ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ 19-ՐԴ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 28 Second

 Համազգայինի 19-րդ ուսանողական հաւաքի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Յուլիս 14, 2012-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, ներկայութեամբ` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեանին:

Բացման հանդիսութեան ողջոյնի խօսքը արտասանեց Հայաստանի Համազգայինի հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Համազգայինի ծագումը, ամբողջ աշխարհի մէջ անոր տարածումն ու գործունէութեան լայնածաւալ դաշտը, ապա` հաւաքի պատմականը: “Այսքան տարուան կենսագրութիւն ունենալը հաւաքին  յաջողութեան գլխաւոր փաստն է“, ըսաւ ան:

Ֆորումականներուն բարի գալուստ մաղթեց նաեւ Վաչէ Փափազեան եւ ըսաւ, թէ ֆորումին միջոցով կարելի կ՛ըլլայ հայրենիքին ծանօթանալը, զիրար ճանչնալն ու միասին հայ ժողովուրդի այժմու տագնապներուն մասին խորհրդակցիլը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տիրող տագնապներուն մասին ազատ քննարկումներ կատարելը:

2012-ի հաւաքի ընդհանուր պատասխանատու Սերժ Գալուստեան ամփոփ կերպով խօսեցաւ Ֆորումի յաջողութեան գլխաւոր բանալիին` կարգապահութեան ու օրէնքներու յարգումին մասին: Ան խնդրեց բոլորէն ճշդապահ ըլլալ, որպէսզի կարելի ըլլայ ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականացնել: Ապա խօսք առաւ Զեփիւռ Օհաննէսեան ու փոխանցեց կեցութեան հետ կապուած անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ` ֆորումի ընթացքին եւ յանձնախումբերու աշխատանքներուն մասին մանրամասնութիւններ:

Տաս երկիրներէ` Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Ֆրանսայէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Իրանէն ժամանած ուսանողները իրենք զիրենք ներկայացուցին եւ արդէն իսկ իրարու ծանօթացման առաջին փուլէն ետք ճաշեցին, բարձրացան փոխադրակառք եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ այցելեցին Մատենադարան, Երեւանի պատմութեան թանգարան, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Սասունցի Դաւիթի արձանը: Իւրաքանչիւր վայրի մասին հաճելի եւ օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցեց Զեփիւռ Օհաննէսեան:

Կիրակի, Յուլիս 15-ի առաւօտեան նախաճաշէն ետք, Կարօ Յովհաննէսեան մասնակցողներուն ներկայացուց “Սփիւռքի հոլովոյթ“-ը խորագիրով նիւթը, ուր ան սպառիչ կերպով անդրադարձաւ սփիւռքի հասկացողութեան, հանգրուաններուն եւ անոր կրած յարատեւ փոփոխութիւններուն, ապա Կարօ Յովհաննէսեան պատասխանեց ֆորումականներու հարցումներուն:

Դասախօսութենէն ետք խումբը անմիջապէս մեկնեցաւ Հայաստանի պատմութեան թանգարան: Հոս էր օրուան անակնկալը… օրը Վարդավառ տօնին կը զուգադիպէր եւ Երեւանի բոլոր փողոցները ամէն մարդ ջուրի դոյլերով զինուած կը սպասէր որսի: Ֆորումականները անմասն չմնացին Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ բացօթեայ լոգանք ստանալէ: Կէսօրէ ետք անոնք այցելեցին Վերնիսաժ շուկայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles