ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.-ԱԿԱՆ ՄԻՋԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 8-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:2 Minute, 18 Second

p1 tivanagan-pic Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, շրջաններու միջվարչական դիւաններու 8րդ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Մարտ 29, 30 եւ 31ին` Նիկոսիա (Կիպրոս):
Խորհրդաժողովին` Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան կողքին մասնակցեցան Հ.Մ. Ը.Մ.ի 7 Շրջանային եւ 6 Մեկուսի շրջաններէն 40 վարչական քոյրեր եւ եղբայրներ: Խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան գործավարութիւնը:
Խորհրդաժողովը նախ եւ առաջ լսեց շրջաններու իրավիճակին, գործունէութեան եւ դժուարութեանց մասին զեկուցումներ: Ապա Կեդրոնական Վարչութիւնը իր քառամեայ ծրագիրին հիմամբ ներկայացուց կատարուած աշխատանքները եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ փոխանցեց յառաջիկայի իր ծրագիրներուն առնչուող մանրամասնութիւնները:p14 tchoub1
Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն բարի գալուստ մաղթեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ապա, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ ներկաները յարգեցին յիշատակը վերջին շրջանին մահացած բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն “Յառաջ Նահատակ“ քայլերգով սկիզբ առաւ խորհրդաժողովը, որ շարունակուեցաւ շրջաններուն կողմէ տեղեկագիրներու ներկայացումով: Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Կարպիս Գապասագալեան ներկայացուց Կեդրոնական Վարչութեան զեկուցագիրը:
Ռազմավարական ծրագրաւորումի գործադրութեան ծիրին մէջ ներկայացուեցան մանրամասնութիւններն ու հանգրուանները, դիմագրաւուած դժուարութիւնները եւ յառաջիկային զանոնք կանխարգիլելու համար նկատի առնուած քայլերը: Շեշտուեցաւ շրջաններուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` ապագայի աշխատանքներու իրականացման համար:
Սկաուտական աշխատանքներու մարզին մէջ Կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացուց իրագործելի ծրագիրները, Միջցամաքամասային խմբապետական վերաորակաւորման դասընթացքներու մանրամասնութիւնները, “Արարատեան Կարգ“ի մասնակցութեան վերանայուած պայմանները, 2014ի ամրան իրագործելի Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10րդ բանակումին առնչուող մանրամասնութիւնները, գիրքերը վերամշակելու եւ կայքէջին վրայ տեղադրելու ծրագիրները:
Մարզական բնագաւառին գծով Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուց մարզական յանձնախումբին պատրաստած 2013ի ամրան Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ՀամաՀ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ մարզախաղերու ամբողջական ծրագիրները եւ յայտագիրներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ բացման հանդիսութեան, յայտագիրին, դաստիարակչական բաժինին եւ այցելութիւններուն առնչուող մանրամասնութիւններ:p14 tchoub2
“Մարզիկ“ պաշտօնաթերթին առնչութեամբ կատարուեցան դժուարութեանց մատնանշումներ եւ զանոնք հարթելու կարելիութիւններուն մասին խօսուեցաւ: Փոխանցուեցան նաեւ գաղափարներ ու կարծիքներ` շրջանները աւելի ներգործօն դարձնելու թերթին տարածման աշխատանքին մէջ:
Արծարծուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95ամեակի տօնակատարութիւնը միացեալ թուականով տօնակատարելու ծրագիրի մանրամասնութիւնները: Փոխանցուեցան անհրաժեշտ թելադրանքներ եւ կատարուեցան առաջարկներ:
Ցեղասպանութեան 100ամեակի ուղղութեամբ փոխանցուեցաւ 100ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներառելու որոշումը` յանձին ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին: Ներկայացուեցան առաջարկներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առնչուող ոգեկոչման պատշաճ ձեւերուն մասին:
Վարչական դիւանակալական աշխատանքները աւելի զարգացնելու դիտաւորութեամբ, Կեդրոնական Վարչութիւնը` հիմնուելով ժողովական կանոններու հասկացողութեան վրայ, տուաւ ուղղութիւններ եւ ցուցմունքներ, փոխանցեց թելադրութիւններ ընդհանրապէս փոխյարաբերութեանց մարզերու մէջ, ապա կատարեց լուսաբանութիւններ` ընդհանուր կանոնագրութեան որոշ յօդուածներու շուրջ:
Ժողովականները յուզումով ունկնդրեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան առաքած սրտի խօսքը եւ միաձայնութեամբ որոշեցին սատար հանդիսանալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանին, նիւթապէս եւ բարոյապէս:
Խորհրդաժողովը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.Հ.Ե.Մ. Կիպրոսի Մեկուսի վարչութեան, որ առաւելագոյն չափով ջանք չէր խնայած լաւագոյնս կազմակերպելու ժողովին առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական վերջին իրադարձութիւններուն: Խորհրդաժողովի բոլոր մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Կիպրոսի մէջ հայ համայնքի երեսփոխան` Վարդգէս Մահտեսեանի կազմակերպած ընդունելութեան:
Խորհրդաժողովին մասնակիցները համոզումով մեկնեցան` հաստատ եւ ամրակուռ քայլերով շարունակելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի անվերջ ու կազմակերպուած աշխատանքները, միշտ հաւատարիմ մնալով միութեան նշանաբանին` “Բարձրացի՛րբարձրացո՛ւր“ին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles