Լրահոս

ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ

 

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանի նկատմամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնուեցաւ՝  օրէնսգիրքի 422-րդ յօդուածի երկրորդ մասով, որ կը վերաբերի իշխանութիւնը բռնագրաւելու, հողային ամբողջականութիւնը խախտելու, ինքնիշխանութենէ հրաժարելու կամ սահմանադրական կարգը բռնի կերպով տապալելու հրապարակային կոչերու։

Ընդհանուր դատախազութիւնը այլ մանրամասնութիւններ չփոխանցեց։ Տեղին է նշել, որ վարոյթը նախաձեռնուեցաւ 17 Յունիսին։

Այս ծիրին մէջ իրադարձութիւնները գահավէժ ընթացք ունեցան, երբ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան աշխատակիցները մուտք գործեցին Սուրբ Էջմիածին եւ փորձեցին ձերբակալել սրբազանը։ Մեծ թիւով քաղաքացիներ արգելք հանդիսացան Սրբազանին ձերբակալութեան։ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան աշխատակիցները նաեւ խուզարկութիւններ կատարեցին Շիրակի թեմի առաջնորդարանին մէջ եւ գրաւեցին սրբազանին համակարգիչը։

*

Advertisement Subscribe Today

Գործարար Սամուէլ Կարապետեանի փաստաբանական խումբը հրաժարեցաւ վերաքննիչ ատեանին իր ներկայացուցած  բողոքէն, որովհետեւ չի վստահիր դատաւոր Արմէն Դանիէլեանին։

Կարապետեանի պաշտպան փաստաբանները յայտարարեցին, որ Դանիէլեանի նշանակումը բացայայտ կը դարձնէ, որ որոշումը կանխորոշուած է։ Անոնք նաեւ բացայայտեցին, որ երբ օրինական բոլոր միջոցները սպառին, պիտի դիմեն միջազգային ատեաններ։

Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալուեցաւ եւ ապա կալանաւորուեցաւ, երբ հարցազրոյցի մը ընթացքին պաշտպանեց Հայ Առաքելական Եկեղեցին։ Փաշինեան զայրացած Կարապետեանի տեսակէտէն, զայն կոչեց «պոռնկաբարոյ բարեգործ» ֆէյսպուքեան գրառման մը մէջ, որուն անմիջապէս հետեւեցան իրաւապահ մարմինները՝ Սամուէլ Կարապետեանը ձերբակալելով։ Տեղին է նշել, որ Սամուէլ Կարապետեան փոխադրուեցաւ Երեւանի բանտը, ուր ան մեկուսացուեցաւ։

*

Գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ի նպաստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կատարած յայտարարութենէն ճիշդ շաբաթ մը ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց ,որ Սամուէլեանի պատկանող «Հայկական Ելեկտրական Ցանցեր» ընկերութիւնը պետականացնելու ծրագիրը պատրաստ է։

Թէ ինչ ծրագրի մասին է խօսքը, որ նախարարութիւնը զայն մշակած է եւ կառավարութիւնը ինչպէս ընկերութեան, յստակ չէ, որովհետեւ ոչ մէկ մանրամասնութիւն կը հաղորդուի։ Իշխանական պատգամաւորական խմբակցութեան անդամ Յասմիկ Յակոբեան միայն յայտնեց, որ խօսքը կը վերաբերի օրէնսդրական նախաձեռնութեան մը, որուն հաստատումէն ետք «Հայկական Ելեկտրական Ցանցեր»  ընկերութիւնը պիտի պետականացուի։

Քաղաքացիական օրէնսգիրքին համաձայն, քաղաքացիներու եւ իրաւաբանական անձերու սեփականութեան պետականացումը կը կատարուի օրէնքի հիման վրայ։ Սեփականութեան իրաւունքը դադրեցնող օրէնքին հաստատման պարագային, անոր հետեւանքով սեփականատիրոջ պատճառուած վնասները, նաեւ՝ գոյքին արժէքը, կը հատուցէ պետութիւնը, իսկ վնասներու հատուցման շուրջ վէճերը կը լուծուի դատարանի միջոցով։

*

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հիասթափուած է Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան նախարարական վերջին համաժողովէն բխած հռչակագրէն, ուր  տեղ գտած շեշտադրումները կը հակասեն շրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման շահերուն տրամաբանութեան։

Համաժողովը կոչ ըրաւ Հայաստանի յաղթահարել հայեւատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը խանգարող իրաւական եւ քաղաքական խոչընդոտները, ինչպէս նաեւ դատապարտեց Հայաստանը, որ հրաժարած է երկխօսութիւն կատարել՝ արեւմտեան ատրպէյճանական համայնքին հետ՝ վերահաստատելով անոր անդամներուն վերադարձի իրաւունքը ներկայ Հայաստանի տարածքները։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, արեւմտեան Ատրպէյճան խօսոյթը մարդու իրաւունքներու քողին տակ Ատրպէյճանի կողմէ տարածքային յստակ պահանջ է՝ Հայաստանի հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ։

Ատրպէյճանի հակազդեցութիւնը չուշացաւ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտարարեց, որ Հայաստանի կողմէ փաստաթուղթին բովանդակութեան նենգափոխման փորձերը եւ պատմական իրադարձութիւններուն կեղծումը խաղաղութեան հոլովոյթը խաթարելու Երեւանի ձգտումներուն մէկ օրինակն են։

*

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց,որ Մոսկուա կը յուսայ, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նոր սրացում չ՛ըլլար։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շատ մօտ են խաղաղութեան պայմանագրի մը կնքման՝ աւելցնելով, որ նման պայմանագիր շատ կարեւոր է Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան հաստատման համար։

Փութինի բանբերը նաեւ հաւաստիացուց, որ Մոսկուա պատրաստ է օժանդակել եւ ընել ամէն ինչ տագնապը լուծելու եւ հանրապետութիւններուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button