
Ծ.Խ.- Անկասկած որ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագծի որդեգրման հարցը, ամիսներ շարունակ մելան հոսեցուց եւ եղաւ վերջին ամիսներու կիզակէտը: Այս առթիւ, յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, նաեւ աշխարհի հին ցամաքամասի Հայ Դատի աշխատանքներուն մասին, հարցազրոյց մը կատարեցինք, Պրիւքսէլի մէջ գտնուող Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի, հասարակական կազմակերպութեանց հետ կապի եւ մամլոյ ներկայացուցիչ Պետօ Տէմիրճեանի հետ:
Հ.- Անցեալ տարեվերջէն իսկ, Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագծի որդեգրման հարցը բաւական մելան հոսեցուց: Ինչպէ՞ս բացատրել դէպքերու ընթացքը, հարցը Ծերակոյտ փոխադրելով եւ ի վերջոյ մերժուելով:
Պ.- Այո, բաւական մելան հոսեցուց, ու տակաւին մելան կը հոսեցնէ ու պիտի հոսեցնէ: Ըստ կարգի, նման օրինագիծ մը Ֆրանսայի մէջ պետական օրէնք դառնալու համար` նախ կը քուէարկուի Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ, դրական արդիւնքի պարագային` կ’ուղղուի Ծերակոյտ – Սենատ, ուր դրական քուէ ստանալէ ետք` հանրապետութեան նախագահին ստորագրութենէն վերջ, կը դառնայ պետութեան օրէնք: Նախագահ Սարքոզիի ստորագրութենէն առաջ սակայն, թուրք իշխանութիւնները կարողացան համոզել օրինագծին դէմ քուէարկած ֆրանսացի ա՛յն երեսփոխաններուն եւ հաւաքել պէտք եղած թիւը, հարցը տանելու Սահմանադրական խորհուրդ` քննելու համար օրէնքի սահմանա-
դրականութիւնը: Խորհուրդը Թուրքիոյ ճնշումներուն տակ, հակասահմանադրական նկատեց օրինագիծը, վճռելով, թէ նման օրէնք մը Ֆրանսայի մէջ կը սահմանափակէ խօսքի ազատութիւնը, որ ի սկզբանէ եղած էր թուրք պետութեան խաղաքարտը: Հոս անշուշտ կրնանք ուշադրութեան առարկայ դարձնել նախագահ Սարքոզիի “քաշքշուք“ը, որ ուշացուց իր ստորագրութիւնը դնել օրինագծին տակ, ընդդիմադիրներուն ժամանակ տալով, որ դիմեն Սահմանադրական խորհուրդ:
Հ.- Ըստ կարգ մը իրաւաբանական դէտերու, եթէ այս քրէականացման բանաձեւը, բոլորովին տարբեր ձեւով արծարծուէր, կրնար դիւրութեամբ վաւերացուիլ եւ ապա առանձ տատամսումի ստորագրուիլ Նախագահ Սարքոզիին կողմէ:
Պ.- Յիշեցնեմ, որ նախագահ Սարքոզի Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին խոստացած էր սոյն օրինագիծը քուէարկութեան դնել, առաւել եւս Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի եւ յանձնախումբի աշխատանքներուն ջանքերով, միջկուսակցական – ձախէն աջ – համաձայնութիւն կար եւ երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը կը զօրակցէր օրէնքին: Ոչ մէկ ձեւով սոյն օրինագիծը կը կաշկանդէ խօսքի ազատութիւնը: Յատկանշական է, որ օրէնքին մէջ “Հայկական Ցեղասպանութիւն“ եզրը չկայ: Կ’ըսուէր “ճանաչուած ցեղասպանութիւններ“: Թրքական վարչամեքենան հայկական բնոյթ տուաւ հարցին, լաւ իմանալով, որ նման օրինագծի մը որդեգրումը իրենց պատասխանատուութեան տակ կը դնէ: Նաեւ պէտք է նշել, որ սոյն օրէնքը հիմնուած է Եւրոպական միութեան խորհուրդի 2008 Նոյեմբերի “ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան դէմ շրջանակային որոշում“ին վրայ, ուր բացարձակ յստակութեամբ կը նշուի, “ցեղասպանութեանց, մարդկութեան դէմ ոճիռներու եւ պատերազմական ոճիռներու ուրացման քրէական պատժելիութիւնը“: Առաւել եւս, Ֆրանսայի պարագային ա՛լ աւելի ուժգնութիւն կը ստանայ Եւրոմիութեան շրջանակային այս օրէնքը, քանի որ խօսք կ’ըլլայ թէ իրագործելի է այն պարագային միայն, որ ազգային խոհրդարան մը պաշտօնապէս ճանչցած է ցեղասպանութիւն մը: Ֆրանսան 1998-ին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Ուրեմն, բանձեւումի կամ խմբագրումի հարց չկայ հոս, այլ` քաղաքական կամքի, խիզախութեան, անաչառութեան եւ արդարութեան պակաս կայ միայն անոնց քով միայն` որոնք պաշտօնական ու անպաշտօն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շանթաժներուն տակ ընկրկեցան, կամ կաշառուեցան:
Հ.- Նախքան, օրինագծի քննարկումը, Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան հարցերով պետական նախարար եւ Եւրոմիութեան աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ Զուիցերիոյ մէջ յանդուգն արտայայտութիւններ ունեցաւ, այս օրինագծին առնչութեամբ եւ նոյնիսկ իր դէմ դատ բացուեցաւ: Այս գծով, վերջերս ոչ մէկ նորութիւն եւ մատնանշում: Արդե՞օք օրինագծի մերժման արդիւնք, այս դատական հա՞րցն ալ փակուեցաւ:
Պ.- Զուիցերիան Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր չէ, վերոնշեալ օրէնքը, կամ այլ երկրի մը օրէնքները առնչութիւն չունին Զուիցերիոյ համար, բացի անշուշտ միջազգային դաշնագիրներէն եւ օրէնքներէն: Զուիցերիան սակայն քրէականացուցած է ցեղասպանութեանց ժխտումը, առաւել, այն երկիրներէն մին է, որ ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Գալով Պաղըշի յայտարարութիւններուն, Զուիցերիայէն անմիջապէս ետք, ան այցելեց Պրիւքսէլ ու Եւրոպական միութեան խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, եւրոխորհրդարանէն ներս, Շուլց կոչ ուղղեց Թուրքիոյ` ճանչնալու իր անցեալը, ճիշդ այնպէս ինչպէս իր երկիրը, Գերմանիան ճանչցած ու հատուցած է հրէական ողջակիզումը: Շուլց նաեւ նշեց, որ ան նախագահելով հաստատութիւն մը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ որդեգրած է, ի՛նչ ալ ըլլայ իր անձնական կարծիքը, պէտք է ենթարկուի այդ հաստատութեան որոշումներուն ու պաշտպանէ զանոնք: Զուիցերիոյ մէջ սակայն, Պաղըշի դէմ հարցը փակուեցաւ, անոր “քաղաքական անձեռնմխելիութիւն“ը իբրեւ պատրուակ բերելով: Զուիցերիա ըլլալով չէզոք, հայեւթուրք փրոթոքոլներու ստորագրման միջնորդ երկիր մը, այսպիսով կորսնցուց իր անկողմնակալութիւնը:
Հ.- Որքանո՞վ թրքական Արտաքին Գործոց նախարարութեան քարոզչական մեքենան իր ներդրումը կ՛ունենայ նմանօրինակ հարցերու առնչութեամբ եւ անշուշտ համաեւրոպական բնագաւառէն ներս:
Պ.- Որքանո՞վ. ամբողջութեամբ: Եւ ո՛չ միայն քարոզչական մեքենան, այլ պետական ամենաբարձր մակարդակով: Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի տուեալներով, մօտաւորապէս 100 միլիոն եւրօ ծախսուած է ձախողեցնելու այս օրինագիծը: Համաեւրոպական թրքական տեղաշարժ մը տեղի ունեցաւ – երբ կ’ըսեմ թրքական, նկատի ունիմ նաեւ ազերի – կազմակերպութեամբ` թուրք պետութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ գաղտնի սպասարկութեանց միջոցներով: Շուրջ 25.000 թուրքեր Եւրոպայի զանազան երկիրներէն հաւաքուեցան Փարիզ Ազգայնական, ցեղապաշտ իսկական խուժան մը: Առաջին անգամ նման երեւոյթ մը կը տեսնուէր, բացայայտօրէն օտար պետութեան մը հարցերուն մէջ այլ պետութեան մը միջամուխ ըլլալը: Նոյն Թուրքիան, որ Եւրոմիութեան – Կիպրոսի – տարածք գրաւած է, նոյն Թուրքիան որ ի՛ր իսկ երկրին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին արտայայտուիլը քրէականացուցած է, Փարիզի մէջ խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան գործին “լծուած“ է: Այս արդէն ինքնին այլ հարց մըն է: Չեմ խօսիր տակաւին նախագահ Սարքոզիի, զեկուցաբեր Վալէրի Պուայէի եւ այլոց դէմ եղած անձնական յարձակումներուն ու սպառնալիքներուն մասին: Արտաքին գործոց նախարարութեան կողքին, անցեալ Փետրուար ամսուն, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարի ներկայութեան, հակահայ հսկայական ցոյց մը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ. Պաքուի եւ այլ քաղաքներու մէջ նաեւ տեղի ունեցան նման ցոյցեր, սակայն Պոլսոյ ցոյցը կը զատորոշուէր մնացեալներէն` այն հանգամանքով, որ անոր կը մասնակցէր ներքին գործոց նախարարը: Ցոյց մը տեղի ունեցաւ, որ ազերիներու օժանդակութիւն եւ զօրակցութեան ցուցանիշ մըն էր էութեան մէջ: Նոյնիսկ վարչապետ Էրտողան բնական յայտարարեց այդ ցոյցին իրագործումը, որ եղբայրական ազգերու օժանդակութեան նշան է: Խորքին մէջ ծայրայեղ թուրքեւազերի աջերու, Գորշ գայլերու հակահայ մոլուցք մըն էր: Ինչքան նման ցոյցեր տեղի պիտի ունենան, այնքան աւելի անհրաժեշտ է օրէնքով քրէականացնել ցեղասպանութեանց ժխտումը:
Հ.- Քրէականացնող օրինագծի առնչութեամբ, յաջորդ առնուելիք քայլերը ի՞նչ են, մանաւանդ որ կարգ մը ծերակուտականներ եւ երեսփոխաններ, որոշած են վերամշակել նոյնանման բանաձեւ մը:
Պ.- Այո, արդէն աշխատանք սկսած է, որ օրէնքը վերամշակուի եւ կրկին դրուի օրակարգի վրայ: Ծերակուտականներուն եւ երեսփոխաններուն կողքին, նախագահական երկու թեկնածուներ, Ֆրանսուա Հոլանտն ու Նիքոլա Սարքոզին երկուքն ալ որոշած են: Սակայն պէտք է սպասել, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները անցնին, ապա օրակարգի դրուի հարցը: Աջակողմեան եւ ձախակողմեան կուսակցութեանց պատկանող մեծ թիւով երեսփոխաններ կան, որոնք պատրաստ են կրկին զօրավիգ կանգնելու սոյն օրինագծին: Առաւել եւս, ֆրանսական հայկական կազմակերպութիւնները, գաղութը աւելի քան երբեք միահամուռ են ու կ’աշխատին այս առնչութեամբ:
Հ.- Ընդհանրապէս, եւրոպական այլ երկիրներէ ներս, ի՞նչ կացութիւն կը տիրէ, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերու առնչութեամբ: Կարելի՞ է ընդհանուր պատկեր մը ներկայացնել:
Պ.- Եւրոպական Միութեան անդամ կարգ մը երկիրներ արդէն ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը. Զուիցերիայէն զատ, Սլովաքիան նաեւ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնք ունի, որուն կառավարութենէն ներկայացուցիչ մը յայտարարած էր վերջերս, թէ իրենք պատրաստ են Ֆրանսան օգնելու, եթէ իրենց օգնութիւնն ուզուի, նոր օրինագծի մը մշակման մէջ: Հոս նշեմ, որ մի քանի օր առաջ միայն, կրկին թուրքեւազերի միացեալ ճակատը, կեղծ լուրեր տարածեց, իբրեւ թէ, Սլովաքիոյ մէջ նման օրէնք գոյութիւն չունի, եւ թէ եղածը հայկական կողմի ապատեղեկատուութիւնն է միայն, որ կուզէ այլ երկիրներ ալ ներքաշել Ցեղասպանութեան հարցին մէջ: Իւրաքանչիւրս կը գիտակցինք, թէ Ֆրանսայի նման երկիր մը, եթէ վաւերացնէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքը, տոմինոյի ազդեցութիւն մը պիտի տեսնենք ամբողջ Եւրոմիութեան եւ ո՛չ միայն Միութեան տարածքին: Չեմ ուզեր ներկայիս այս նիւթին շուրջ աւելի անդրադառնալ, բայց շատ աշխատանք կը տարուի: Խորհրդարաններէն զատ, տեղական խորհուրդներ, քաղաքապետա-րաններ կը շարունակեն ճանչնալ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, օրինակ հանդիսանալով իրենց պետութեան: Մենք ալ մեր աշխատանքով, Եւրոպական միութեան օրակարգին վրայ մի՛շտ կ’արծարծենք, կը բարձրաձայնենք Հայկական Ցեղասպանութեան անժամանցելիութիւնը, ճանաչման եւ դատապարտման անհրաժեշտութիւնը:
Հ.- Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ին՞չ է գրասենեակին որդեգրած գործուղին եւ անշուշտ դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Պ.- Նախ եւ առաջ, պէտք է ըմբռնենք, որ մէջտեղ նետուած այն գաղափարը, որ թրքական քարոզչական մեքենային խաղերէն մին է, թէ հարիւր տարի անցնելէն ետք իրաւական ո՛չ մէկ հիմք կ’ունենայ Հայկական Հարցը, խնդալու բան է: Նման բան չկայ, եւ ըլլալիք չէ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի անձնական միջամտութեամբ ու ջանքերով, փորձեր կը տարուին մեր Սփիւռքի բաժնելու, այսպէս կոչուած “փափուկ հայ“եր գտնելու, որոնք պատրաստ են զանազան պատճառներով երկխօսութեան մտնելու թուրք պետութեան հետ մեր հաշւոյն. դատապարտելի են նման նախաձեռնութեանց հայկական արձագանգ տալը: Մենք կը մերժենք ոեւէ մէկ անհատական շահ հետապնդելը, ուր անհատականը կը գերադասէ հաւաքականինը: Հատուցումը կարելի չէ, որ ըլլայ խումբ մը անհատներու անձերու հարցը: Թուրքիան իր բարձրագոյն մակարդակներով հարիւրամեակի շեմին, կը փորձէ հարցը ծածկել, կամ կարելի եղածին չափ յարձակողականի անցնիլ մեր թափը կոտրելու համար: Պէտք է չափազանց զգօն ու արթուն ըլլալ, չխաբուիլ: Իսկ hարիւրամեակէն առաջ սակայն, այս տարի, 2012-ին, Եւրոպական միութեան խորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման 25ամեակն է: Այս տարուընէ սկսեալ մեզի համար “հարիւրամեակ“ է, եւ ծրագրած ենք ու կը ծրագրենք շարք մը ձեռնարկներ եւ այլ համախմբումներ, որոնց գագաթնակէտն է 2015 թուականը: Ճանաչումէն ետք պիտի անցնինք հատուցման թղթածրարին: