապետեանի եղբօրորդին է, 37 փաստաթուղթ գրաւուած է։ Խուզարկուեցաւ նաեւ Նարեկ Կարապետեանի բնակարանը։

Տեղին է նշել, որ Ազգային Ժողովը 3  Յուլիսին հաստատեց ՀԵՑ-ը պետականացնելու նախագիծը։ Ընդդիմութիւնը այս քայլը կը համարէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին պաշտպանած Սամուէլ Կարապետեանի յայտարարութեան պատճառով քաղաքական հետապնդում մը։

Advertisement Subscribe Today

*

Քննչական կոմիտէի տնտեսական յանցագործութիւններու եւ մաքսանենգութիւններու քննութեան գլխաւոր վարչութեան կողմէ քննութեան ընթացքի մէջ են շարք մը ընկերութիւններ տնօրինած անձեր՝ խարդախութեան, հարկերէ խուսափելու  եւ իւրացումներու մեղադրանքներով։

Ըստ Քննչական կոմիտէին կալանաւորուած են հինգ անձեր, իսկ չորս անձերու նկատմամբ հետախուզութիւն սկսած է, որովհետեւ անոնց կեցութեան վայրը յստակ չէ։

Այս հետապնդումներուն ծիրին մէջ, հաղորդուեցաւ, որ խուզարկուած են 51 վայրեր՝ բնակարան, գրասենեակ եւ գործատեղի։

*

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ։

Խորհուրդին ընդհանուր քարտուղար Ճերի Փիլայի անունով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ շեշտելով, որ Հայ Եկեղեցին իւրայատուկ եւ յարգուած տեղ ունի հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական կեանքին մէջ։ Ան նաեւ համաշխարհային քրիստոնէական ընտանիքին էական եւ անփոխարինելի անդամ է, որ մեծապէս կը նպաստէ էքիւմենիք շարժումին։

*

” Բարգաւաճ Հայաստան” կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան հարցաքննուեցաւ փտածութեան դէմ կոմիտէին կողմէ, որ սակայն ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցեց, թէ ինչ գործի ծիրին մէջ է Ծառուկեանի հարցաքննութիւնը։ Նաեւ չյստակացաւ, թէ մեծահարուստ գործարարը դատավարական ինչ կարգավիճակ ունի։ Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններու, ան իբրեւ վկայ հարցաքննուած է։

Ծառուկեանի գրասենեակը եւս քար լռութիւն պահեց Բարգաւաճ Հայաստանի ղեկավարին հարցաքննութեան մասին, իսկ Ծառուկեանի բանբեր Իվետա Տոնոյեան չպատասխանեց հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն։ Ան լրագրողներուն համար անհասանելի է։

*

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը չմեկնաբանեց Ուաշինկթընի առաջարկին մասին հրապարակումները,ըստ որոնց ամերիկեան վարչակարգը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջարկած է ամերիկեան սեփական ընկերութեան մը հսկողութեան տակ դնել Սիւնիքի վրայով Նախիջեւանը Ատրպէյճանի կապող ճանապարհը։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան նպաստող քայլերուն, սակայն մամուլին հրապարակման մասին տեղեկութիւններ չունին։

Քարնէկի հիմնադրամը՝ յղում կատարելով դիւանագիտական իր աղբիւրներուն, գրած էր, որ նախագահ Թրամփի վարչակազմը Երեւանի եւ Պաքուի առաջարկ կատարած է՝ Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճանապարհի բացման վերաբերեալ։ Խօսքը կը վերաբերի ճանապարհին հսկողութիւնը եւ կառավարումը ամերիկեան սեփական ընկերութեան մը յանձնելու առաջարկի մը։

*

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Միխայիլ Կալուզին Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Գուրգէն Արսէնեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Հայաստանի մէջ պահպանել Ռուսիոյ եւ հայեւռուսական յարաբերութիւններու մասին դրական տեղեկատուութիւնը։

Հանդիպման մասին ռուսական պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հաստատուած է ռուսական կողմին առաջարկը՝ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համապատասխան մարմիններու միջեւ խորհրդակցութիւններու նիստ կայացնելու մասին։

Կալուզին եւ Արսէնեան նաեւ քննարկեցին հայեւռուս յարաբերութիւնները, շրջանային հնչեղութիւն ունեցող հարցեր եւ յստակացուցին ռուսեւհայկական հաղորդակցութիւններու ժամանակացոյցը։

*

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտարարեց, որ Ստեփանակերտի մէջ կայացած՝ Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ որոշ դրոյթներ, ուր օգտագործուած են Հայաստանի հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը խախտող շինծու հասկացութիւններ, չեն համապատասխաներ Իրանի պաշտօնական դիրքորոշման։

Սոպհանի նշեց, որ այդ յայտարարութիւնը կը ցոլացնէ վեհաժողովի նախագահի, այսինքն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, տեսակէտները, եւ պարտադիր չէ, որ անիկա արտացոլացնէ մասնակից երկիրներուն դիրքորոշումները։

Իրանի դեսպանը նաեւ տեղեկացուց, որ Թեհրանի իշխանութիւնները պաշտօնական գրութեամբ մը իրենց վերապահումները փոխանցած են կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան վերաբերեալ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ ատրպէյճանցիներ իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց ծագում առած վայրերը, որոնք կը գտնուին Հայաստանի մէջ։ Իլհամ Հայաստանի որոշ շրջաններ արեւմտեան ատրպէյճան կը կոչէ եւ այս եզրոյթը վերջերս սկսած է գործածուիլ Պաքուի պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ։

*

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ զօրավարժութիւններու ընթացքին  ականանետային կրակոցի պայթումէն վիրաւորուած են ութ անձեր, որոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար։

Ոչ մէկ յաւելեալ տեղեկութիւն հաղորդուեցաւ պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ, սակայն մամլոյ որոշ աղբիւրներու համաձայն, դէպքը պատահած է Սիսիանի զինուորական վարժարանին մէջ, իսկ վիրաւորները պահեստազօրայիններ են։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button