ԳլխաւորԼրահոս

Համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ -ական Քարոզչական Ա. Համագումարը Երեւանի Մէջ Սկսաւ Եռօրեայ Իր Աշխատանքներուն

 

Երկուշաբթի, 20 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Երեւանի «Հոլիտէյ ինն» պանդոկին «Արմաւիր» սրահին մէջ սկսան համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ -ական քարոզչական Ա. համագումարին աշխատանքները` մասնակցութեամբ միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու քարոզչական պատասխանատուներու, կազմակերպիչ Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներու եւ Կեդրոնական վարչութեան վեց անդամներու, ընդամէնը` 30 մասնակիցներ:

Ծանօթ է, որ այս օրերուն Հայաստան դարձած է համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ -ական ձեռնարկներու ժամադրավայր: Համագումարին առընթեր, այսօր` երեքշաբթի, Աղվերանի մէջ ընթացք կ՛առնեն Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի սկաուտական բարձրագոյն կարգի` «Արարատեան» կարգի գործնական հանգրուանին երկօրեայ աշխատանքները: Երեկոյեան, Երեւանի մէջ կը նշուի «Հայ մարզիկի օր»-ը, իսկ ուրբաթ օր բացումը կը կատարուի համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ -ական 13-րդ ընդհանուր բանակումին:

Համագումարին Բացումը

Համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ -ական քարոզչական Ա. համագումարին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի քայլերգներով: Պաշտօնական բացման ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Լիլիթ Գալստեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեան, Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան:

Համագումարի բացման խօսքով ներկաները ողջունեց Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ քարոզչական աշխատանքներու ներկայացուցիչ Վիգէն Աւագեան: Ան նշեց, որ համագումարը իր տեսակին մէջ առաջինն է միութեան պատմութեան մէջ եւ պարտաւորութիւնը ունի իր քննարկումներով պատասխանել երեք հիմնական հարցումի, թէ այսուհետեւ ի՞նչ ուղղութեամբ պիտի ընթանան Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի քարոզչական աշխատանքները եւ ո՞ւր հասնելու համար: Որո՞նք եւ ինչպէ՞ս պիտի առաջնորդեն այդ աշխատանքները: Եւ վերջապէս, ինչպէ՞ս պէտք է օգտագործել միութեան համահայկական ներուժը քարոզչական աշխատանքներու յաջողութեան եւ զարգացման մէջ:

Ապա, համագումարը իր աշխատանքներուն սկսաւ կլոր սեղանով մը, որուն նիւթն էր` «Երիտասարդութիւն, արժէքներ, հասանելիութիւն եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի աշխատանքներուն հանրայնացումը Հայաստանի մէջ»: Կլոր սեղանը վարեց Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ Արթուր Մկրտչեան: Զրուցակիցներն էին լրագրող, հանրային գործիչ եւ հանրային կապերու մասնագէտ Աստղիկ Աւետիսեան, Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ -ՀԱՍԿ-ի անդամ Անուշիկ Փանոսեան:

Advertisement Subscribe Today

Առաջին Օրուան Նիստերը

Համագումարի պաշտօնական բացումին յաջորդեցին առաջին օրուան նիստերը, որոնք քննարկեցին հետեւեալ նիւթերը.-

– «Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի քարոզչութիւնը երէկ եւ այսօր»` զեկուցաբեր Վիգէն Աւագեան: Նիստը վարեց Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի անդամ Աստղիկ Աշըգեան:

– «Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի ներգրաւուածութիւնը արհեստական բանականութեան եւ ցանցային աշխարհի անվտանգութեան աշխարհին մէջ»` զեկուցաբեր Ժիրայր Պէօճէքեան: Նիստը վարեց Գէորգ Յակոբճեան:

Համագումարը նաեւ առանձին նիստով մը լսեց նախապէս ղրկուած հարցաթերթիկի հիմամբ` միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններուն քարոզչական աշխատանքներուն ընդհանուր իրավիճակը ներկայացնող զեկուցումը, համապատասխան ախտաճանաչումներով, արժեւորումներով եւ ապագայի գծով առաջարկ-պատկերացումներով: Զեկուցումը ներկայացուց Գէորգ Յակոբճեան:

Ազգային Գրադարան Այցելութիւն

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, համագումարին մասնակիցները, Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, այցելեցին Ազգային գրադարան, ուր ծանօթացան 107-ամեայ անոր պատմութեան: Այցելեցին անոր զանազան բաժինները եւ հանդիպում-զրոյց մը ունեցան Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Ջուլեանի հետ:

Այս առիթով, համագումարի մասնակիցներուն անունով գրադարանին նուիրուեցան Հ․Մ․Ը․Մ․ -ական գրականութենէն օրինակներ: Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան գրադարանի տնօրէնութեան յանձնեց «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 46 տարիներու ամբողջական հաւաքածոյին` 441 թիւերուն թուայնացած օրինակները եւ մատենագիտութիւնը: Տարիներու վրայ երկարած երախտաշատ երկու աշխատանք, որուն առաջին օրինակները ունենալու պատիւը շնորհուեցաւ Ազգային գրադարանին:

Ապա, Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան գրադարանի տնօրէնութեան յանձնեց Հ․Մ․Ը․Մ․ -ի նշանակը` Վահանը ներկայացնող յուշանուէր մը եւ նկատել տուաւ, որ Ազգային գրադարանը եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ -ը կը կատարեն հայապահպանման մեծ գործ եւ երկուքին միջեւ կարելի է մշակել գործակցութեան եզրեր, որոնք կրնան մեծապէս օգտակար ըլլալ նորահաս սերունդին ընդհանրապէս եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ -ին մասնաւորապէս:

Այսօր, համագումարը իր աշխատանքները կը սկսի Եռաբլուր այցելութեամբ եւ սկաուտական «Արարատեան» կարգի մասնակիցներուն հետ հանդիպումով, ապա առանձին նիստերով կը շարունակէ իր քննարկումները: Օրուան ընթացքին մասնակիցները կ՛այցելեն Հայաստանի Ազգային արխիւ եւ «Երկիր մետիա»:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button