«Համազգային»-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան 2021-2022 Տարեշրջանի Առաջին Լիագումարը

0 0
Read Time:1 Minute, 0 Second

 

«Համազգային» Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Շրջանային Վարչութեան 2021-2022 տարեշրջանի առաջին լիագումար ժողովը տեղի ունեցաւ Յուլիս 24-ին, Նիւ Ճրզիի մէջ: Ժողովին ներկայ էին վարչութեան բոլոր անդամները՝ Արեւիկ Գաբրիէլեան, Անի Աղաճանեան, Մարուշ Բանիեան Նայկան, Հուրի Սամուէլեան, Վարդիվառ Քէշիշեան, Վարանդ Չիլոյեան, Խաժակ Առաքելեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրայր Պարոնեան:

Վարչութեան ատենապետուհի Արեւիկ շնորհակալութիւն յայտնեց անդամներուն, որոնք առանց վարանումի ժամանեցին տարբեր նահանգներէ եւ խանդավառութեամբ մասնակցութիւն բերին այս  ժողովին՝ յառաջ տանելու համար միւթեան աշխատանքները:

Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրայր նմանապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան անդամներուն իրենց մասնակցութեան համար եւ բարձր գնահատեց Շրջանային Վարչութեան գործունէութիւնները եւ բծախնդրութեամբ տարած աշխատանքները:

Ժողովին օրակարգը ծաւալուն էր, ընդգրկելով «Համազգային»-ի Արեւելեան Շրջանի 44-րդ ներկայացուցչական ժողովի բանաձեւերը, Շրջանային վարչութեան տարեկան ծրագրերը՝ ArtLinks, «Փեթակ» ճամբար, Մանկամսուր, «Մայրենի» սեմինարը, «Հայկական Գիտելիքներու Մրցոյթը», Պարախումբերու Փառատօնը, մասնաճիւղերու վերաշխուժացման աշխատանքները, քոյր կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը եւ «Համազգային»-ի մէջ հայ երիտասարդներու ներգրաւման հրամայականը:

Ժողովը անդրադարձաւ «Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնած «Արցախի մանուկներ» ծրագրի մեծ յաջողութեան մասին, որուն հիմնական նպատակն է պատերազմի արհաւիրքէն ճողոպրած մանուկներու, ինչպէս նաեւ պատանիներու համար կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծրագրերու իրագործումը Արցախի մէջ:

Ժողովի աւարտին Շրջանային վարչութիւնը տխրօրէն արծարծեց Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան ներկայիս ընկերային դժուարութիւններն ու Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուող Արցախի  հայկական պատմական յուշարձաններու ու կոթողներու վերացումը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles