ԱզգայինԼրահոս

Համազգայինի Հաւաքը Անգամ Մը Եւս Համախմբեց Մեծաթիւ Երիտասարդներ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Ուսանողական հաւաքը (ֆորում) այս տարի տեղի ունեցաւ 4-16 Յուլիսին, անոր մասնակցեցան սփիւռքի տարբեր գաղութներէ` Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Աւստրալիայէն, Ռուսիայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն 23 հայ երիտասարդներ:
Ուսանողական հաւաքին բացումը տեղի ունեցաւ 5 Յուլիսին «Պանդոկ Երեւան» ճաշարանին մէջ, ուր ազգային երգերու եւ պարերու շուրջ երիտասարդները ծանօթացան իրարու եւ երէց համազգայնականներու: Խօսքեր արտասանեցին հաւաքի պատասխանատու Տօնիկ Տօնապետեան եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Գէորգեան:
Պաշտօնական բացումէն առաջ` 5 Յուլիսին, ֆորումականները այցելեցին Սերգէյ Փարաջանովի թանգարան, ուր ծանօթացան միջազգային ճանաչում վայելող հայ շարժանկարի բեմադրիչ եւ մեծ վարպետ Փարաջանովի կեանքին եւ գործունէութեան: Նոյն օրը ֆորումականները ունեցան դասախօսութիւն-աշխատանոց` արուեստագէտ եւ հայկական աւանդական պարերու պարուսոյց Համազասպ Ասլանեանի ղեկավարութեամբ:
Երկուշաբթի, 6 եւ Երեքշաբթի, 7 Յուլիսին ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Գիւմրի` ճանչնալու Հայաստանի մշակութային քաղաքը իր տեսարժան ու պատմամշակութային վայրերով: Երկու օրերուն ընթացքին անոնք շրջագայեցան քաղաքին մէջ եւ այցելեցին անոր զանազան թանգարաններն ու եկեղեցիները` Յովհաննէս Շիրազի, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանները, Ս. Ամենափրկիչ, Ս. Աստուածածին (Եօթը վէրք) եկեղեցիներ: Անոնք այցելեցին նաեւ Համազգայինի Գիւմրիի գրասենեակ եւ ծանօթացան գրասենեակի գործունէութեան:
6 Յուլիսի երեկոյեան ֆորումականները իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ո՞վ է հայը» խորագիրով զրոյցին: Երիտասարդներէն իւրաքանչիւրը նշեալ հարցին վերաբերող տարբեր մօտեցում եւ ընկալում ունեցաւ, յատկապէս` մեկնելով այն իրողութենէն, որ իւրաքանչիւրը կու գայ տարբեր երկրէ, տարբեր միջավայրէ: Ծաւալեցաւ հետաքրքրական եւ շինիչ զրոյց մը, որ մտածելու, անձնական փորձառութիւններու մասին արտայայտուելու եւ ապրումներ փոխանակելու առիթ եղաւ:
Գիւմրիի մէջ յատկանշական էր «Խաչքարերու ծանօթացում եւ վարպետաց դասընթացք» խորագիրով աշխատանոցը, զոր վարեց լիբանանահայ հայրենադարձ Նարինէ Փոլատեանը:
8 Յուլիսին ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Լոռի: Երկու օրերուն ընթացքին անոնք ծանօթացան Հաղբատ եւ Սանահին վանական համալիրներուն եւ Դսեղ գիւղին մէջ գտնուող Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանին:
9 Յուլիսին ուղղութիւնը եղաւ դէպի Հաղարծին, որմէ ետք` Դիլիջան եւ Սեւանայ լիճ (Սեւանավանք):
10 Յուլիսին ֆորումականները վերադարձան Երեւան եւ անոնց առաջին այցելութեան վայրը եղաւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, ուր իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Արցախի ազատագրական պայքարին, 2016-ի քառօրեայ եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն: Ապա Ծիծեռնակաբերդի մէջ երիտասարդները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Անոնք ծանօթացան նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանին, հոն տեղադրուած հսկայական հաւաքածոյին: Նոյն օրը այցելութիւն կատարուեցաւ նաեւ Էջմիածինի մայր տաճար: Կէսօրէ ետք ֆորումականները հանդիպում ունեցան «Պըրթ Ռայթ Արմենիա»-ի տնօրէն Սեւան Գապաքեանի հետ, որ համառօտ ծանօթացում մը տուաւ ծրագիրի նպատակին, գործելաոճին եւ դիւրութիւններուն մասին:
11 Յուլիսին, Ուսանողական հաւաքի երիտասարդները այցելեցին Կոմիտասի թանգարան եւ պանթէոն, ծանօթացան` Կոմիտասի կեանքին, գործունէութեան, անոր ձգած հարստութեան, անոր պատկանող եւ թանգարանին մէջ պահպանուած իրերուն: Ապա անոնք այցելեցին Չարենցի կամար, Գառնի, Քարերու սիմֆոնիա եւ Գեղարդ:
12 Յուլիսին, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը` Վարդավառը: Ձեռնարկին մասնակցեցան Ուսանողական հաւաքի երիտասարդները, որոնք նախ եւ առաջ իրենց յարգանքի տուրք մատուցեցին Օշականի մէջ գտնուող Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանին: Օշականի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Յովհաննիսեանը իր օրհնութեան եւ բարեմաղթանքի խօսքը յղեց երիտասարդներուն, որմէ ետք հոգեւոր երգերու շարքով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի օփերայի եւ պալեթի ազգային ակադեմական թատրոնի մեներգիչ Ռոման Խնկոյեանը: Նոյն ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկան` Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախկին տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը եւ գրող Արտաւազդ Նազարեանը, որոնք շեշտեցին կարեւորութիւնը մաշտոցեան արժէքներն ու սփիւռքահայ երիտասարդութեան ազգային ինքնութեան պահպանման:
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ֆորումականները այցելեցին Ս. Կարմրաւոր եկեղեցի եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին եկեղեցւոյ բակը ամփոփուած հայ մեծանուն գրող Գէորգ Էմինի յիշատակին: Գրողի շիրիմին մօտ երիտասարդներուն իր սրտի խօսքը ուղղեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արեւիկ Գաբրիէլեան:
Աւելի ուշ, Երեւան վերադարձին, երեկոն յատկանշուեցաւ Համազգային «Սօս Սարգսեան»-ի անուան պետական թատրոնի ներկայացումով, ուր ֆորումի մասնակիցները վայելեցին «Սուրբ Անտոնիոսի հրաշքը» գործը:
Երկուշաբթի, 13 Յուլիսին այցելութիւն տրուեցաւ Ծաղկաձոր, ուր բնութեան հրաշալիքին կողքին, ֆորումականները վայելեցին ճոպանուղին: Ապա նախորդ տարիներու աւանդութիւնը շարունակելով` այս տարի եւս Համազգայինի ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ծաղկաձորի Տիրամայր Հայաստանի ճամբարը, ուր հիւրընկալուեցան ճամբարի փոքրիկներուն կողմէ, որոնց հետ ունեցան կէսօրեայ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր` ճաշ, ընկերային պահ, երաժշտութիւն ու պար: Իւրաքանչիւր երեխայի սէրն ու ժպիտը, անոնց հետ ուսանողներուն անցուցած ժամերը իւրայատուկ դրոշմ ձգեցին իւրաքանչիւրին մօտ:
14 Յուլիսին այցելութիւնները եղան Հայաստանի հարաւային շրջանները: Խոր Վիրապի այցելութենէն ետք ֆորումականները այցելեցին Տաթեւի վանք, Հարսնաձորի դիտակէտ, Նորավանք եւ Արէնի:
15 Յուլիսի օրը սկսաւ Երեւանի պետական համալսարան այցելութեամբ: Համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Արման Եղիազարեան ֆորումականներու ծանօթացուց պետական համալսարանի բաժանմունքներն ու ընդհանրապէս համալսարանը:
Նոյն օրուան երկրորդ կէսը մարզական էր: Արդարեւ, անոնք այցելեցին Երեւանի մէջ գտնուող «Կրանտ սփոր»-ի մարզական համալիր, ուր դիմաւորուեցան համալիրի պատասխանատուին կողմէ եւ ծանօթացան մարզական համալիրի զանազան բաժիններուն: Մօտաւոր մէկ ժամ պասքեթպոլի խաղէ ետք, ֆորումականները ընթրեցին «Կրանտ սփոր»-ի ճաշարանին մէջ:
16 Յուլիսի առաւօտեան ֆորումականները այցելեցին Մատենադարան, ուր ծանօթացան անոր զանազան բաժիններուն:
Նոյն օրը Ուսանողական հաւաքի մասնակիցները կէսօրէ ետք Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցան գրող, ուսուցիչ եւ հասարակական գործիչ Յարութիւն Պէրպէրեանի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեանին հետ: Յարութիւն Պէրպէրեան խօսեցաւ Համազգայինի ընդհանուր գործունէութեան մասին, խրախուսեց երիտասարդները մօտէն ծանօթանալու Համազգայինին եւ ներդրում ունենալու անոր աշխարհասփիւռ գործունէութեան մէջ: Պէրպէրեան անձնական փորձառութենէն դրուագներ ներկայացուց երիտասարդներուն, յատկապէս` Համազգայինի մէջ իր տարիներու գործունէութենէն: Ապա Կարօ Մանճիկեան իր սրտի խօսքը արտասանեց երիտասարդներուն` շեշտելով կարեւորութիւնը ֆորումի ծրագիրին եւ ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ պէտք է առիթը ունենայ նման ծրագիրի մը մասնակցելու` կոչ ուղղելով երիտասարդներուն, որ իրենք եւս դառնան «դեսպան»-ներ Համազգայինի այս ծրագիրին մասին քարոզելու եւ համապատասխան քարոզչութիւն կատարելու:
Ֆորումի 13 օրերու ընթացքին հայ ուսանողները առիթ կ՛ունենան` հանդիպելու հայ մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, լսելու պատմամշակութային բնաբաններով դասախօսութիւններ, քննարկելու հայ ժամանակակից երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ հարցեր: Ամէնէն կարեւորը` անոնք առիթ կ՛ունենան սփիւռքի տարբեր երկիրներէ, տարբեր մշակոյթներէ եւ ապրելակերպերէ Հայաստան հասած երիտասարդներու հետ յարաբերելու, ծանօթանալու եւ միասնաբար մտածելու հայ երիտասարդը յուզող հարցերու մասին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button